ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԶԻՆԵԱԼ ՈՒԺԵՐՈՒ ՍՊԱՅԱԿՈՅՏԻ ՊԵՏԸ` ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՄԷՋ

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան նախանցեալ օր հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ, զօր. Եուրի Խաչատուրովի հետ:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնական կայքէջին մէջ տեղադրուած հաղորդագրութեան համաձայն, հանդիպումին, որուն ներկայ գտնուած էր Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան, քննարկուած են բանակաշինութեան եւ այդ մարզին մէջ երկու հայկական պետութիւններու համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր:

 

Share this Article
CATEGORIES