ԵՈՒԹ ԼԻՏԸՐՇԻՓ ՍԵՆԹԸՐ». ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ` Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Խրախճանքին մասնակիցները եւ կեդրոնի անձնակազմի անդամներ

Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հովանիին տակ գործող Պուրճ Համուտի երիտասարդական կեդրոնի` «Եութ լիտըրշիփ սենթըր»ի ուսանողները երէկ` երեքշաբթի, 19 ապրիլի երեկոյեան ժամը 5:00-էն սկսեալ քաղաքապետարանի իրեց կեդրոնին մէջ կայացուցին աշակերտական խրախճանք:

Ս. Զատկուան տօնին առիթով ուրախութիւնը աշակերտներուն սրտերուն մէջ բոցավառելու միտումով կազմակերպուած այս խրախճանքին մասնակցեցան շուրջ 50 աշակերտներ` լիբանանահայ տարբեր վարժարաններէ, որոնք ընտրուած էին իրենց յաճախած դպրոցներու տնօրէնութեան հայեցողութեամբ:

Ընկերային առողջ ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ կազմակերպուեցան խաղեր, աշակերտները պարեցին ու երգեցին:

Տեղի ունեցաւ նաեւ հիւրասիրութիւն, իսկ աւարտին իւրաքանչիւր աշակերտ ստացաւ պայուսակ, տուրմ եւ նուէր:

Share this Article
CATEGORIES