ԱՅՍ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՒԱՐՏԻՆ ԵՈՒՎԵՆԹՈՒՍԻ ՄԱՐԶԻՉ ՏԵԼ ՆԵՐԻԻ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ ՊԻՏԻ ՅՍՏԱԿԱՆԱՅ

Պաշտօնական յայտարարութեան մը մէջ Եուվենթուս յայտնեց, որ այս տարեշրջանի աւարտին պիտի յստականայ ակումբի մարզիչ Լուիճի Տել Ներիի ճակատագիրը, թէ ան պիտի մնա՞յ իր պաշտօնին վրայ, թէ՞ պիտի պաշտօնազրկուի:

Հակառակ անոր որ ակումբը իր մարզիչին հետ ցարդ երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրած է, սակայն յառաջիկայ մայիսին անոր հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք Եուվէ պիտի կատարէ պաշտօնական յայտարարութիւն մը` անոր ապագային գծով:

Կը կարծուի, որ Եուվենթուս վեթերան յառաջապահ Ալեսանտրօ Տել Փիերոյին յաւելեալ մէկ տարեշրջանի պայմանագրութիւն մը պիտի առաջարկէ եւ ամբողջացնէ ստորագրութիւնը միջնապահ Ալպերթօ Աքուիլանիի, որ փոխ առնուած է Լիվըրփուլէն:

Աշխատանք կը տարուի նաեւ կազմին մէջ պահելու բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոնը:

 

Share this Article
CATEGORIES