ՇԱՄԻ ԿԱՖՈՅԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԽԻՄԵՆԵՍԻ ԼԻԲԱՆԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳԸ

Հրաժարեալ կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար Ալի Շամի երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խուան Քարլոս Կաֆոն, որուն հետ քննարկեց Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Թրինիտատ Խիմենեսի Լիբանան կատարելիք պաշտօնական այցելութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 16 եւ 17 մարտին, վերջինիս Միջին Արեւելքի մէջ կատարելիք շրջապտոյտին շրջագիծին մէջ:

Հանդիպումէն ետք Կաֆօ յայտնեց, թէ իր կարծիքով, մինչեւ Խիմենեսի Լիբանան կատարելիք այցելութեան թուականը Լիբանանի մէջ նոր կառավարութիւն մը կազմուած չ՛ըլլար տակաւին:

Կաֆօ շեշտեց սակայն, որ իրեն համար կարեւորագոյնը Լիբանանի միջազգային յանձնառութեանց նկատմամբ նշանակեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կեցուածքները իմանալ է:

Կաֆօ յայտնեց, որ Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարարը հանդիպումներ պիտի ունենայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի, նշանակեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` Ալի Շամիի հետ, ինչպէս նաեւ պիտի այցելէ հարաւային Լիբանան` ստուգելու համար ՖԻՆԻՒԼ-ի մաս կազմող սպանական զօրամասին դիրքերը:

Հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ կացութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Կաֆօ յայտնեց, որ ինք նախանցեալ գիշեր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթայի հետ, որ յայտնած է, թէ փոքր միջադէպեր կ՛արձանագրուին, սակայն կացութիւնը ընդհանուր առմամբ ապահով է ու կայուն:

Ան աւելցուց նաեւ, որ զօր. Ասարթա միշտ կը խորհրդակցի Հիւսիսային Ղաժարէն իսրայէլեան ուժերուն հեռացման նպատակով:

Share this Article
CATEGORIES
TAGS