ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՌԸՆԷ ՌՈՒՔԷՆ

Երէկ ՀՅԴ Բիւրոն Երեւանի մէջ ընդունեց Ֆրանսայի Ազգային ժողովի երեսփոխան Ռընէ Ռուքէն:

Ողջունելով հիւրը` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան նշեց, որ Ռընէ Ռուքէի հետ ՀՅԴ-ի յարաբերութիւնները միշտ ալ բարեկամական են եւ հիմնուած եղած են փոխադարձ վստահութեան վրայ:

«Մեր ընկերը չէ բաւարարուած միայն Հայաստան այցելելով, եւ իբրեւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի երկարամեայ երեսփոխան ան այցելեց նաեւ Արցախ եւ իր գործընկերներուն հետ բարձրաձայնեց եւ կը շարունակէ բարձրաձայնել ի նպաստ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման», ըսաւ ան:

ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան հրաւիրուածներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց Ռընէ Ռուքէի` Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուած գործունէութեան վրայ եւ յիշեցուց, որ տակաւին 1984-ին, երբ Ռուքէ Ալֆորվիլի փոխքաղաքապետն էր, բացումը կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին նուիրուած յուշարձանին, որմէ ընդամէնը 10 օր ետք այդ յուշարձանը բռնութեան ենթարկուեցաւ Գորշ գայլերու կողմէ եւ Ռընէ Ռուքէի համար պարզ դարձաւ, որ պայքարը դժուար պիտի ըլլայ, սակայն ան չընկրկեցաւ:

«Պէտք է արձանագրել, որ Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութեան ղեկավարութեան մօտ Ռընէ Ռուքէի միջամտութեան շնորհիւ էր, որ այդ օրէնքի նախագիծը երկու շաբաթէն` ծերակոյտի 4 մայիսի նիստի օրակարգին վրայ կը գտնուի: Եւ հակառակ թրքական ապատեղեկատուութիւն, ծերակոյտի այդ օրինագիծը պիտի քննարկէ այդ օրը», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան:

Ռընէ Ռուքէ շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար` նշելով, որ ինք դաշնակցական բազմաթիւ ընկերներ ունի, եւ ՀՅԴ-ի հետ իր համագործակցութիւնը անպայման պիտի շարունակուի:

Share this Article
CATEGORIES