ՀՅԴ ԱՆՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ ԿՐՆԱՅ ՅԱՅՏՆԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ

Արծուիկ Մինասեան

Նախանցեալ օր Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութիւնը կառավարութեան ներկայացուց հարցապնդում մը, ուր հարց բարձրացուեցաւ, թէ կառավարութիւնը ինչո՞վ կը բացատրէ ընկերային-տնտեսական ձախողութիւններու պատճառով ստեղծուած իրավիճակը, արտագաղթի կասեցման ուղղութեամբ քայլեր չձեռնարկելը եւ այս ամէնուն մէջ մեղք կը տեսնէ՞, թէ՞ ոչ:

Երէկ այս մասին լրագրողներուն տեղեկացուց ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան` նշելով, որ երկրին մէջ ստեղծուած ընկերային-տնտեսական իրավիճակին մեղաւորը Հայաստանի կառավարութիւնն է:

Ան նաեւ տեղեկացուց, որ իրենք մտադիր են հարցապնդումը քննարկել Ազգային ժողովի լիագումար նիստին ընթացքին, որմէ ետք, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի դրուի նաեւ կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու հարցը:

Share this Article
CATEGORIES