ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԷՆ ԱՌԱՋ

Լեւոն Շանթի «Ճամբուն վրայ» թատերախաղով իր աւարտին կը հասնի Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան յայտարարած Հայ թատրոնի ամիսը: «Գասպար Իփեկեան» թատերախումբը վեցամսեայ երկարատեւ ու տքնաջան փորձերէ ետք այսօր պիտի ներկայանայ հանդիսատեսին: Այդ «տքնաջանութեան» համար իփեկեանցիները դրդած է բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան: Դիմելով դասական հեղինակի այս գործին` ան  պահոցներէն հանած է Լեւոն Շանթի այս գործը եւ ապրիլեան ոգեկոչումի այս օրերուն  նորովի պատգամ փոխանցած է հանդիսատեսին, մանաւանդ` երիտասարդներուն:

«Ազդակ» առաջնախաղէն առաջ ներկայ եղաւ  ներկայացման փորձերէն մէկուն: Բեմադրիչը լոյսի, ձայնի, ձեւաւորման հետ կապուած վերջին յանձնարարութիւնները կ՛ընէր, կ՛ընթանային վերջին քննարկումները` դերասաններու խաղարկութեան եւ բեմադրութեան այլ մանրամասնութիւններուն առնչութեամբ:

Այս անգամ բեմադրիչին աշխատանքը թէ՛ դժուար էր, թէ՛ դիւրին: Դժուար էր, քանի որ ան առաջին անգամ ըլլալով բեմադրութիւն կ՛ընէր  «Գասպար Իփեկեան» թատրոնին մէջ. թատերախումբ մը, որ տասնամեակներու պատմութիւն ունի, եւ իւրաքանչիւր բեմադրիչի համար մեծ պատասխանատուութիւն է` աշխատիլ արդէն աւանդութիւն ունեցող թատրոնի մը հետ: Դիւրին է, քանի որ թատերախումբին մէջ հաւաքուած դերասաններուն մեծ մասին Ռոպերթ Առաքելեան  ծանօթ է իր լիբանանեան թատերական գործունէութենէն` Այնճարի «Լուսարձակ-40» թատերախումբէն, Համազգայինի «Արեգ»էն, Թորոսեան դպրոցի թատերախումբէն:

Վերջին փորձերուն ընդմէջէն մենք զրուցեցինք դերասաններուն եւ բեմադրիչին հետ:

Գլխաւոր դերակատար Վարդան Մկրտիչեան առաջին անգամ չէ, որ դեր ստանձնած է «Գասպար Իփեկեան» թատերախումբի բեմադրութիւններուն մէջ: Ինքնատիպ խաղով այս դերասանը այս անգամ նոյնպէս կերտած է իւրայատուկ խաղարկութիւն` մարմնաւորելով  ազատամարտիկ Վահրամին դերը: Դէպքերը այնպէս կը զարգանան,  որ հերոսը կը յայտնուի երկընտրանքի առջեւ. մէկ կողմէ կը կանչէ հայրենիքը, միւս կողմէ` սիրած աղջիկը: Ի վերջոյ ան ընտրութիւն կը կատարէ, բայց չմանրամասնենք, թէ ո՛ր ուղղութեամբ կ՛երթայ հերոսը, այդ անակնկալը ձգենք հանդիսատեսին: Վարդան Մկրտիչեան կ՛ըսէ, որ իր հերոսը թէ՛ դրական, թէ՛ բացասական է. «Նայած թէ հանդիսատեսը ո՛ր տեսանկիւնէն կը նայի անոր… Ես ինքս արուեստագէտ մարդ եմ, կը սիրեմ գեղեցիկը, կեանքը, խաղաղութիւնը: Կռիւը, պատերազմը ամէնէն անհեթեթ բաներն են աշխարհի մէջ»: «Ազդակ»ի հետ զրոյցին ընթացքին դերասանը ըսաւ, որ հակառակ անոր որ հերոսի որոշ յատկանիշներ խորթ են իրեն, սակայն ինք` իբրեւ դերասան, պարտաւոր է մարմնաւորել բոլոր դերերը, նոյնանալ հերոսին հետ եւ այդ ամէնը ճշգրտօրէն փոխանցել հանդիսատեսին:

Մենք առիթէն օգտուելով Վարդան Մկրտիչեանին հարցուցինք նաեւ, թէ իր մարմնաւորումով ուրիշ ի՞նչ դերեր կրնայ տեսնել հանդիսատեսը յառաջիկային: Ան պատասխանեց. «Թերեւս յառաջիկային աւելի շատ ոչ թէ խաղամ, այլ` բեմադրեմ: Իմ տարիներու փորձառութիւնս, անցած ուղիս, բեմի վրայ կուտակումները զիս կը մղեն բեմադրութիւններ ընելու: Այդ առումով շատ ըսելիք եւ ընելիք կայ»:

