«Սուրիոյ Հայ Համայնքը Պէտք Չէ Փորձէ Թիրախ Դառնալ» Կ՛ըսէ Հրանդ Մարգարեան

Հրանդ Մարգարեան

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան երէկ ընդգծեց, որ Սուրիոյ մէջ, բարեբախտաբար, որեւէ հակահայկական շարժում, հակահայկական գործողութիւն տակաւին չկայ:

Մարգարեան չափազանցուած նկատեց տարածուած այն լուրերը, որ սուրիահայերը զինուած են եւ սուրիական բանակին հետ կը պաշտպանեն հայկական թաղամասերն ու իրենց տուները:

«Ես կը կարծեմ, որ այդ լուրերը չափազանցուած են: Իրականութիւնը այն է, որ սահմանափակ կարելիութիւններով կը փորձեն հայկական հաստատութիւնները, իրենց բնակած, բնակելի տուները զերծ պահել… այս ընթացքին մէջ նաեւ կան թաղային խուլիկաններ, յանցագործ տարրեր` անոնցմէ ապահովել իրենց բնակարանները եւ իրենց շինութիւնները: Բայց մասնակցիլ այս բոլորին այդպիսի բան գոյութիւն չունի»,  «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ Մարգարեան:

Ըստ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին, սուրիահայերը տուեալ երկրին քաղաքացիներն են, կրնան ունենալ տարբեր դիրքորոշումներ, կրնան ըլլալ իշխանութեան կամ ընդդիմութեան հետ, բայց համայնքը` իբրեւ հաւաքականութիւն, այս ամէնուն մէջ չէզոքութիւն կը պահպանէ` «այն առումով, որ պատերազմը, կռիւը, եղբայրասպան կռիւը չի կրնար ընդունիլ իբրեւ ելք` այս վիճակէն դուրս գալու, եւ ինքը առանձնաբար պէտք չէ փորձէ որեւէ կողմի համար թիրախ դառնալ»:

Հ. Մարգարեան յայտնեց, թէ ցաւալի է, որ այդ պատերազմական գործողութիւններուն ընթացքին կը զոհուին նաեւ հայեր, սակայն պէտք է ուշադրութիւն դարձնել այն հանգամանքի վրայ, որ Սուրիոյ մէջ, բարեբախտաբար, որեւէ հակահայկական շարժում, հակահայկական գործողութիւն տակաւին չկայ:

Իսկ ինչ կը վերաբերի սուրիական ընդդիմութեան կողմէ հայկական համայնքի հասցէին ուղղուած սպառնալիքներուն մասին տեղեկութիւններուն, ապա Հրանդ Մարգարեան նշեց, որ «ատիկա ընդդիմութեան մէկ խմբակն էր, ոչ թէ ամբողջ ընդդիմութիւնն էր, եւ ընդդիմութիւնը իր ընդհանրութեան մէջ հերքեց այդ լուրը` ըսելով, որ իրեն հետ կապ չունի»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )