ՀՅԴ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԱՐԴԱՐ ՌՈՒՍԻԱ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Եուրա Նաւոյեան

ՀՅԴ մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ 16 ապրիլին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ «Արդար Ռուսիա» կուսակցութեան համագումարը, որուն ընթացքին յայտարարուեցան մարտ ամիսին տեղի ունեցած շարք մը նահանգներու խորհուրդներու ընտրութիւններուն արդիւնքները, ուր կուսակցութիւնը բարելաւեց իր արդիւնքները եւ փոփոխութիւններ կատարեց կանոնադրութեան մէջ:

Համագումարին հիւրի կարգավիճակով մասնակցեցաւ ՀՅԴ Մոսկուայի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Եուրա Նաւոյեան: Համագումարին հիւրի կարգավիճակով կը մասնակցէին նաեւ Հունգարիոյ, Պուլկարիոյ, Սերպիոյ եւ Ֆինլանտայի ընկերվարական եւ ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները:

Համագումարին ընթացքին Սերկէյ Միրոնով հրաժարական ներկայացուց կուսակցութեան նախագահի պաշտօնէն եւ նոր նախագահ ընտրուեցաւ Ռուսիոյ Պետական տումային մէջ «Արդար Ռուսիա» խմբակցութեան ղեկավար Նիքոլայ Լիեչեւ:

Միրոնով ընտրուեցաւ կանոնադրական փոփոխութեամբ ամրագրուած` կուսակցութեան պատգամաւորներու պալատի նախագահ: Այս մարմինին մաս կը կազմեն տարբեր մակարդակի հինգ հազար պատգամաւորներ: Միաժամանակ Միրոնով պիտի ունենայ կուսակցութեան իւրաքանչիւր մարմինի որեւէ որոշման վրայ վեթօ դնելու իրաւունքը: Այդպիսով ան կը պահպանէ կուսակցութեան փաստացի ղեկավարի հանգամանքը:

Յուլիս 2007-ին ՀՅԴ եւ Արդար Ռուսիա կուսակցութիւնները Մոսկուայի մէջ համագործակցութեան մասին համաձայնագիրներ ստորագրեցին: Երկու կուսակցութիւններն ալ Ընկերվար միջազգայնականի անդամ են:

Share this Article
CATEGORIES