ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՒԱՐՏԵՑ ՍԼՈՎԵՆԻԱ ԻՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Հրաժեշտի արարողութեան ընթացքին

Երէկ աւարտեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Սլովենիա կատարած պաշտօնական այցելութիւնը:

Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը հաղորդէ, որ հրաժեշտի պաշտօնական արարողութենէն առաջ նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Տանիլօ Թյիրք կարճատեւ դռնփակ հանդիպում մը ունեցած են եւ քննարկած այցելութեան արդիւնքները:

Նախագահ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը վերադարձաւ Երեւան:

Share this Article
CATEGORIES