ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՎԱՀԷ ՍԷԹԵԱՆ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏԱՆ 80-ԱՄԵԱԿ. ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ-ՎԱՃԱՌՔ

Մեծաթիւ աշակերտներու այցելութիւն

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան հիմնադրութեան 80-ամեակի ձեռնարկներուն ծիրին մէջ կազմակերպուած մանկապատանեկան գիրքերու եւ դաստիարակչական խաղերու ցուցահանդէս վաճառքը երէկ եւս ապրեցաւ յիշատակելի օր մը: Արդարեւ, առաւօտեան աշակերտական մեծ խումբերով «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահ այցելեցին եւ գիրքերուն ծանօթացան Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան եւ Ս. Ագնէս, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան եւ ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարաններէն աշակերտական մեծաթիւ խումբեր:

Երեկոյեան տեղի ունեցաւ տարրական բաժինի աշակերտներու գեղարուեստական ներկայացումներու երկրորդ բաժինը. անոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանէն, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան, ՀԲԸՄ-ի Լեւոն Կ. Նազարեան, Ազգային Սուրէն Խանամիրեան եւ Թէքէեան վարժարաններէն աշակերտներ, անհատական եւ հաւաքական ներկայացումներով:

Վաղը երեկոյեան տեղի կ՛ունենան նախակրթարանի 4-րդ, 5-րդ եւ 6-րդ դասարաններու անգլերէն եւ Ֆրանսերէն ընթերցանութեան մրցանքները: Յայտնենք, որ ուրբաթ երեկոյեան «Վանայ Ձայն»ի մանկական յայտագիրը ուղղակիօրէն պիտի ձայնասփռուի ցուցահանդէսի ընթացքին, որուն կրնան մասնակից դառնալ բոլոր փոքրիկները: Ցուցահանդէսը կը շարունակուի ամէն օր` առաւօտեան ժամը 9:00-էն երեկոյեան ժամը 7:00:

 

Share this Article
CATEGORIES