ԹԱՏՐՈՆ. ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹԻ «ՃԱՄԲՈՒՆ ՎՐԱՅ» ՏՐԱՄԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ

Համազգայինի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած Հայ թատրոնի ամիսը կը շարունակուի: Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը, բեմադրութեամբ Ռոպերթ Առաքելեանի, ներկայացուց Լեւոն Շանթի ստեղծագործութիւններէն «Ճամբուն վրայ» թատրերկը, 14 ապրիլ 2011-էն սկսեալ, «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, յաջորդական հինգ ներկայացումներով:

Լիբանանահայ թատերասէրները ծանօթ են Լեւոն Շանթի շարք մը թատրերգութիւններուն` բեմադրուած «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին կողմէ, իր ժամանակին եւ նոյնինքն Գասպար Իփէկեանի եւ ապա Ժորժ Սարգիսեանի, Վարուժան Խտըշեանի կողմէ: «Հին աստուածներ», «Ինկած բերդի իշխանուհին», «Օշին պայլ», «Շղթայուածը», «Կայսրը»: «Ճամբուն վրայ» թատերախաղը ստանձնեց ներկայացնել վաստակաշատ բեմադրիչ եւ արուեստի գործիչ Ռոպերթ Առաքելեան:

Թեման հայրենասիրութիւնն է, հայրենիքի ազատագրութեան սիրոյն մահուան գիրկը նետուող նուիրեալ հայ երիտասարդներուն ծանօթացումն է: Հայրենիքի եւ ժողովուրդի շահերը գերիվեր նկատած երիտասարդներու անանձնական զոհաբերման մասին է ներկայացումը, զոր օգտակար նկատած է Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը` խորհրդակցաբար բեմադրիչ Ռ. Առաքելեանի, յիշեցնելու նոր սերունդին եւ նիւթապաշտութեան գերին դարձած մեր ընկերութեան, թէ կա՛յ ազգանուէր գիտակցութիւն, հայրենանուէր զոհաբերում, առանց որոնց` կարելի չէ գոյատեւել իբրեւ ազգ:

Դասական բնոյթի տրամ մը կարելի է նկատել այս թատերախաղը, որուն արժանիքը իր լրջութեան մէջն է անկասկած: Յստակ էր գործադրուած աշխատանքը` ներկայացումը իր պարզագոյն ոճէն դուրս բերելու ճիգով, որ կը յատկանշուէր պատշաճ երաժշտութեան մը միջամտութեամբ: Ինչ կը վերաբերի բեմական յարդարանքին, հոս եւս տեսանելի էր լաւագոյնին ձգտելու իրագործում մը, ներկայացման «միջավայրը» զգալի դարձնելու տեքորով:

«Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը կը վայելէ նոր անդամներու ներկայութիւնը` երիտասարդ տարրերով օժտուած: Գաղութին թատերական կեանքը ոգեւորող դերասաններ ստանձնած էին դերեր, ինչպէս` ծանօթ անուն դարձած բեմադրիչ ու դերասան Վարդան Մկրտիչեան (Վահրամ), որ տրամին հերոսն էր, բեմին տիրապետեց մինչեւ վերջ: Նոյնպէս դերասան ու բեմադրական փորձեր կատարող Յովհաննէս Հելվաճեան (Մարգար) յայտնաբերեց իր դերասանի կարողութիւնը: Ժան Պեքերեճեան (Հարենց) արդէն իսկ վաստակ մը ապահոված է վերջին տասնամեակին իր ստանձնած դերերով, թատերական մեր ներկայացումներուն մէջ:

Իգական սեռի ներկայացումները հազուադէպօրէն կը նուիրուին թատերական արուեստին: Այս տրամին մէջ ծանօթացանք Յաւերժ Շխըրտըմեանին (Մարիի դերով), որ շնորհալի եւ վստահելի դերասանուհիի մը յատկանիշները արտայայտեց իր խաղարկութեամբ, որ յանդգնութիւն կ՛ենթադրէր անկասկած: Ցոլեր Շխըրտըմեան (Նեկտար), թատերական որոշ հեղինակութիւն ցուցաբերելու ինքնավստահութեամբ կատարեց իր կարճատեւ դերը, ուշագրաւ ներկայութեամբ:

