ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԸՐՐԻՆ ԵՒ ՄԻՔԱԹԻՆ

Նախագահ Սլէյման եւ Պըրրի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին ծիրին մէջ:

Նախագահական պալատէն մեկնումի պահուն իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ Պըրրի ըսաւ. «Մենք կը փափաքէինք, որ կառավարութեան ծնունդը ըլլար լիբանանցիներուն նուէրը` Ս. Զատկուան տօնին առիթով, սակայն կը հաստատենք, որ նուէրը ճամբայ ելած է եւ պիտի յայտարարուի տօներէն ետք»:

Պըրրի շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը ընթացքի մէջ է` աւելցնելով, որ այդ հոլովոյթը աւարտելու առումով տակաւին կան առնուելիք որոշ քայլեր, որոնք ի վերջոյ պիտի կատարուին:

Անդրադառնալով երեսփոխան Ժամալ Ժարրահի դէմ ուղղուած սուրիական ամբաստանութիւններուն եւ խորհրդարանի դիւանին կողմէ ժողով մը գումարելու առաջարկներուն` Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կայ օրէնք եւ սահմանադրութիւն, որոնք պէտք է գործադրուին: «Կարելի չէ շարունակել անձնական օրէնքով», նշեց ան` հարց տալով, որ արդեօք նման բաներ պահանջողները տեղեա՞կ են իր եւ Ժարրահի միջեւ կայացած հանդիպումին մանրամասնութիւններէն:

Սուրիոյ մէջ արձանագրուող խլրտումներուն ծիրին մէջ Պըրրի հաստատեց, որ ոչ ոք պէտք է կրակով խաղայ, որովհետեւ Սուրիոյ մէջ արձանագրուելիք ապահովական առաջին իսկ խախտումին պարագային Լիբանան սուղ պիտի վճարէ այդ անկայունութեան գինը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES