ՈՒՔՐԱՆԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԿԱՐԼԵՆ ՄԿՐՏՉԵԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՄՐՑՈՒՄԸ` ՄԵԹԱԼՈՒՐԿ ՏՈՆԵՑՔԻ ՀԵՏ
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 25-րդ հանգրուանի մրցումները:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Կարլեն Մկրտչեան կատարեց իր առաջին մրցումը` Մեթալուրկ Տոնեցքի հետ, երբ Մեթալուրկ Զափորիժիայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին դաշտ ներկայացաւ 60-րդ վայրկեանին:
Սակայն անոր կազմը իր դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց:
Այժմ Մեթալուրկ Տոնեցք 29 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 11-րդ դիրքը:
CATEGORIES Մարզական