«ՆՈԱԶ ԱՐՔ» ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻՆ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐՈՒԻ ԼՈՒՎՐԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆ, ԻՍԿ ԳԱԼ ՏԱՐՈՒԱՆ ՄԱՅԻՍԻՆ` ՔԱՆՆԻ ՇԱՐԺԱՊԱՏԿԵՐԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ

«Լիւքս Իմմօ» ամսաթերթի տէր եւ տնօրէն Տ.Տիւպուայի հետ

Մայիսի սկիզբին Մոնաքոյի Կրիմալտի իշխանական ֆորումին մէջ տեղի ունեցաւ կերպարուեստի ժամանակակից հարցերու նուիրուած գիտաժողով մը, որուն կը մասնակցէին աշխարհի տարբեր երկիրներէ (Ֆրանսա, Սպանիա, Ռուսիա, Անգլիա,  Իտալիա եւ այլն) ժամանած արուեստագէտներ եւ մասնագէտներ` քննարկելու համար արուեստի ներկայ կացութիւնն ու հեռանկարները: Լիբանանէն հրաւիրուած էր արուեստաբան դոկտոր Մովսէս Ծիրանի, որ խօսեցաւ Խորհրդային Միութեան փլուզման ընթացքին ծնած եւ կազմաւորուած արուեստի շարժումի մը մասին, որ յայտնի է «անհեթեթ գերիրապաշտութիւն» անունով: Այս արուեստի ուղղութեան մասին (որուն սկսած են հետեւիլ նաեւ լիբանանցի կարգ մը երիտասարդ կերպարուեստագէտներ) որոշ գաղափար մը տալու համար ստորեւ կու տանք հատուածներ` դոկտ. Ծիրանիի դասախօսութենէն:

Անցնող տարուան մայիսին իշխանական «Կրիմալտի ֆորում»ին մէջ կայացած «Մոնաքօ 10», յատուկ թողարկում համաշխարհային ցուցահանդէսի բացառիկ յաջողութեան իբրեւ արդիւնք, ան պաշտօնապէս վերածուեցաւ ամէնամեայ միջազգային կերպարուեստի ցուցահանդէսի: Ցուցահանդէսին վարկն ու մակարդակը պահելու համար նշանակուած էր մասնագէտներէ կազմուած դատական մարմին մը, որ հրաւիրած էր որակաւոր ցուցասրահներ միայն: Ինչպէս` «Կի Փիթըրզ», «Արթ լաունճ», «Արթ աքթուել», «Մարք Լորենթի», «Ֆեռարի», «Քինկ ռոտ», «Մազոլինի», «Թորնապունի»,  «Արթէ», «Մոնթէոլիվիթօ», «Միրոնովա», «Մըք ֆայթ արթց», եւ այլն: Աշխարհի բոլոր կողմերէն կային արուեստագէտներ, որոնց շարքին` քսաներորդ դարու  ամենանշանաւորները, ինչպէս` Փապլօ Փիքասօ, Մարք Շակալ, Ֆոնթանա, Ալեքսանտր Քալտըր, Փոլ Տելվօ, Հանս Հարթունկ, Վազարելլի, Մաթիէօ, Ժան Քոքթօ, Ալպերթօ Պուրի, Ճիորճիօ տը Շիրիքօ, Անտի Ուորհոլ:

«Մոնաքօ 11» միջազգային ցուցահանդէսի հիմնադիր տնօրէն Ժէօնեսքօ Ռոտրիկեզի հետ:

Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս հրաւիրուած էր նաեւ «Նոազ արք» ցուցասրահը, որ իր մնայուն արուեստագէտներէն (Եուրոզ, Վահրամ, Սուրէն, Դաւիթ, Էտիկ Բերդեան, Վահան Ռումելեան) բացի, ունէր հիւր նկարիչներ, ինչպէս Նաթալի Լապաքի եւ Արա Ազատ` Լիբանանէն, եւ Սվետլանա Յակոբեան` Հայաստանէն: Տրուած ըլլալով, որ այս վերջինը գրեթէ անծանօթ մըն է մեր ընթերցողներուն,  «Ազդակ» անոր ստեղծագործական կեանքին պիտի անդրադառնայ առանձինն:

