ԹՐՔԱՄԷՏ ԲԱՆԱՁԵՒ` ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՔՈՆԿՐԵՍԻՆ ՄԷՋ

Թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանի ռուսական ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսական Վըրճինիա Ֆոքս քննարկման ներկայացուցած է բանաձեւի նախագիծ մը, ըստ որուն, «Թուրքիան կը նկատուի Միացեալ Նահանգներու կարեւորագոյն ռազմավարական գործընկերներէն մէկը»:

Նախագիծին մէջ նաեւ կը պահանջուի Թուրքիոյ հանրապետութեան օրը` 29 հոկտեմբերը ամէն տարի նշել Միացեալ Նահանգներու մէջ, նաեւ կ՛ընդգծուի, որ «Թուրքիան հիմնականին մէջ մահմետական, աշխարհիկ եւ ժողովրդավար պետութիւն է եւ, ամրապնդելով իր ժողովրդավարութիւնը, շրջանին մէջ կայունութեան աղբիւր է»:

Աւելի՛ն. ըստ բանաձեւի նախագիծին, անհրաժեշտ է շնորհակալութիւն յայտնել Թուրքիոյ` Իրաքի եւ Աֆղանիստանի մէջ կայունութիւն հաստատելու, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելուն համար:

Նախագիծը պիտի քննարկուի Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES