ՓՈԽՇԱՀԱՒԷՏ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Արցախի Հանրապետութեան վարչապետին Լիբանան կատարած աշխատանքային այցելութիւնը յագեցած ժամանակացոյցով յատկանշուած էր: Գաղութային, գործարար շրջանակներու, յարանուանական, կուսակցական, միութենական, մամլոյ, կրթական ներկայացուցիչներու եւ հաստատութիւններու պատասխանատուներու հետ ճանաչողական բնոյթի հանդիպումներ, ծրագիրներու ներկայացումներ եւ հանդիսութիւններու մասնակցութիւններ կազմեցին վարչապետ Յարութիւնեանի աշխատանքային ժամանակացոյցի գլխաւոր բաժինները:

Քանի մը կարեւոր դիտարկում անպայման պէտք է կատարել ի տես անցնող օրերուն արձանագրուած երեւոյթներուն:

Փոխճանաչողութեան առընթեր կար անշուշտ այցելութեան հիմնական նպատակը` ներկայացնել Արցախի ներդրումային դաշտը եւ ներդրումներ ապահովել լիբանանահայ գործարար ցանցէն: Այստեղ էր, որ լիարժէք գործեց «ԱՐԻ» ընկերութիւն- Արցախի կառավարութիւն արդէն իսկ որոշ ճամբայ կտրած համագործակցութիւնը:

Ենթահողը լաւապէս պատրաստուած էր նախաձեռնող եւ կազմակերպող ընկերութեան կողմէ: Փաստը ցոյց տուաւ նաեւ, որ ո՛չ տնտեսական միջազգային ճգնաժամը, ո՛չ ալ տարածաշրջանի եւ Լիբանանի քաղաքական թէ տնտեսական անորոշ իրավիճակը կրնան արգելակել Արցախի զարգացման ծրագիրներուն ի նպաստ լիբանանահայ գործարարին հայրենաշինարարական մասնակցութիւնը:

Կարեւոր էր Արցախի զարգացման համար մշակուած ծրագիրներուն սկիզբի վայրը: Սկիզբը սփիւռքի կեդրոնական գաղութէն էր: Նիստերու վայրը` համասփիւռքեան ազգային եւ հոգեւոր կեդրոն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը: Կարեւոր այս հանգամանքները կը շեշտեն հայրենիք-սփիւռք կամ աւելի ընդունուած բանաձեւումով Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը: Արդարեւ, իբրեւ համասփիւռքեան կեդրոնատեղի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը լաւագոյն միջավայրն էր նման համախմբում իրագործելու: Այս կ՛ենթադրէ անշուշտ, որ նման տարողութեան մը նախանիշը ցոյց տալով նախաձեռնութիւնը պիտի տարածուի սփիւռքեան այլ գաղութներ, այնտեղի գործարար շրջանակները եւս ներառելով իր ծրագիրներուն մէջ: Իսկ այս մէկը օրինաչափ է առաջադրուած եռամիասնութիւնը կայացնելու առումով:

Ընդհանրապէս հայրենիքին  եւ յատկապէս այս պարագային Արցախին զարգացման նպաստելու եւ օժանդակելու ուղղութեամբ ա՛յս նախաձեռնութիւնը նոր մօտեցում կը ցուցաբերէր իր մէջ: Առաջադրուածը նուիրատուութիւն չէր: Մասնակցութիւն էր նախ եւ առաջ Արցախի զարգացման եւ երկրորդ` ներդրումային դաշտի ներկայացումով մասնակցութիւն եւ իբրեւ այդպիսին փոխշահաւէտ համագործակցութեան յստակ առաջարկ էր, համապատասխան շահոյթով: Նման մօտեցում արդէն իսկ կը շեշտէր Արցախի տնտեսական ոլորտին կողմէ ժամանակակից մեթոտաբանութեան որդեգրումը, ինչ որ պարագայական նուիրատուութիւններէ անդին` մասնակցութեան եւ շահութաբեր ներդրումի մասին կը խօսէր:

«ԱՐԻ»- Արցախ համագործակցութեան այս նմուշը անհրաժեշտ է որ ընդհանրանայ եւ համահայկականանայ: Գործին մասնակցութիւնը, Արցախի զարգացման համար, օժանդակ ըլլալու փաստը այս պարագային միաժամանակ թէ՛ հոգեկան եւ թէ՛ նիւթական բաւարարուածութիւն առթող միջոցառում է. Ինչ որ ողջունելի , քաջալերելի եւ օրինակելի է  միանգամայն:

Չմոռնանք, որ Քաշաթաղի ընտանիքներուն ստանալիք վարկերը լիովին կ՛օժանդակեն այդ ընտանիքներուն դէպի բարեկեցութիւն կարեւոր քայլ առնելու առաջադրանքին: Իսկ բարեկեցութեան ապահովումը հիմնական միջոցն է արտագաղթի հոսքը կասեցնելու կոչուած աշխատանքներուն համար: Ի վերջոյ մեր հայրենիքի ժողովրդագրական պատկերը այսօր թիւ 1 խնդիրն է, որուն կ՛առնչուին քաղաքական եւ տնտեսական այլ խնդիրներ: Ժողովրդագրական պատկերը սերտօրէն ժողովուրդի, երկրին եւ պետութեան անվտանգութեան հետ կապուած առաջնային հարց է:

Հաւաքական գործելաոճով իրականացած լիբանանահայ գործարարներու ներդրումները երաշխաւորուած են Արցախի կառավարութեան կողմէ: Ինչ որ կ՛ընդգծէ Արցախի պետութեան կողմէ հարցին տրուած քաղաքական-ռազմավարական նշանակութիւնը:

Այս առումով ալ վարչապետի աշխատանքային այցելութիւնը եւ այդ այցելութեան ընթացքին տարուած աշխատանքներն ու իրականացուած նպատակները համահայկական տարողութեամբ ռազմավարական խնդիրներուն հետ կապ ունին:

Այս չորս օրուան ընթացքին արձանագրուած երեւոյթները մտածել կու տան, որ ներդրումներէն անդին, հայրենիքի ռազմավարական խնդիրներուն ուղղութեամբ սփիւռքի առած մէկ կարեւոր քայլին մասին է խօսքը: Քայլ, որ պէտք է ընդհանրանայ եւ համահայկականանայ` սփիւռքեան այլ գաղութներ ներառելով սկսած գործին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES
TAGS