Իսլամութիւնը Վարկաբեկող Ժապաւէնին Դէմ Ցոյցերուն Շրջագիծը Կ՛ընդլայնի

Սանաայի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը

Մոհամետ մարգարէն վարկաբեկող ամերիկեան ժապաւէնին դէմ բողոքի ցոյցերը տարածուեցան Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ:

Եմէնի մէջ ցուցարարներ ներխուժեցին մայրաքաղաք Սանաայի մէջ գտնուող ամերիկեան դեսպանատունը եւ ամերիկեան դրօշը վար առնելով` անոր տեղ բարձրացուցին իսլամութեան դրօշը: Աւելի ուշ ապահովական ուժերուն կողմէ հրացանաձգութեան պատճառով անոնք հեռացան, սակայն շուտով ցոյցերը վերստին ընթացք առին: Արձանագրուեցան 3 զոհեր եւ 15 վիրաւորներ:

Եգիպտոսի մէջ 70 վիրաւոր արձանագրուեցաւ, երբ ցուցարարներ երրորդ օրն ըլլալով Գահիրէի մէջ ամերիկեան դեսպանատան առջեւ բողոքի ցոյց մը կատարեցին` պահանջելով Միացեալ Նահանգներու դեսպանին վտարումը: Ցոյցեր տեղի ունեցան նաեւ Մարոքի, Սուտանի եւ Թունուզի մէջ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն դատապարտեց ժապաւէնը` զայն նկատելով «գարշելի» եւ «դատապարտելի»: Ան ըսաւ, որ «ամերիկեան կառավարութիւնը իսլամութիւնը վարկաբեկող ժապաւէնին նկատմամբ ոչինչ կրնայ ընել, հակառակ անոր որ անոր պարունակութիւնը կը մերժէ»` աւելցնելով, որ «աշխարհի կառավարութիւններն ու պետութիւնները պէտք է դատապարտեն բռնարարքները»:

Սպիտակ տունը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիին հեռաձայնելով` ամերիկեան դիւանագիտական առաքելութիւններն ու անոնց անձնակազմերը պաշտպանելու կարեւորութիւնը շեշտած է: Ան Գահիրէի կողմէ այդ ուղղութեամբ թերացումի մը պարագային «իսկական մեծ խնդիրէ» մը զգուշացուցած է:

Մուրսի պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին հաստատեց, որ երէկ առաւօտ Օպամայի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է` յայտնելով, որ եգիպտացիները «կը մերժեն (Մոհամետ մարգարէին դէմ) որեւէ յարձակում կամ վարկաբեկում»:

«Ես կը դատապարտեմ եւ կ՛ընդդիմանամ բոլոր անոնց, որոնք… մեր մարգարէն կը վարկաբեկեն: (Սակայն) մեր պարտաւորութիւնն է մեր հիւրերը եւ արտասահմանէն այցելուները պաշտպանել», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «բոլորին կոչ կ՛ուղղեմ նկատի ունենալու հետեւեալը. եգիպտական օրէնքը չխախտել… դեսպանատուներուն վրայ յարձակում չգործել»:

Ցոյցեր տեղի ունեցան նաեւ Թեհրանի, Տաքայի, Պաղտատի եւ Պասրայի մէջ:

Մինչ այդ, ամերիկացի պաշտօնատարներ «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեցին, որ Անսար Շարիաա կոչուած խմբակ մը կրնայ Մոհամետ մարգարէն վարկաբեկող ժապաւէնը իբրեւ պատրուակ օգտագործած ըլլալ` Պենկազիի մէջ ամերիկեան հիւպատոսարանին դէմ յարձակում գործելու համար: Պաշտօնատարները նաեւ նշած են, որ, ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ Քայիտայի թեւը կրնայ յարձակումին առնչուած ըլլալ:

Հաղորդուեցաւ, որ «Թոմահոք» տիպի հրթիռներով զինուած ամերիկեան երկու մարտանաւեր դէպի լիպիական ջուրեր նաւարկած են:

Նշենք, որ «Իսլամներու անմեղութիւնը» կոչուած ժապաւէնը Մոհամետ մարգարէն կը ներկայացնէ իբրեւ արիւնարբու, կնամոլ եւ մանկապիղծ անձ մը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )