ՊԱԱՊՏԱՅԻ ՄԷՋ. «ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆԻ ՀԵՏ ՈՐՈՇԵՑԻՆՔ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԻՆ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԺԱՄԱՆԱԿ ԸՆԾԱՅԵԼ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ՄԻՔԱԹԻ

Վարչապետ Միքաթի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող մանրամասնութիւնները:

Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք վարչապետ Միքաթի ըսաւ. «Կը փափաքէի, որ այս պահուս կառավարութեան ծնունդը յայտարարեմ, սակայն խորհրդակցելէ ետք հանրապետութեան նախագահին հետ, աւելի յարմար նկատեցինք, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին յաւելեալ ժամանակ ընծայենք` կազմելու համար կառավարութիւն մը, որ կայունութիւն կը ներշնչէ եւ լիբանանցիներէն կը հեռացնէ անոնց դէմ նիւթուող բոլոր սադրանքները»:

Վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ ինք եւ հանրապետութեան նախագահը իրաւունք ունին խորհրդակցութիւններ կատարելու, որպէսզի կարելի ըլլայ կազմել ներդաշնակ կառավարութիւն մը, որ կը գործէ սահմանադրութեան շրջագիծին մէջ եւ կը  գոհացնէ բոլոր լիբանանցիները:

«Մենք կը փափաքինք կազմել սահմանադրական եւ օրինական կանոններու վրայ հիմնուած կառավարութիւն մը: Քաջ գիտենք, որ երկար ժամանակի կարիքը կը զգացուի կառավարութեան կազմութեան համար, սակայն լիբանանցի ժողովուրդը թող ներէ մեզի եւ քիչ մը եւս թող համբերէ, որպէսզի կարենանք ներդաշնակ կառավարութիւն մը կազմել: Անշուշտ երեսփոխանական պլոքները նախագահները իրենց իրաւունքները ունին, սակայն նախագահն ու վարչապետը եւս ունին իրենց իրաւունքները` սահմանադրական իրենց իրաւասութիւնները օգտագործելու եւ լիբանանցիներուն բոլոր շերտերը ներկայացնող կառավարութիւն մը կազմելու իմաստով», ըսաւ ան:

Միքաթի հաստատեց, որ կառավարութիւնը Լիբանանի մէջ եւ լիբանանեան դիտանկիւններէ մեկնելով կը կազմուի:

Միքաթի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը տեւած է երեք ամիս, սակայն ինք տակաւին յուսախաբ չէ եղած եւ պիտի շարունակէ իր ջանքերը` յաջորդ կառավարութիւնը կազմելու նպատակով:

Նշենք, որ կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն ծիրին մէջ վարչապետ Միքաթի նախանցեալ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի քաղաքական հարցերու խորհրդական, երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի քաղաքական օգնական հաժ Հիւսէյն Խալիլի հետ: Քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը յապաղեցնող խոչընդոտները:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդունեց յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը, որմէ ստացաւ հրաւէր մը` մասնակցելու յառաջիկայ երեքշաբթի, 10 մայիս 2011-ին տեղի ունենալիք «Քաղաքակրթութիւններու երկխօսութեան նիստ» անունը կրող կեդրոնի հիմնարկէքին:

Նախագահ Սլէյման շնորհաւորեց Լահհամը այդ նախաձեռնութեան համար` արժեւորելով Լիբանանի եւ շրջանին մէջ երկխօսութեան կարիքը, իբրեւ փոխըմբռնումի միակ եւ լաւագոյն միջոց:

 

Share this Article
CATEGORIES