Կ՛ուզենք առանձնացնել Հրակ Տեմիրճեանը, որ վերջին քանի մը տարիներուն երեւցած է մեր բեմերուն վրայ` իբրեւ աշակերտական փորձառութիւն, բայց` ինքնավստահութեամբ ճամբայ ելած նոր սերունդի ներկայացուցիչ: Անոր ստանձնած Երուանդի դերակատարումը կարեւոր նպաստ մը բերաւ խաղարկութեան` ձայնային թէ շարժումներու բնական օգտագործումով:

Իբրեւ թատերասէրի զգացողութիւն, Րաֆֆի Չիլինկիրեանի (Դաւիթ) ներկայութիւնը այս թատերախաղին մէջ նորութիւն մը թուեցաւ, որովհետեւ ան արժանացաւ ներկաներուն ուշադրութեան, իր կարճատեւ բայց տպաւորիչ արտայայտութեամբ: Նկատի ունինք անոր ձայնային շեշտաւորումը եւ հեղինակային ազդեցութիւնը: Երիտասարդ ուժ մը կարելի է նկատել զայն:

Արաքսի Կուրդիկեան (Մարիամ) աղջնակ, իր համեստ մասնակցութիւնը բերաւ:

Թատերախաղը ունէր Հիւր դերակատարներ, լուռ, բայց մթնոլորտ ստեղծող շարժումներով եւ անցքով: Գոհար Պէրպէրեան, Թամի Հատիտեան, Լիզա Կիւլիւմեան, Փաթիլ Հատիտեան: Անոնք յոյս տուին, թէ մօտիկ ապագային կրնան կապուիլ բեմին, սիրել հայ թատրոնը եւ ապագային ծաղկեցնել մեր բեմական գործունէութիւնը:

Լեւոն Շանթի այս ստեղծագործութիւնը քիչերու ծանօթ գործ մըն է, մասնաւորաբար` ընթերցանութենէ հեռու մնացած մեր զաւակներուն համար: Անոնք, որոնք ծանօթ էին այս երկին, մօտէն կամ հարեւանցի, յիշեցին մեծութիւնը, անփոխարինելիութիւնը Լեւոն Շանթի, որ իր գլուխ գործոցներու շարքին մեզի փոխանցած է ժողովրդային խորքով գրականութիւն:

«Ճամբուն վրայ» թատրերկը երկու սէրերու բախումն էր. հակառակ սեռի սիրային հանդիպումը, ջերմ ու անկեղծ սէր իրարու նկատմամբ, նոյն ատեն երիտասարդին բուռն սէրը` հանդէպ հայրենիքին, իր հարազատ ժողովուրդին, որ օգնութիւն կը գոչէր դաժան թշնամիէն փրկուելու համար: Ի վերջոյ յաղթեց հայրենիքի սէրը, ակամայ եւ սրտառուչ զիջումով մը անանձնական զգացումով, որպէսզի փառաւորուի հայրենասիրութիւնը: Այսուհանդերձ, Մարիին անձնասպանութիւնը ստեղծեց ողբերգութիւն մը:

Երբ պահանջատէր ժողովուրդ մըն ենք, երբ մեր հողերը եւ իրաւունքները կը պահանջենք, երբ տակաւին Արցախի նահատակներուն արիւնը չէ ցամքած, «Ճամբուն վրայ» թատերախաղին ներկայացումը նոր կանչ ու կոչ մը բերաւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, մեր երիտասարդներուն:

Շնորհակալութիւն` Ռոպերթ Առաքելեանի, որ յանդգնութիւնը եւ քաջութիւնը ունեցաւ մեր «անլուրջ» օրերուն այս լուրջ դասը յիշեցնելով մեր բոլորին: Շնորհակալութիւն նոյնպէս Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, որ այս ԹԱՏՐՈՆԻ ԱՄԻՍով ոգեւորեց մեր գաղութին մշակութային առօրեան: Վարձքը կատար բոլորին:

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Share this Article
CATEGORIES