ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԱԶԱ ՆՈՐ ՆԱՒԱՏՈՐՄԻՂ ՄԸ ՈՒՂԱՐԿԵԼՈՒ ԾՐԱԳԻՐԻՆ ՇՈՒՐՋ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԱՆԳԱՐԱՅԻ

Թուրքիոյ մէջ Իսրայէլի դեսպան Կապի Լեւի թուրք պաշտօնատարներուն փոխանցած է իսրայէլեան շրջափակումը խզելու նպատակով դէպի Կազա նոր նաւատորմիղ մը ուղարկելու ծրագիրի մը շուրջ Իսրայէլի մտահոգութիւնը:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իկալ Փալմոր յայտնեց, որ Իսրայէլի դեսպանը իր թուրք զրուցակիցներուն մտահոգութիւն յայտնած է յառաջիկայ ամիսներուն «Համասի զօրակցող փոքր նաւատորմիղ մը ուղարկելու» ծրագիրի մը նկատմամբ` աւելցնելով, որ «այդպիսի նախաձեռնութիւն մը գրգռիչ եւ բռնարարքներու կոչ ուղղող արարք մըն է եւ այդպիսի նաւատորմիղի մը նաւարկումէն զգուշանալու համար նոյն պատգամը փոխանցուեցաւ եւրոպական այլ երկիրներու»:

 

Share this Article
CATEGORIES