ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. «ՔԱԶԶԱՖԻ ՊԷՏՔ Է ՀԵՌԱՆԱՅ»

Քաթարի ժողովին մասնակցած ղեկավարները

Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ Լիպիոյ ապագան քննարկելու համար հաւաքուած միջազգային ուժերը երէկ առաջին անգամ ըլլալով կոչ ուղղեցին, որ Մոամմար Քազզաֆի հեռանայ իշխանութենէն, սակայն ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրները հրապարակաւ օդային հարուածները աշխուժացնելու շուրջ վիճեցան:

Բրիտանիա եւ Ֆրանսա յաղթանակ մը արձանագրեցին, երբ շուրջ 16 եւրոպական եւ միջին արեւելեան երկիրներէ, ՄԱԿ-էն, Արաբական լիկայէն եւ Ափրիկեան միութենէն բաղկացած «Յարաբերական խմբակը» յայտնեց, որ Քազզաֆի պէտք է հեռանայ:

Ժողովէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէր, որ «Քազզաֆի եւ իր վարչակարգը ամբողջովին կորսնցուցած են իրենց օրինականութիւնը եւ պէտք է հեռանան իշխանութենէն` արտօնելով, որ ժողովուրդը ճշդէ իր ապագան»: Ժողովի մասնակիցները նաեւ յայտնեցին, որ աշխատանք պիտի տանին ըմբոստներուն օժանդակելու ելեւմտական մեքանիզմ մը հաստատելու:

Բրիտանիա եւ Ֆրանսա կոչ ուղղեցին ՕԹԱՆ-ի կողմէ օդային հարուածներու աւելի մեծ մասնակցութեան, սակայն ատոր շուրջ տարակարծութիւն յառաջացաւ: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ նաեւ կոչ ուղղեց թիրախներու ընտրութեան համար ըմբոստներուն հետ աւելի լաւ համակարգում կատարելու:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն պատերազմին պատճառած մարդասիրական աղէտը ընդգծեց, երբ յայտնեց, որ 3.6 միլիոն մարդ կամ Լիպիոյ բնակչութեան կէսէն աւելին օժանդակութեան կը կարօտի:

Տոհայի հանդիպումին մասնակից ըմբոստները կոչ ուղղեցին Քազզաֆիի ծանր զէնքերուն դէմ յաւելեալ օդային յարձակումներ կատարելու:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Լիպիոյ մէջ տիրող ներկայ կացութիւնը իսկապէս դուրս եկած է վերահսկողութենէ, եւ ոչ ոք կրնայ քաղաքացիական իսկական կացութեան մէջ զայն վերահսկողութեան ենթարկել, ո՛չ գնդապետ Քազզաֆին, ո՛չ ալ ՕԹԱՆ-ը, որ իր կարգին այդտեղի ներքին կացութեան վրայ վերահսկողութիւն չհաստատեց»: Ան նշեց, որ Լիպիոյ մէջ կարգ ու կանոն եւ կայունութիւն հաստատելու համար անհրաժեշտ է միջազգային լիազօրութեան շրջագիծին մէջ զգուշութեամբ վարուիլ:

Ըստ «ՌԻԱ-Նովոսթի» լրատու գործակալութեան, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժա իր կարգին մտահոգութիւն յայտնած է Լիպիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն վերաբերեալ եւ պատրաստակամութիւն յայտնած Լիպիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման ջանքերուն աջակցելու: «Կը հաւատանք, որ այդ երկրին մէջ ճգնաժամի յաղթահարման ուղղուած քայլերը պէտք է իրականացուին միջազգային իրաւունքի արժեչափերուն համապատասխան եւ պէտք չէ դուրս գան ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի 1970 եւ 1973 բանաձեւերու շրջագիծէն», ըսած է ան:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Մարք Թոնըր յայտնեց, որ իր երկիրը կ՛աջակցի Քաթարի գործողութիւններուն` Լիպիոյ ըմբոստներուն օգտին լիպիական քարիւղը վաճառելու հարցին մէջ: Քաթարի իշխանութիւնները հաստատած են, որ Լիպիոյ ըմբոստներուն օգնած են միջազգային շուկային մէջ վաճառելու քարիւղը, որմէ ստացուած եկամուտները պիտի օգտագործուին Քազզաֆիի վարչակարգին դէմ պայքարը շարունակելու: Լիպիական ընդդիմութիւնը երէկ իր կարգին յայտարարեց, որ օրական 200 հազար տակառ քարիւղ կ՛արտածէ փոխան սննդեղէնի:

Share this Article
CATEGORIES