Վարդան Մկրտիչեանի գլխաւոր խաղընկերուհին Յաւերժ Շխրտըմեանն է: Ան իր թատերական փորձառութիւնը սկսած է Այնճարի «Լուսարձակ-40» թատերախումբէն, եւ ինչպէս «Ազդակ»ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, փոքր տարիքէն երազած է դերասանուհի դառնալու մասին: «Ճամբուն վրայ» թատերախաղին մէջ ան ստանձնած է երազող ու փափկասուն աղջկայ մը` Մարիի դերը, որ  ապրելով հարուստ  ու անհոգ կեանքով, շատ ալ տեղեակ չէ դուրսի աշխարհին դժուարութիւններէն: Անոր սիրած տղան ալ միւս միջավայրի մարդ է, եւ բեմադրութեան մէջ կ՛երեւի երկու տարբեր աշխարհներու հակասութիւնը. «Կը կարծեմ, որ իմ դերս պատգամ ունեցող դեր մըն է: Իմ խաղարկութեամբս ես  բոլոր հայ աղջիկները կը քաջալերեմ` հայրենիքի նկատմամբ սիրոյ եւ նուիրումի մէջ ըլլալ հայ  տղամարդոց կողքին», մեզ հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ Յաւերժ Շխրտըմեան: «Թատերախաղին նիւթը շատ հայրենասիրական ու հարենաշունչ է: Այսօր առհասարակ շատ քիչեր անձնական երջանկութիւնը զոհելով կ՛երթան դէպի հայրենիք, եւ այս թատերախաղը Հայ դատի, հայրենասիրութեան այս օրերուն շատ այժմէական է», աւելցուց դերասանուհին:

«Ճամբուն վրայ» թատերախաղին մէջ հարուստ եւ ցուցամոլ կնոջ դեր ստանձնած է այլ նախկին լուսարձակցի մը` Ցոլեր Շխրտըմեան: «Շատ ուրախ եմ այս խումբին մէջ խաղալով, ինծի համար շատ հաճելի է  այս բեմադրիչին հետ աշխատիլ: Իմ դերս  ինծի հոգեհարազատ չէ, սակայն  հոգեհարազատ ըլլալ- չըլլալը դերասանի պարտականութիւններուն մէջ չի մտներ, ան պէտք է ճկուն ըլլայ եւ կարենայ ստանձնել բոլոր տեսակի դերերը եւ ձեւով մը նոյնանայ այդ դերին հետ: Ես ցուցամոլութիւն չեմ սիրեր եւ իմ դերովս կրնամ մերժելի դարձնել այդ մէկը… Դժբախտաբար իրենց ունեցուածքով հպարտացող եւ ուրախացող  մարդիկ կան մեր շրջապատին մէջ, եւ այդ մէկը ցաւալի  է», ըսաւ Ցոլեր Շխրտըմեան:

Յովհաննէս Հելվաճեանը այս թատերախաղին մէջ դեր ստանձնողներէն ամէնէն փորձառուն է: Ան իր ամբողջ կեանքը նուիրած է լիբանանահայ թատրոնին. «Իմ երազս եղած է խաղալ Շանթի որեւէ թատրերգութեան մէջ, եւ հակառակ անոր որ փոքր դեր մըն է, սակայն շատ ուրախ եմ այս մասնակցութեանս համար: Նիւթը շատ  սրտառուչ է, համամարդկային, եւ  դասական ըլլալով` այժմէական»:

Ժան Պեքերեճեանը վերջին տարիներուն աւելի յաճախակի կ՛երեւի տարբեր բեմադրիչներու բեմադրութիւններուն մէջ: Ան թատրոնի սիրով  վարակուած երիտասարդ մըն է. «Կը մարմնաւորեմ Հարենցը, որ տանտէրն է եւ  հերոսուհիին եղբայրը: Հակառակ անոր որ գլխաւոր կերպար մը չէ, սակայն իր ըսելիքը ունի…  Հաճելի էր բեմադրիչին հետ աշխատիլը, կը կարծեմ,  որ լաւ ձեւով կը բարձրանանք բեմ եւ «Գասպար Իփեկեան» թատերախումբին վայել ներկայացում կը խաղանք: Եւ վստահ եմ,  որ հանդիսատեսը լաւ ձեւով պիտի ընդունի, քանի որ  մեր հանդիսատեսը պէտք ունի նման ներկայացումներու»:

