ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԵՒ ՌՈՒՍԻՈՅ ՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ

Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարը եւ նախագահ Սարգսեան

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանած Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Պաչօ Ախալայան:

Նախագահը կարեւոր նկատեց երկու երկիրներուն միջեւ աշխուժ յարաբերութիւնները եւ բարձր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւնները, ներառեալ` քանի մը ամիս առաջ Վրաստանի նախագահի, վարչապետի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու Հայաստան այցելութիւնները, որոնց ընթացքին քննարկուած են հայ-վրացական յարաբերութիւններու զարգացման եւ համագործակցութեան ընդլայնման առնչուող հարցեր:

Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ Հայաստան շահագրգիռ է խաղաղ եւ կայուն տեսնել դրացի Վրաստանը, իսկ բարեկամ վրացի ժողովուրդը` բարեկեցիկ պայմաններու մէջ իր ապագան կառուցելու ընթացքին մէջ:

Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարը, նշելով, որ ասիկա իր առաջին պաշտօնական այցելութիւնն է Հայաստան, իր հայ գործընկերոջ հետ ունեցած հանդիպումը եւ քննարկումները նկատած է արդիւնաւէտ:

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց նաեւ Ռուսիոյ տարածքային զարգացման նախարար Վիքթոր Պասարկինը, որ Երեւան կը գտնուի հայ-ռուսական միջշրջանային առաջին համաժողովին մասնակցելու նպատակով:

Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը փոխանցէ, որ նախագահ Սարգսեան նշեց, որ իր գործընկերոջ` Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի հետ միասին մեծ նշանակութիւն կու տան համաժողովի կայացումին` յոյս յայտնելով, որ Պասարկինի այցելութիւնը եւ համաժողովի կայացումը երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ լուրջ խթան պիտի հանդիսանան: Հայաստանի եւ Ռուսիոյ շրջաններուն միջեւ կապերու ամրապնդման եւ համագործակցութեան ընդլայնման գործին մէջ Սերժ Սարգսեան կարեւոր նկատեց նաեւ Ռուսիոյ հայ համայնքի ներուժի լիարժէք օգտագործումը:

Վիքթոր Պասարկին եւս երկու երկիրներու ռազմավարական յարաբերութիւններու խորացման եւ ամրապնդման գործին մէջ կարեւոր նկատեց շրջաններու մակարդակով համագործակցութեան զարգացումը: Հայաստանի եւ Ռուսիոյ շրջաններուն միջեւ համագործակցութեան զարգացման գործին մէջ, ըստ անոր, մեծ ներդրում ունի նախագահ Սերժ Սարգսեան:

 

Share this Article
CATEGORIES