ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. – ՓԼԷՅ-ՕՖ-Ի ՄՐՑՈՒՄՆԵՐ. ՍՓԸՐԶ ԵՒ ԼԷՅՔԸՐԶ ՅԱՋՈՂԵՑԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔԸ 1-1 ՀԱՒԱՍԱՐԵՑՆԵԼ

Քեւին Տիւրընթ

Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն գծով երէկ տեղի ունեցան երեք ճակատումներ:

Սան Անթոնիօ Սփըրզ եւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որոնք իրենց կատարած առաջին մրցումին պարտութիւն մը կրած էին իրենց մրցակիցներէն, յաղթանակ արձանագրելով յաջողեցան արդիւնքը հաւասարեցնել (1-1):

Սփըրզ 93-87 արդիւնքով յաղթեց Մեմֆիս Կրիզլիզի, իսկ Լէյքըրզ` Նիւ Օրլինզի` 87-78 արդիւնքով:

Երէկուան մրցումներուն ամէնէն շատ կէտը (23) նշանակեց Օքլահոմա Սիթիի մարզիկներէն Քեւին Տիւրընթ, երբ անոր կազմը 106-89 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Տենվըր Նակեթցը, 2-0 արդիւնքով յառաջացաւ անոր վրայ:

Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (փակագիծերուն մէջ նշուած են ցարդ տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները).

Ինտիանա Փէյսըրզ – Շիքակօ Պուլզ (0-2)
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Մայեմի Հիթ (0-2)
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Տալաս Մավըրիքս (0-2)

Share this Article
CATEGORIES