Հրակ Տեմիրճեան` նախկին արեգցի. «Իմ  դերս Վահրամին հակառակն է: Իմ հերոսս կը սիրէ կեանք, սէր, գեղեցկութիւն, եւ ազգի, հայրենիքի հարցերով այնքան ալ  հետաքրքրուած չէ:  Նման դեր ստանձնելը ինծի համար շատ դիւրին էր, քանի որ այդ կերպարը ճիշդ հակառակս էր ու ես գլխիվայր շրջուելով` դիւրութեամբ մտայ դերին մէջ»:

Րաֆֆի Չիլինկիրեան` «Երազ» թատերախումբի նախկին դերասան. «Ռոպերթ Առաքելեանի հետ աշխատելու փորձ ունիմ տակաւին Թորոսեան դպրոցէն, ծանօթ եմ բեմադրիչի իր ձեռագիրին եւ դժուար չէր այս անգամ նոյնպէս  անոր հետ աշխատիլը»:

Բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան «Ազդակ»ին ըսաւ, որ ստեղծագործութեան ընտրութիւնը պատահական չէ եղած. «Ընդհանրապէս  որոշ արուեստագէտներ  այն կարծիքին են, որ այսօր հրապարակի վրայ համապատասխան թատրերգութիւն չկայ, նիւթեր չկան` բեմադրութիւններու համար, բայց ես այդ կարծիքին չեմ: Ես  միշտ  ալ սկզբունքօրէն համոզուած եղած եմ,  որ դասական հեղինակները միշտ ալ ժամանակակից են, միշտ ալ կարելի է անդրադառնալ անոնց գործերուն: Շանթի այս ստեղծագործութիւնը անտարբերութեան, անձնազոհութեան մասին է… ասոնք մարդուն բնորոշ յատկութիւններ են, որոնք պակաս կամ աւելի ձեւով արտայայտուած եղած են   եւ այսօր ալ կան: Անհրաժեշտ է, որ մարդիկ այսօր քիչ մը իրենց անձէն դուրս մտածեն…

Կը կարծեմ, որ եթէ երիտասարդները դիտեն  եւ ծափահարեն, զգան հերոսներուն հետ, իրենց ենթագիտակցականին մէջ բան մը կը կուտակուի, եւ ատիկա կու տայ իր արդիւնքը: Հաւատացած եմ, եթէ հաւատացած չըլլայի, անիմաստ էր այս ամէնը»:

Մեր այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս ընտրուած են դերասանները, Ռոպերթ Առաքելեան պատասխանեց.  «Նիւթի ընտրութենէն ետք կայ դժուար հանգրուան մը` դերաբաշխումը, որու համար քանի մը չափանիշներ կան: Առաջին կարգին դերասանները պէտք է կարող ըլլան, համապատասխան ըլլան դերերուն, որմէ ետք անշուշտ կու գայ կարգապահական հարցը, թէ ինչպէ՛ս կը հետեւին  դերերուն… Ուրախ եմ, որ այս դերաբաշխումը ճիշդ կատարուեցաւ, ատիկա ապացուցեց նաեւ երկարատեւ փորձերու շրջանը: Այս վեց ամիսներուն ընթացքին երբեք չէ պատահած, որ մէկը ուշանայ, տհաճութեամբ գայ կամ լարուածութիւն ստեղծուի փորձերուն ընթացքին: Աշխատած ենք  ստեղծագործական հաշտ, առողջ եւ հաճելի մթնոլորտի մէջ:

«Բեմադրութեան մէջ ներգրաւուած են   ութ հիմնական դերակատարներ եւ չորս հոգի` զանգուածային տեսարաններու մէջ: Այս անգամ մեծերու կողքին պիտի խաղան նաեւ երկու փոքրիկներ` Փաթիլ Հատիտեան եւ Արաքսիա Կուրղիկեան: Փոքրերու ընտրութիւնը եկած է շարունակելու միշտ արտայայտած իմ այն միտքս, որ թատրոնի մէջ շարունակականութիւն պիտի ըլլայ, պէտք չէ կտրուի սերունդներուն կապը:

«…Ինչպէս որոշ դերասաններ առաջին անգամ կը խաղան այս թատերախումբին մէջ, ես ինքս նոյնպէս  առաջին անգամ կը բեմադրեմ: Բայց կը կարծեմ, որ  խնդիրը թատերախումբին անունը չէ, այլ այն լրջութիւնը, որ բեմադրիչը կամ դերասանը  պէտք է ցուցաբերէ իր գործին նկատմամբ, ուր  որ ալ աշխատի, ուր  որ ալ խաղայ: Կը կարծեմ, որ դերասաններուն համար ալ նոյնն է. անոնք  խաղցած են տարբեր խումբերու մէջ եւ միշտ լուրջ վերաբերած են իրենց գործին»:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Share this Article
CATEGORIES