ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ. ԿՐԹԱԿԱՆ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ՇԱՀԵԿԱՆ ԿԼՈՐ ՍԵՂԱՆ

Առաջնորդ սրբազանը ներկաներուն կ՛ուղղէ իր խօսքը

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին եւ աջակցութեամբ «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու զարգացման համահայկական հիմնադրամին շաբաթ, 16 ապրիլ 2011-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կլոր սեղան` «Ինչպէ՞ս յայտնաբերել սորվելու դժուարութիւն ունեցող աշակերտները եւ ինչպէ՞ս ուղղել ու բարելաւել զանոնք» նիւթով: Ձեռնարկին ներկայ էին կրթական հաստատութիւններու տնօրէններ, ուսուցիչներ եւ ծնողներ:

Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց օրուան զեկուցավար, Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի անդամ եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի դասախօս դոկտ. Թամար Հաշէօլեան: Ան նկատել տուաւ, որ Ուսումնական խորհուրդը` մեկնելով իր կրթական զանազան յանձնառութիւններէն, կազմակերպած է այս կլոր սեղանը, որպէսզի ստեղծէ տեղեկութիւններու եւ փորձառութիւններու փոխանակման առիթ մը մասնագէտներու, ուսուցիչներու եւ ծնողներու միջեւ: Դոկտ. Թ. Հաշէօլեան բացատրեց, որ սորվելու դժուարութիւններ ըսելով կը հասկնանք կարգ մը դժուարութիւններու դրսեւորումը, որ դպրոցին կը պարտադրէ յաւելեալ ժամանակի եւ մասնագիտացած միջոցառումներու դիմել` աւելցնելով, որ համապատասխան կրթական միջամտութեամբ կարելի է յաղթահարել այս դժուարութիւնները:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան խօսք առնելով ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ այս կլոր սեղանը չդիտեն միայն մանկավարժական եւ հոգեբանական երեսներէն` աւելցնելով, որ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին աշխատանքը միայն այս չէ: «Ազգային իշխանութիւնը եւ Ուսումնական խորհուրդը աւելի լայն շրջագիծի մէջ կը դիտեն մեր հայկական իրականութիւնը, որուն մէջ անառարկելի, անխուսափելի, անփոխարինելի դերակատարութիւն ունին հայկական վարժարանները», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ մեր ուսումնական ծրագիրները կը միտին մեր դպրոցները իրենց առաքելութեան մէջ անշեղ պահել:

«Հայկական դպրոցը անփոխարինելի անհրաժեշտութիւն եւ անառարկելի դերակատարութիւն է», շեշտեց Գեղամ արք. Խաչերեան: Ան նկատել տուաւ, որ կարգ մը աշակերտներ բնածին դժուարութիւններ ունին` աւելցնելով, որ նման պարագաներ կրնան արգելք ըլլալ մեր վարժարաններուն լաւագոյնին ձգտելուն:

Ռիթա Բարմաքսըզեան, դոկտ. Թամար Հաշէօլեան եւ Ռիթա Մըրհեժ

Այս առիթով կազմակերպուած է սոյն կլոր սեղանը, որպէսզի խօսուի այս դժուարութիւններուն մասին` մասնագէտներու ընկերակցութեամբ: Առաջնորդ սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն` իրենց ներկայութեան համար, եւ յատկապէս «Փիւնիկ» հիմնադրամին, որ ամէնուրեք կը փորձէ սատար հանդիսանալ եւ սոյն ձեռնարկին աջակիցն է, եւ կը յուսայ մեզմէ, որ մարդկային պաշարներու զարգացման աշխատանքին շարունակենք աւելիով թափ տալ:

Կլոր սեղանի առաջին բանախօսն էր ՔԱՀԼ-ի մասնաւոր դասարաններու պատասխանատու Ռիթա Բարմաքսըզեան: Ան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց նիւթը` շեշտը դնելով սորվելու դժուարութեան պատճառներուն վրայ` անդրադառնալով աշակերտ-դպրոց, աշակերտ-ծնողք եւ աշակերտ- իր յատուկ դժուարութիւնները կապերուն վրայ: Ան նկատել տուաւ, որ սորվելու կարողութեան արգելքները կը հանդիսանան կեդրոնացումի, յիշողութեան եւ ուշադրութեան պակասը, աշխատելաձեւի պակասը, լեզուական եւ հոգեշարժողական դժուարութիւնները, ֆիզիքական եւ մտային տկարութիւնը, հիւանդութիւնը, դանդաղութիւնը, նաեւ նկարագիրի եւ անձնաւորութեան հոգեբանական խախտումները:

Ռ. Բարմաքսըզեան նաեւ անդրադարձաւ դարմանումներուն եւ շեշտեց, որ նման պարագաներու ուսուցիչը կամ ծնողքը պէտք է փորձեն լուծում գտնել` դիմելով մասնագէտի: Ան նաեւ հաստատեց, որ ախտաճանաչում պէտք է կատարել եւ համապատասխան դարման մը գտնել կացութեան` հաւաքական կամ անհատական միջոցներով:

Օրուան երկրորդ բանախօսն էր Լիբանանեան ամերիկեան համալսարանի դասախօս Ռիթա Մըրհեժ: Ան նիւթը ներկայացուց «փաուըր փոյնթ»ով եւ խօսեցաւ դժուար սորվող մանուկներու մօտ հոգեբանական ու ընկերային ազդակներուն մասին: Խօսքին սկիզբը ան անդրադարձաւ սորվելու դժուարութիւններուն, որոնք կրնան ըլլալ ժառանգական ու մնայուն, եւ այս պարագաները կրնան ազդուած ըլլալ միջավայրէն: Ան հաստատեց, որ սորվելու դժուարութիւն ունեցող մանուկը խելացի կ՛ըլլայ եւ կը վարէ բնական ընկերային կեանք մը` աւելցնելով, որ ան դժուարութիւն կ՛ունենայ սորվելու, որովհետեւ անուշադիր է, մտիկ չ՛ըներ, գրելու, կարդալու եւ տրամաբանելու հարց ունի: Ռիթա Մըրհեժ նկատել տուաւ, որ սորվելու դժուարութիւն ունեցող մանուկները շատ զգացական կ՛ըլլան, ինքնավստահութեան պակաս կ՛ունենան եւ կը վախնան, որ յայտնաբերուի իրենց տկարութիւնը: Ան խօսեցաւ դարմանումներու մասին եւ շեշտեց, որ մանուկին մէջ պէտք է արթնցնել ինքնավստահութեան զգացումը` աւելցնելով, որ մանկապարտէզէն կարելի է յայտնաբերել նման պարագաները եւ անհրաժեշտ է անմիջապէս համապատասխան բուժում գտնել:

Իր խօսքի աւարտին ան որոշ ցուցմունքներ տուաւ ուսուցիչներուն` զանոնք կիրարկելու համար նման պարագաներու դիմաց:

Կլոր սեղանի աւարտին ներկաները առիթը ունեցան լուսաբանական հարցումներ ուղղելու բանախօսներուն:

Աւարտին յուշանուէրներ յանձնուեցան բանախօսներուն` Ուսումնական խորհուրդի կողմէ:

Share this Article
CATEGORIES