ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.- ՏԻՏՂՈՍԱԿԻՐ ԼԷՅՔԸՐԶ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՄԲ ՍԿՍԱՒ ՓԼԷՅ-ՕՖԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԸ
Նախորդ շաբաթավերջին սկսան Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումները:
Տիտղոսակիր Լոս Անճելըս Լէյքըրզ պարտութեամբ սկսաւ փլէյ-օֆի մրցումները, երբ իր դաշտին վրայ 109-100 արդիւնքով տեղի տուաւ Նիւ Օրլինզի դիմաց: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քրիս Փոլ նշանակեց 33 կէտ (15-ը` վերջին 5 վայրկեանին), մինչ Քոպի Պրայընթ (Լէյքըրզ) նշանակեց 34 կէտ:
Իր դաշտին վրայ Աթլանթա Հոքսէն պարտութիւն կրեց նաեւ Օրլանտօ Մեճիք` 103-93 արդիւնքով, հակառակ անոր որ Հոքսի մարզիկներէն Տուայթ Հաուըրտ նշանակեց 46 կէտ եւ 19 ռիպաունտ:
Տալաս Մավըրիքս 89-81 արդիւնքով յաղթեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի: Տըրք Նովիթցքի (Մավըրիքս) նշանակեց 28 կէտ:
Օքլահոմա Սիթի 107-103 արդիւնքով յաղթեց Տենվըր Նակեթցի: Քեւին Տիւրընթ ի նպաստ յաղթական կազմին նշանակեց 41 կէտ:
Ստորեւ կու տանք ցարդ տեղի ունեցած ութ մրցումներուն արդիւնքները.
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 101-98
Նիւ Օրլինզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 109-100
Պոսթըն Սելթիքս – Նիւ Եորք Նիքս 87-85
Օքլահոմա Սիթի – Տենվըր Նակեթց 107-103
Շիքակօ Պուլզ – Ինտիանա Փէյսըրզ 104-99
Մայեմի Հիթ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ 97-89
Աթլանթա Հոքս – Օրլանտօ Մեճիք 103-93
Տալաս Մավըրիքս – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 89-81
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք երկու մրցումներուն յայտագիրը.
Մայեմի Հիթ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ
Շիքակօ Պուլզ – Ինտիանա Փէյսըրզ