«ԵՐԲ ԱՄԷՆ ՄԱՐԴ ԽԱՂԱՂ Է ԻՐ ԱՆՁԻՆ ՀԵՏ, ԿՐՆԱՅ ԽԱՂԱՂ ԸԼԼԱԼ ՆԱԵՒ ԻՐ ՇՐՋԱՊԱՏԻՆ ՀԵՏ» «ԱԶԴԱԿ»ԻՆ Կ՛ԸՍԷ ԵՐԱԺԻՇՏ ՓԻԹԸՐ ՃԱՄՊԱԶԵԱՆ

Փիթըր Ճամպազեան (Փիթըր Ճամ)

Ուրբաթ, 15 եւ շաբաթ 16 ապրիլին, «Արթ լանճ»ի եւ Համրայի «Պապել» թատերասրահին մէջ լիբանանահայ երաժիշտ Փիթըր Ճամպազեան (ծանօթ` Փիթըր Ճամ անունով) ելոյթներ կ՛ունենայ լիբանանահայ երաժշտասէրներու ներկայութեամբ:

Փիթըր Ճամպազեան ծնած է Լիբանան, ուր հետեւած է երաժշտութեան դասընթացքներու, ապա կիթառի դասեր տուած է զանազան վայրերու մէջ եւ մարզած նուագախումբեր: Աւելի ուշ սկսած է յօրինել իր անձնական երգերը եւ պատրաստել ձայնասկաւառակ: Մեկնած է Միացեալ Նահանգներ եւ տարբեր նահանգներու մէջ ունեցած է ելոյթներ:

Ձայնասկաւառակի ամբողջացումէն ետք վերադարձած է Լիբանան: Առաջին ձայնասկաւառակը` «Վայպրէյշըն» խորագիրով, ծանօթացուցած է յատուկ հանդիսութեամբ` «Վըրճըն մեկասթորի» մէջ:

«Ազդակ»ին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Փիթըր Ճամպազեան` խօսելով իր ընտրած ոճին մասին, յայտնեց, որ ինք ընտրած է ռոքը, որուն հիմնական նուագարանները տարբեր տեսակի կիթառներն են: Իսկ ռոքը ունի իւրայատուկ ուժ մը եւ ազդած է տարբեր ժողովուրդներու վրայ, որովհետեւ հասանելի է եւ այդ ուժով դրական ազդեցութիւն ձգած հոգիներուն եւ սրտերուն վրայ: «Ռոքը շատ խորունկ երաժշտութիւն է», ըսաւ ան` նշելով, որ այդ երաժշտութիւնը հասնելով հոգիներուն կը փոխէ մարդոց վարուելակերպն ու ապրելաձեւը: Իբրեւ օրինակ Ճամպազեան յիշեց «Պիթըլզ» խումբը, որ կրցաւ խաղաղութեան, սիրոյ եւ համերաշխութեան պատգամը փոխանցել իր երաժշտութեան միջոցով:

Անդրադառնալով այն դիտարկումին, թէ այսօր ռոքը այլ ոճերու հետ համեմատած որոշ անկում արձանագրած է եւ երիտասարդները այսօր հետաքրքրուած են այլ ոճերով, Փիթըր Ճամպազեան յայտնեց, որ ինք իր երաժշտութիւնը կ՛անուանէ «Դրական պատգամ երաժշտութեան ճամբով» եւ ոչ թէ ռոք երաժշտութեան ճամբով, այսինքն` ինք փորձած է իր պատգամը տեղաւորել երաժշտութեան մը մէջ, ուր միախառնուած են տարբեր ոճեր` փոփը, հայկական երաժշտութիւնը, տուտուկը, շուին եւ այլն: Ճամպազեան ծրագիր ունի նաեւ հայերէնով մեկնաբանելու իր երգերը` ռոք երաժշտութեան միջոցով:

Այս իմաստով ան հաստատեց այն կարծիքը, թէ այսպիսով նախ հայ երաժշտութիւնը ծանօթացուցած կ՛ըլլայ օտարներուն եւ երիտասարդներ մօտեցուցած կ՛ըլլայ հայ երաժշտութեան:

Զրոյցին ընթացքին Փիթըր Ճամպազեան նաեւ նշեց, որ արուեստագէտ մը անպայման պէտք է ստեղծագործէ, եւ ինք կը խուսափի կրկնութիւններէն ու ընդօրինակութիւններէն եւ կ՛աշխատի ինքն իր ոճով ստեղծագործել եւ յօրինել երգեր` հարազատ մնալով արուեստագէտի իր կոչումին:

Յայտնենք, որ Փիթըր Ճամպազեան Լիբանանի մէջ ունեցած է ելոյթներ յատկապէս «Երաժշտութեան օրուան» առիթով կազմակերպուած հանդիսութիւններուն, երբ տակաւին նոր սկսած էր երգեր յօրինել` իր նուագախումբին ընկերակցութեամբ: Իսկ Միացեալ Նահանգներ իր շրջագայութեան մասին խօսելով` ան յայտնեց, որ տարբեր նահանգներու մէջ ելոյթներ ներշնչած են զինք շարունակելու իր գործը` աւելցնելով, որ ան գտնուած է այնպիս վայրեր, ուր հայկական երաժշտութիւնը երբեք ծանօթ չէ եղած:

Անդրադառնալով ձայնասկաւառակին, որ կը կրէ «Վայպրէյշըն» խորագիրը, Փիթըր Ճամպազեան յայտնեց, որ անոր կողքին վրայ գրուած է նախադասութիւն մը, որ իրեն համար խորագիրին չափ կարեւոր է. «Սէրը կը սիրէ քեզ եւ մենք բոլորս կը սիրենք քեզ, ընկե՛րս» (Լաւ լաւզ եու էնտ ուի օլ լաւ եու մայ ֆրենտ):

Փիթըր Ճամպազեան ներկայացուց նաեւ իր ծրագիրը եւ պատգամը` յայտնելով, որ խաղաղութիւնն է իր նշանաբանը: Ան կը հաւատայ, որ երբ ամէն մարդ խաղաղ է իր անձին հետ, կրնայ խաղաղ ըլլալ իր շրջապատին հետ, եւ շրջապատը կ՛ըլլայ ընկերութիւն, համայնք, երկիր եւ աշխարհ: «Ես կը հաւատամ, որ իմ երաժշտութիւնս հասնի իր նպատակին եւ անոր պատգամը կը դրոշմուի բոլորին հոգիներուն մէջ», ըսաւ Ճամպազեան:

Յայտնենք, որ ձայնասկաւառակը կը բաղկանայ 11 երգերէ, առաւել երկու տեսաերիզ, 8 երգ եւ 3 երգ ալ տարբեր ձայնագրութիւններ: Աշխատանքը կատարուած է Լիբանանի մէջ: Իր ելոյթներուն ընթացքին ան կ՛երգէ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած երգ մը:

Ինչ կը վերաբերի ապագայի ծրագիրներուն, Փիթըր Ճամպազեան յայտնեց, որ շուտով ընթացք կ՛առնէ Եւրոպայի շրջագայութիւնը. բայց հոն երթալէն առաջ մեծ փափաք ունի Հայաստանի մէջ ելոյթներ ունենալու եւ շատ հաւանական է, որ յունիսին տեղի ունենան երեւանեան ելոյթները:

Վերջապէս, Փիթըր Ճամպազեան խօսեցաւ իր նեշնչումներուն մասին` յայտնելով, թէ ինք կը ներշնչուի բնութենէն, դէպքերէն, յայտնի երաժիշտներու կեանքէն, բայց հիմնականօրէն մարդոց վարուելակերպէն:

Իր խօսքը ուղղելով երիտասարդ երաժիշտներուն եւ նոր ուժերուն` ան ըսաւ. «Այս կեանքը լեռ մագլցելու կը նմանի, եւ պէտք է սիրել, որովհետեւ կեանքը շատ դժուար է եւ յոգնեցուցիչ, սակայն երբ կայ կամք եւ հաւատք, անպայման կը հասնիս նպատակիդ»: Փիթըր Ճամպազեան երէկ ելոյթ ունեցաւ «Արթ Լանճ»ի մէջ, իսկ շաբաթ, 16 ապրիլին ելոյթ կ՛ունենայ «Պապել» հանդիսասրահին մէջ, Համրա:

Share this Article
CATEGORIES