ԵՄԷՆԵԱՆ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐԺԵԼՈՎ ՍԱԼԵՀԻ ՀԵՌԱՑՄԱՆ ԺԱՄԿԷՏ ԿԸ ՃՇԴԷ

Սալեհի Անմիջական հեռացումը կը պահանջեն

Եմէնեան ընդդիմութիւնը երէկ մերժեց Սէուտական Արաբիոյ մէջ Ծոցի արաբական երկիրներուն միջնորդութեամբ երկխօսութեան առաջարկը եւ Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի հեռացման համար երկու շաբթուան ժամկէտ մը ճշդեց:

Ծոցի արաբական երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները Եմէնի մէջ իշխանութեան փոխանցման շուրջ Ռիատի մէջ միջնորդուած երկխօսութեան հրաւէր մը ուղղած էին, սակայն ընդդիմութիւնը այդ առաջարկին շուրջ վերջնական կեցուածք մը չէր յայտնած, այլ` ծրագիրին շուրջ յաւելեալ մանրամասնութիւններ պահանջած:

Ընդդիմադիր ականաւոր ղեկավար Մոհամետ Մութաուաքիլի յայտնեց, որ «վերանորոգեցինք երկու շաբթուան ընթացքին Սալեհի հեռացման հոլովոյթը արագացնելու անհրաժեշտութեան վրայ շեշտը: Ուստի Ռիատ պիտի չերթանք»:

Կարգ մը ընդդիմադիր ղեկավարներ ակնարկած էին, որ բանակցութիւնները շաբաթ օր կրնան սկսիլ, սակայն Մութաուաքիլի յայտնեց, որ Ծոցի արաբական երկիրներու դեսպաններուն կողմէ նախաձեռնութեան վերաբերեալ ներկայացուցած յաւելեալ յստակացումները անյարմար էին: «Դեսպաններուն ներկայացուցած յստակացումներուն մէջ չգտանք բան մը, որ կը համապատասխանէ անմիջական հեռացման  մեր պահանջներուն: Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի դեսպաններուն կողմէ որեւէ նոր բան չներկայացուեցաւ», ընդգծեց Մութաուաքիլի:

Share this Article
CATEGORIES