ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԵՄԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐ. ՀԱՒԱՔՈՅԹ` ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ԵՒ Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՏՕՆԵՐՈՒՆ ԱՌԻԹՈՎ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ մարմինին շաբաթ, 16 ապրիլի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթ` Ծաղկազարդի եւ Ս. Զատկուան տօներուն առիթով, մասնակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր կիրակնօրեայ վարժարաններուն:

Ձեռնարկը աւելի եւս ճոխացուց «Բարեւ փոքրիկներ» (Հայ քիտզ) խումբը, որ թատրոնով մը ներկայացուց օրուան խորհուրդը: Ապա բոլոր կիրակնօրեայ վարժարաններէն ներկայացուցիչներ բաւական հաճելի ժամանակ անցուցին` խաղալով «Բարեւ փոքրիկներ» խումբին պատրաստած խաղերը:

Ձեռնարկի աւարտին խօսք առաւ Կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ մարմինի պատասխանատու Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան: Ան նկատել տուաւ, որ այս ձեռնարկը նմանօրինակ հաւաքական ձեռնարկներու շարքին երրորդն է` աւելցնելով, որ վարիչ մարմինը հաւաքական այս ձեռնարկները կազմակերպած է «Հայ մանուկի տարուան», ինչպէս նաեւ Կիրակնօրեայ վարժարաններու հիմնադրութեան 80-ամեակին առիթով: Ան յաջողութիւն մաղթեց բոլորին եւ յորդորեց, որ հնազանդ կերպով շարունակեն յաճախել իրենց կիրակնօրեայ դպրոցը, որովհետեւ կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտը կ՛ըլլայ հնազանդ եւ բարի:

Աւարտին կազմակերպիչ մարմինին կողմէ նուէրներ բաժնուեցան մանուկներուն:

Share this Article
CATEGORIES