ԼՕԽ-Ի ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ. ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղը 11 ապրիլ 2011-ին կայացուց Ամանոսի «Ս. Թեհլիրեան» ակումբին մէջ առողջապահական արշաւ` հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ գործակցաբար ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի յանձնախումբին առողջապահական յանձնախումբին եւ նախազգուշական բաժանմունքին: Այս արշաւին նպատակն էր հանգանակութեան շրջանին ժողովուրդին, յատկապէս շրջանի հայ բնակիչներուն ծանօթացնել ԼՕԽ-ի գործունէութիւնը, աշխատանքը, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի բաժանմունքներու բարիքները, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան գործունէութիւնը, ծրագիրները եւ մասնաճիւղի տարուան ծրագիրը:

Մասնաճիւղի ատենապետ Ալին Արոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք յաճախ ներկայ կ՛ըլլան մասնաճիւղին զանազան ձեռնարկներուն եւ կը քաջալերեն զանոնք:

Ապա Ա. Արոյեան ներկայացուց այս արշաւին նպատակը` հասնիլ բոլորին:

Ան նաեւ յայտնեց, որ այս ձեռնարկը կը նպատակադրէ ցոյց տալ հանրութեան եւ հաստատել այն նշանաբանը, որ ԼՕԽ-ը կը գործէ ժողովուրդին համար:

Արշաւի առաջին բաժինով ներկաներուն ներկայացուեցաւ «Առողջութեան» ոսկի գանձին մասին կարեւոր գիտելիքներ` առողջապահական յանձնախուբի անդամ, «Կարինէ» մասնաճիւղի անդամ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանի կողմէ:

Ս. Վարդապետեան ըսաւ, թէ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը 26 մասնաճիւղերու ընկերուհիներով, մարդասիրական ծառայութեան կողքին, կը միտի դաստիարակչական գիտելիքներ փոխանցել եւ հարստացնել ներկաներուն միտքերը:

Օր. Սիրուն Վարդապետեան աւելցուց, թէ մեր առողջութիւնը կը վնասուի, եթէ պէտք եղած ցուցմունքներուն չհետեւինք:

Պէտք է ուշադիր ըլլանք ոգելիցին, ծխախոտին վնասներուն, որոնք ոչ միայն անձին, նաեւ շուրջիններուն անհանգստութիւն կը պատճառեն: Ս. Վարդապետեան ըսաւ, թէ անբաւարար սնունդը եւ գերսննդառութիւնը պէտք է ըլլան, մեր դասախօսութեան յաջորդ կարեւոր կէտերը:

Ըստ անոր, մեր ճաշացուցակը հարուստ պէտք է ըլլայ բանջարեղէններով, կաթնեղէններով, ընդեղէններով եւ հեռու մնանք ֆասթ ֆուտէն: «Մեր ճաշի որակը եւ քանակը մեզի առողջութիւն կը պարգեւեն, եւ օրուան ընթացքին ջուրը պէտք է ըլլայ մեր անբաժան ընկերը:

Ապականած օդը նաեւ մեզի անհանգստութիւն կը պատճառէ, աւելցուց Ս. Վարդապետեան յայտնելով, որ մաքուր օդը նաեւ կ՛ազդէ մեր յիշողութեան:

Ապա ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի բժիշկներ Ազնիւ, Մանօ եւ Յարութիւն Այնթէպլեան իւրաքանչիւր արշաւի մասնակիցի փոխանցեցին ցուցմունքներ եւ պատասխանեցին անոնց հարցումներուն եւ անոնց ծանրութեան ու հասակին համեմատ որոշ ուղղութիւններ ներկայացուցին: Յայտնենք, որ նկատելի էր ներկայութիւնը տարբեր տարիքի անհատներու` երիտասարդ, միջին տարիքի ու տարեցներ, որոնք գնահատեցին այս աշխատանքը եւ ուժ ու կորով մաղթեցին ԼՕԽ-ականներուն:

Ներկաները դիտեցին ԼՕԽ-ի կեդրոնին մասին խտասալիկը, ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:Յատուկ շնորհակալութիւն` ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի առողջապահական յանձնախումբին նախազգուշական բաժանմունքին եւ կեդրոնի բժիշկներուն` Ազնիւ Մանոյին եւ Յարութիւն Այնթէպլեանի եւ Սիրուն Վարդապետեան:

Յայտնենք նաեւ, որ իւրաքանչիւր ներկայ պիտի օգտուի անվճար արեան քննութենէ:

ԼՕԽ-Ի «ԳԱՅԵԱՆԷ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

ԼՕԽ-ի «Գայեանէ» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, գարնանային եղանակի եւ Մեծ Պահոց Միջինքի առիթով ձեռնարկը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 7 ապրիլ 2011-ին, Պէյթ Գօգօ շրջանի Շաքարեաններուն շէնքին մէջ:

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետ Սօսի Մանուէլեան. ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն` իրենց քաջալերանքին եւ մասնակցութեան համար, ինչպէս նաեւ` բոլոր անոնց, որոնք սիրայօժար եւ կամովին տրամադրած էին ձեռնարկին պահքի յատուկ ճաշերը: Ապա հրաւիրեց Սեւան Կարապետեան-Ադամեանը` վարելու ձեռնարկը: Ս. Ադամեան իր կարգին գնահատեց վարչութեան աշխատանքը եւ յաւուր պատշաճի փոխանցեց տեղեկութիւններ` միջինքի սովորութիւններուն եւ աւանդութիւններուն մասին: Ինչպէս նաեւ խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեց մեկնաբանելով տոհմիկ եւ էսդրատային երգեր, որոնց մասնակցեցան նաեւ ներկաները:

Հաճելի մթնոլորտի մէջ ընթացաւ ձեռնարկը, տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն: Ներկաները մեկնեցան լաւ տրամադրութեամբ` իւրաքանչիւրը իրեն հետ տանելով Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ տրամադրուած գարնանային ծաղիկներով թաղարներ:

ԼՕԽ-Ի «ԱՆԻ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած էր ձեռնարկ մը, Նահր Մոթի ակումբին մէջ, հինգշաբթի, 24 մարտ 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

Սեղանները շատ գեղեցիկ զարդարուած էին պահքի համեղ ճաշերով` պատրաստուած շրջանի վարչական ընկերուհիներուն կողմէ:

ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք վարչութեան ատենապետ Սալբի Թորիկեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հրաւիրեց օրուան դասախօսուհին` Յասմիկ Գէորգեանը, որ փոխանցէ մեր աւանդութիւններուն հետ կապուած տեղեկութիւններ:

Յ. Գէորգեան շեշտեց, որ հայը ոչ մէկ ատեն վախցած է սուրէն եւ հալածանքէն, տէր կանգնած է իր մշակոյթին, իր լեզուին, իր աւանդութիւններու, որոնք իսկապէս գեղեցիկ են ու հետաքրքրական, եկած են հեթանոսական շրջանէն եւ անցած` քրիստոնէական ժամանակաշրջան:

Ան առաջին հերթին ներկայացուց Բարեկենդանը, որ միջազգային տօն է եւ կը տօնուի բոլոր ժողովուրդներուն կողմէ: Հայկական բոլոր գաւառներուն մէջ այդ օրը կերուխումի եւ դիմակաւոր խաղերու ուրախ մթնոլորտի արտայայտութեան օր էր: Խրախճանքի աւարտին հաւկիթ կ՛ուտէին, որպէսզի Զատիկին ալ հաւկիթով պահքը քակէին եւ բարեմաղթութիւններով կը բաժնուէին իրարմէ. «Շնորհաւոր բարեկենդան, բարով հասնինք Ս. Յարութեան»:

Միջինքը Մեծ պահքի կէսն է: Կարգ մը գաւառներու մէջ Միջինքի յատուկ կարկանդակ կը պատրաստէին` մէջը դրամ կամ ուլունք կը դնէին, որուն որ ելլէր, ան կ՛ըլլար այդ տարուան բախտաւորը:

Յ. Գէորգեան խօսեցաւ նաեւ Ծաղկազարդի մասին, տուաւ պատմականը եւ յիշեց հայկական ժողովրդական սովորութիւններէն մին` աղջիկ նշանելը:

Անդրադարձաւ խթման գիշերուան ընթրիքին եւ թուեց այն բոլոր ուտելիքները, որոնք կը պատրաստուէին այդ օրը:

Զատիկ բառին բազմաթիւ բացատրութիւններ փոխանցելէ ետք, Յ. Գէորգեան ըսաւ, թէ հաւկիթը յարութեան խորհրդանիշն է եւ բոլոր կրօններու մէջ կարեւոր տեղ գրաւած է, աստուածներու հաւկիթ նուիրելը, որ կը նշանակէր մաքրուիլ, սրբուիլ մեղքերէ:

Համբարձման տօնը ծանօթ է բոլորին, այդ օր երիտասարդ աղջիկներ վիճակ կը քաշեն եւ պատրաստուած քառեակներ կը կարդան` իրենց բախտը որոշող:

Ինչ կը վերաբերի Վարդավառին, ժողովրդական սովորութիւնները շատ էին: Ուխտի կ՛երթային Մշոյ Ս. Կարապետ վանք, աղջիկ կը նշանէին, իրարու վրայ ջուր կը թափէին, որ կը նշանակէր` ջուրերու առատութիւն եւ իղձերու իրականացում:

Ներկաները հաճոյքով մտիկ ըրին Յ. Գէորգեանին փոխանցած տօնական աւանդութիւնները, որմէ ետք Սեւան Ադամեան ճոխացուց մթնոլորտը` մեներգելով քանի մը ազգագրական երգեր:

Հաճելի եւ մտերմիկ մթնոլորտ մը կը տիրէր: Բոլորն ալ ուրախ էին եւ գոհ տրամադրութեամբ մեկնեցան սրահէն:

ԼՕԽ-Ի «ԱՍՏՂԻԿ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

«Կիներու միջազգային օր»ուան առիթով ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպեց ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 6 մարտ 2011-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-էն սկսեալ «Սատեր» ճաշարանին մէջ:

ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք վարչութեան ատենապետ Վրէժուհի Փափազեան հակիրճ ձեւով պատմականը փոխանցեց «Կիներու միջազգային օրուան» մասին` շեշտը դնելով, հայ կնոջ դերակատարութեան վրայ: Ան ըսաւ, թէ հայ կինը շնորհիւ իր ողջմտութեան, պաշտպանն է ընտանիքին հոգեւոր եւ մտաւոր դաստիարակութեան, անտեսելով դժուարութիւնները` նպաստած է եւ կը շարունակէ նպաստել հայ ազգին գոյատեւման, տէր կանգնելով հայ մշակոյթին, հայ աւանդութեան` սատար կը կանգնի, այր մարդոց, կառչած կը մնայ հայոց լեզուին ու պատմութեան:

Օրը կը զուգադիպէր բարեկենդանին, ուստի Վ. Փափազեան անդրադարձաւ նաեւ ժողովրդական մեր այս աւանդութեան` նշելով, որ «կեր ու խումի» օր է, որովհետեւ յաջորդ օրն իսկ կը սկսի Մեծ պահքը:

Ուսուցչաց տօնին նախօրեակը նկատի ունենալով` Վ. Փափազեան կորով եւ համբերութիւն մաղթեց բոլոր ուսուցիչներուն` շարունակելու համար իրենց վստահուած առաքելութիւնը:

Վիճակաձգութենէն ետք տեղի ունեցաւ օրուան իմաստը խորհրդանշող կարկանդակին հատումը` ամէնէն տարեց եւ ամէնէն երիտասարդ տիկիններուն կողմէ:

Հաճելի եւ ջերմ մթնոլորտ ապրելէ ետք, ներկաները ուրախ տրամադրութեամբ մեկնեցան սրահէն:

 

Share this Article
CATEGORIES