20 ՏԱՐԻ ԻՐ ԽՈՒՄԲԻՆ ՄԱՍ ԿԱԶՄԵԼԷ ԵՏՔ ՆԷՕՅԸՐ ՊԻՏԻ ԼՔԷ ՇԱԼՔԷՆ

Մանուէլ Նէօյըր

Գերմանացի բերդապահ Մանուէլ Նէօյըր 20 տարի իր խումբին մաս կազմելէ ետք այս տարեշրջանի աւարտին պիտի լքէ Շալքէն:

Ակումբի պատասխանատուները յայտնեցին, որ համաձայն չեն գտնուած անոր պայմանագրութիւնը 2012-էն անդին երկարաձգելու, ինչ որ բնականաբար դժգոհ ձգած է Նէօյըրը: Ասոր ի տես, ան համաձայն չէ գտնուած այս տարեշրջանէն ետք մաս կազմելու խումբին:

Ըստ գերմանական մամուլին, Պայէրն Միւնիխ այժմէն իսկ ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ` ձեռք ձգելու համար բերդապահը, անոր փոխանցման համար համաձայն գտնուելով վճարելու 20 միլիոն եւրօ:

Սակայն Պայէրնի կողմէ ցարդ պաշտօնական ոչ մէկ յայտարարութիւն կատարուած է այս ուղղութեամբ:

Շալքէի թեքնիք տնօրէն Հորսթ Հելտթ յայտնեց, որ յուսախաբ եղած է ի տես Նէօյըրի տուած այս որոշումին:

Share this Article
CATEGORIES