Ցուցահանդէսի ընթացքին տեղի ունեցան նաեւ մտայղացման ներկայացումներ եւ զետեղուեցան յօրինումներ` տարբեր երկիրներէ ժամանած արուեստագէտներու կողմէ: «Նոազ արք»ի արուեստագէտներէն Արա Ազատ եւս զետեղեց յօրինում մը: Ան  սեւ պատի մը վրայ ածուխով պատկերեց դիմանկարներու շարք մը, յատուկ ծիսակատարութեամբ եւ ջութակահարի ընկերակցութեամբ  եւ ապա պատկերած խաւաքարտերով «կառուցեց» բախտի բնակարանը` իբրեւ յօրինում: Իր այս ներկայացումով Արա Ազատ արժանացաւ յատուկ ուշադրութեան եւ ջերմ ընդունելութեան: Միւս հիւր գեղանկարչուհիներուն` Նաթալի Լապաքիի եւ Սվետլանա Յակոբեանի ստեղծագործութիւններուն շուրջ եւս ստեղծուեցան հետաքրքրութիւն, եւ անոնք գնահատուեցան ըստ արժանւոյն:

Իսկ ինչ կը վերաբերի «Նոազ արք»ի ներկայացուցած միւս գեղանկարիչներուն, անոնք երկրորդ անգամ ըլլալով կը ցուցադրուէին իբրեւ արդէն իսկ միջազգայնօրէն ճանչցուած ու գնահատուած ուրոյն արուեստագէտներ:

«Մոնաքօ 11» ցուցահանդէսին տնօրէնութիւնը կազմակերպած էր նաեւ միջազգային խորհրդաժողով մը` նուիրուած համաշխարհային ժամանակակից կերպարուեստի տեսական եւ գործնական խնդիրներուն: Ուրբաթ  (1 ապրիլի) եւ շաբաթ (2 ապրիլի) տեղի ունեցան վեց դասախօսութիւններ եւ վեց արուեստագէտներու հետ հանդիպումներ:

Առաջին դասախօսութիւնը յատկացուեցաւ դոկտ. Մովսէս Հերկելեանին` զեկուցելու  համար «անհեթեթ գերիրապաշտութիւն» կերպարուեստի շարժման ծագումի ու զարգացման մասին: Ան հանգամանօրէն ներկայացնելէ ետք «անհեթեթ»ի դրսեւորման շարժառիթները` առհասարակ արուեստի մէջ,  կեդրոնացաւ յետխորհրդային արուեստին վրայ եւ իբրեւ օրինակ` առանձին սահիկներով եւ վերլուծութեամբ ներկայացուց Վահրամ Դաւթեանի եւ Դաւիթ Դաւթեանի ստեղծագործութիւնները: Դոկտ. Հերկելեան պատասխանեց նաեւ ներկաներու հարցումներուն` միեւնոյն ատեն վեր հանելով «անհեթեթ գերիրապաշտութեան» արուեստի ուղղութեան իւրայատկութիւններն ու գեղագիտական արժանիքները:

«Նոազ արք»ի տաղաւարը «Մոնաքօ 11» ցուցահանդէսին ընթացքին:

Դոկտ. Հերկելեանի դասախօսութենէն ետք,  անմիջապէս բեմ հրաւիրուեցաւ «Նոազ արք» ցուցասրահին ներկայացուցած արուեստագէտներէն Արա Ազատ: Անոր հետ կայացած ճանաչողական հակիրճ զրոյցէ մը ետք, ան բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս իր ստեղծագործութիւններէն շատեր նամակատան միջոցով կը ճամբորդեն եւ ողջ-առողջ ետ կը դառնան: Իբրեւ երկրորդ մտայղացքային ներկայացում` ան իր «ճամբորդած» ստեղծագործութիւններէն մէկը յանձնեց հանդիսավարին, որ իր հերթին փոխանցեց զայն ուրիշի մը: Այսպիսով, գեղանկարը ձեռքէ ձեռք անցնելով, նորէն վերադարձաւ հեղինակին, ապահով վիճակի մէջ: Արա Ազատի այս ներկայացումը նորութիւն էր եւ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց ներկաներուն մէջ:

Այնուհետեւ տարբեր քաղաքներէ ժամանած մասնագէտներ խօսեցան, քննարկեցին եւ վերլուծեցին ժամանակակից արուեստն ու արուեստի շուկան: Այս բոլորին մէջ առանձնապէս հետաքրքրական էր  արուեստի կեղծ գործեր բացայայտող մասնագէտի մը (որ յայտնի պատճառով   գաղտնի պահեց իր անունը) զեկուցումը արուեստի կեղծարարներու մասին: Պարզուեցաւ, որ անոնք լաւապէս կ՛օգտագործեն ժամանակակից արհեստագիտութիւնը (յատկապէս համակարգիչը) եւ հետզհետէ աւելի դժուար կը դառնայ կեղծը իրականէն զատորոշելու հարցը: Ան իբրեւ վարպետ եւ աժան կեղծարարներ յիշեց չինացիները:

Դոկտ. Մովսէս Հերկելեան խորհրդաժողովի ընթացքին կ՛արտասանէ իր խօսքը

Դոկտ. Մովսէս Հերկելեանի ներկայացուցած նիւթը` «անհեթեթ գերիրապաշտութիւն»ը,  շատերու համար նորութիւն էր եւ յոյժ հետաքրքրական: Այս պատճառով ան այլոց շարքին հրաւիրուեցաւ նաեւ մեծ վարկ եւ հեղինակութիւն վայելող միջազգային երկու ցուցահանդէսներու: Առաջինը` Փարիզի Լուվր թանգարանին կողմէ, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ հոկտեմբերին, Լուվրի ապակեայ բուրգին մէջ, իսկ երկրորդը` շարժապատկերի Քաննի փառատօնին առիթով, որ տեղի պիտի ունենայ նոյն օրերուն եւ շարժապատկերի գործիչները հիւրընկալող նոյն պանդոկին մէջ: Երկու պարագաներուն ալ հրաւիրուեցան միայն մասնագիտացած ցուցասրահներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կերպարուեստի  որոշ տեսակ մը պիտի ներկայացնէ:

Ինչպէս միշտ, «Մոնաքօ 11»ի միջազգային ցուցահանդէսին եւս կը մասնակցէին շարք մը մեծազդեցիկ արուեստի հրատարակութիւններ, որոնց շարքին` «Ֆայն արթ» (Նիւ Եորք) եւ «Լիւքս իմմօ» (Մոնաքօ եւ Փարիզ), որոնց մնայուն աշխատակիցներէն է «Ազդակ»ի մշակութային բաժնի պատասխանատու դոկտ. Մովսէս Հերկելեան:

«Նոազ արք» ցուցասրահը վերջին տասնամեակի ընթացքին մասնակցած է աւելի քան երկու տասնեակ միջազգային ցուցահանդէսներու, որոնց ընթացքին ծանուցած ու ցուցադրած է մեծ մասամբ հայրենի գեղանկարչութիւնը: Ցանկալի պիտի ըլլայ այլ հայկական ցուցասրահներ եւս հետեւէին անոր օրինակին, որպէսզի հայ արուեստը ընկալուի ու գնահատուի ըստ արժանւոյն եւ միջազգային գետնի վրայ:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Լուսանկարները՝ Մայքըլ Ալեզիի, պաշտօնական լուսանկարիչ Մոնաքոյի
«Օթոմոպիլ քլապ»ի եւ «Լիւքս Իմմօ» ամսաթերթի:

Share this Article
CATEGORIES