Օուըն Միացաւ Սթոք Սիթիի
Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին յառաջապահ Մայքըլ Օուըն միացաւ Սթոք Սիթիի` մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով անոր հետ, յայտնեց «Փրեմիեր լիկ»-եան ակումբը:
Օուըն ստացաւ ազատ մարզիկի կարգավիճակ, երբ նախորդ տարեշրջանին աւարտին անոր պայմանագրութիւնը աւարտեցաւ Եունայթըտի հետ:
32 տարեկան Օուըն, որ «Օլտ Թրեֆորտ» ժամանեց 2009-ին, նախորդ տարեշրջանին չորս անգամ տեսնուեցաւ դաշտերուն վրայ` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով: Ան Եունայթըտի հետ կատարեց ընդամէնը 52 մրցում` նշանակելով 17 կոլ:
Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիկին վերջին մրցումը` «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումներուն, եղաւ նախորդ տարի` 24 սեպտեմբերին (նոյնինքն` Սթոքի դէմ):
CATEGORIES Մարզական