ԱՐԽԻՒԱՅԻՆ ԵՒ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ԳՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Բրիտանական «Տը Թայմզ» օրաթերթը 1916-ին լոյս ընծայած է «Պատերազմին պատմութիւնը» խորագիրով, գիրքի ձեւի տակ, ընդարձակ յաւելուած մը` նուիրուած Համաշխարհային Ա. պատերազմին, եւ որուն 8-րդ հատորի 133-րդ գլուխը կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան, որ դիպուկ կերպով կը կրէ «Հայերու բնաջնջումը» խորագիրը:

39 էջերէ բաղկացած եւ բազմաթիւ լուսանկարներ պարունակող գրութիւնը մանրամասն կերպով կը ներկայացնէ Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ գործուած ջարդերը եւ իւրաքանչիւր շրջանի մէջ բնաջնջումի տարբեր ձեւերն ու այդ տարբերութիւններուն դրդապատճառները: 24 ենթաբաժանումներէ բաղակացած գրութիւնը կը ներկայացնէ հայերը, անոնց նկարագիրը եւ թուրքերուն հետ անոնց յարաբերութիւները եւ այլ հետաքրքրական մանրամասնութիւններ կը փոխանցէ:

Բրիտանական օրաթերթը իր գրութեան սկիզբէն իսկ կը նշէ, թէ` «1915-ի սկիզբը Օսմանեան կայսրութեան մէջ աւելի քան 2 միլիոն հայեր կային: Այդ տարուան աւարտին անոնց երկու երրորդը կա՛մ ջարդուած էր` իր բնօրրանը եղող քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ, կա՛մ իր բնակավայրերէն արմատախիլ եղած էր. իսկ անոնք, որոնք «աքսորուած» են, ինչպէս հետագայ գործընթացը պաշտօնապէս կը կոչուէր, անոնց նուազ քան 50 առ հարիւրը հասան իրենց ճշդուած վայրերը:…«Աքսոր»ը իրողութեամ մէջ պարզապէս հանգրուանային ջարդի ձեւ մըն էր` թիւերը նուազեցնելու աւելի ազդու ձեւ մը եւ ամէն բանէ վեր` անհատի նկատմամբ աւելի անգութ, քան` փամփուշտով կամ սուինով ջարդուիլը»:

«Տը Թայմզ» կը յայտնէ, որ` «1915-ի հայերու աքսորը հեռագիրով եւ հեռաձայնի միջոցով կազմակերպուած էր Պոլսոյ մէջ ներքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութեանց կողմէ»: Ինչ կը վերաբերի հայութեան թիւին,  «1915-ին հայութիւնը Օսմանեան կայսրութեան ոչ աւելի քան 10 առ հարիւր կը կազմէր` ընդհանուր 20 միլիոնէն միայն 2 միլիոնը»: Օրաթերթը կը նշէ, որ` «հայերը չափաւորական քաղաքականութիւն որդեգրած էին եւ ի տարբերութիւն Օսմանեան կայսրութեան եւրոպացի իրենց համաքաղաքացիներուն` անոնք երբեք քաղաքական անկախութեան չէին ձգտած, այլ` պարզապէս վեց վիլայէթներուն մէջ բարեփոխումներ պահանջած»: «Տը Թայմզ» կը գրէ, որ այդ մէկը «թելադրուած էր ազգային շահերէ: Ասիական Թուրքիոյ լայնքին եւ երկայնքին տարտղնուած ըլլալով` ամբողջ կայսրութիւնը անոնց կարողական ժառանգն էր, իսկ անոր ոչ մէկ մասը, բնակչութեան թիւի առումով, բաւարար չափով իրենցն էր, որպէսզի քաղաքական գետնի վրայ անկախ հայկական պետութեան մը վերածուէր, ուստի անոնք կայսրութեան ամբողջականութիւնը պահելու ամէն շահ ունէին»:

Վանի պաշտպանութիւնը` հայեր խրամատներու մէջ:

Օրաթերթը կը նշէ, որ 1908-ին, երբ Երիտասարդ թուրքերը սուլթանը տապալեցին, «հայերը երեւակայեցին, արդարանալի կերպով, թէ աւելի լաւ օր մը ծագած է: Երիտասարդ թուրքերը ըմպած էին Արեւմտեան Եւրոպայի բոլոր քաղաքական գաղափարները: Անոնք Ֆրանսական յեղափոխութեան նման «Ազատութիւն, հաւասարութիւն եւ եղբայրութիւն» կը քարոզէին, խորհրդարանական սահմանադրութիւն հաստատեցին, եւ հայկական յեղափոխական կազմակերպութիւնները ուրախութեամբ իրենք զիրենք խորհրդարանական կուսակցութեանց վերածեցին: Սակայն Երիտասարդ թուրքերու ծրագիրը այլ երեւոյթ մըն ալ ունէր օրինակի համար` «օրէնքի դիմաց հաւասարութիւն» կար, որ սկզբունքով կը նշանակէր պարտադիր զինուորութեան մէջ ներառել նաեւ քրիստոնեաները եւ ոչ միայն իսլամները` ինչպէս նախապէս էր: Եւ կար «օսմանականացման» վարդապետութիւնը, այսինքն` կայսրութեան մնացեալ բոլոր ժողովուրդներ իշխող թուրք ցեղին մէջ ձուլելը, ինչ որ շուտով խորհրդարանի հայ անդամները մղեց ընդդիմութեան շարքերը, ուր արաբներու հետ կողք կողքի, քուէարկեցին ընդդէմ չարամիտ առաջարկներու` ինչպիսին է երկրորդական բոլոր դպրոցներուն պարտադիր լեզուն թրքերէնը ճշդելը»:

Աղեքսանդրիոյ մէջ փրկուած հայ մանուկներ:

Բրիտանական օրաթերթը կը նշէ, որ երբ 1912-ին պալքանեան պատերազմը ծագեցաւ, հայերը այնքան լաւ կռուեցան «վասն հայերու եւ թուրքերու հասարակաց հայրենիքին», որ իրենց թուրք սպաներուն գնահատման գիրերուն արժանացան: «Տը Թայմզ» կը գրէ, որ`  «Երիտասարդ թուրքերու պատերազմ յայտարարելը զուգադիպեցաւ հայկական գլխաւոր խորհրդարանական խմբակցութեան` Դաշնակցութեան Էրզրումի մէջ ընդհանուր ժողովին»: Օրաթերթը կը յայտնէ, թէ թուրքերը պատուիրակներ ուղարկելով` առաջարկեցին, որ օսմանեան եւ ռուսական կայսրութիւններուն մէջ գտնուող հայերը կամաւորական գունդեր կազմեն եւ Թուրքիոյ կողքին կռուին, որուն փոխարէն «Թուրքիա կը խոստանայ, ի միջի այլոց, Ռուսահայաստանի մէջ ինքնավար հայկական պետութիւն մը ստեղծել: Սակայն Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովը կտրուկ կերպով մերժեց այն հիմամբ, որ Ռուսիոյ հետ վէճ մը չունէին, կասկածելի կը նկատէին, թէ թրքական կառավարութիւնը կրնայ գրաւել այդ տարածքները, կը կասկածէին նաեւ, որ ան իր խոստումը կը յարգէ, չէին մոռցած, որ թուրքերը հայերը անցեալին օտարներ եւ ոճրագործներ համարած էին, ինչպէս նաեւ Ատանայի ջարդերը թուրք-հայկական համաձայնութիւնը քանդած էր: Հայերը հաստատեցին, թէ մտադիր են, իբրեւ օսմանցի քաղաքացիներ, իրենց պարտաւորութիւնը կատարել, սակայն մերժեցին ատկէ աւելին կատարել: Հետագային,  ճակատներուն վրայ արձանագրուած ձախողութիւններէն ետք, հայերը քաւութեան անխուսափելի նոխազի վերածուեցան»:

Հայաստանի մէջ եկեղեցւոյ մը (Զուարթնոց «Ա.») առջեւ` հայեր, իրենց վարդապետին հետ, որոնք ապաստանելու համար փախուստ տուին դէպի իրենց աղօթավայրը:

«Հայերու բնաջնջումը» հետաքրքրական աղբիւր մը ըլլալուն կողքին, նաեւ այլ աղբիւրներ կը նշէ: Իբրեւ հաւաստի աղբիւր` կը նշուին ամերիկացի միսիոնար Կրէյս Հիկլի Քնափ, վկայութիւնները, որոնք հիմնուած են 1915-ի վերջաւորութեան Միացեալ Նահանգներու մէջ Քնափի լոյս ընծայած` Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ Վանէն գրած իր նամակներուն վրայ:

«Տը Թայմզ» կը հաղորդէ, որ Փանթուրանական գաղափարը ծնունդ առած է «Գերմանիոյ մէջ ցեղային իշխանութեան եւ ցեղային ճնշումի աշխարհագրութեան կեդրոնական եւրոպացի մասնագէտ պերլինաբնակ դոկտ. Ռոհըրպախ»ի (հաւանաբար Փօլ Ռոհըրպախ 1869-1956 «Ա.») կողմէ, Վիլհելմ Բ. կայսրի համար պատրաստուած յատուկ ուսումնասիրութեան մը մէջ, զոր Պերլինի մէջ պաշտօնական շրջանակներուն ներկայացուցած է դռնփակ գաղտնի դասախօսութեան մը ընթացքին, ապա զայն քննարկած է հրատարակուած յօդուածներու մէջ: Դոկտ. Ռոհըրպախ առաջարկած է հայերը հարաւ աքսորել եւ զանոնք տեղակայել Պաղտատի երկաթուղիին նախատեսուած ճամբուն վրայ, նշելով, որ` «այդ շրջանները, կարողական գետնի վրայ,  թրքական կայսրութեան ամէնէն հարուստ շրջաններն են, սակայն հազարաւոր տարիներէ ի վեր անտեսուած մնացած են, իսկ Պաղտատի երկաթուղիին նպատակը այդ շրջանի հարստութիւնները արտաքին աշխարհին հասանելի դարձնելն է, սակայն պարզապէս երկաթգիծեր զետեղելը չի կրնար երկիր մը վերակենդանացնել` առանց վարպետ եւ աշխատունակ ձեռքերու»: Ուստի առաջարկած է. «Եթէ Օսմանեան կայսրութեան ամէնէն խոստումնալից տարրը կապի մէջ մտցուի ամէնէն խոստումնալից տարածքին հետ, կայսրութիւնը պիտի տնտեսապէս զօրանայ, Պաղտատի երկաթուղիին ընկերութեան մէջ գերմանացի բաժնետէրերուն շահերը պիտի երաշխաւորուին, եւ շարք մը քաղաքական զգայուն հարցեր բաղձալի լուծում մը պիտի ստանան, եւ այս բոլորը` ի շահ գերմանական համաշխարհային իշխանութեան»:

Նշենք, որ բրիտանական օրաթերթին գրութեան մէջ նշուած են նաեւ Արամ Մանուկեանի, Ռուբէնի եւ Իշխանի անուններու անոնց հետ կապուած իրադարձութիւններ:«Տը Թայմզ» գրութեան վերջաւորութեան, խօսելով Հայոց ցեղասպանութեան մասին, կ՛եզրակացնէ, թէ` «այդ բռնարարքներուն դիտաւորեալ նպատակը հայկական ցեղի բնաջնջումն էր, եւ յանցանքին գնահատական տալը դժուար չէ»:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Յ. Գ.- Նկարներու բացատրութիւնները այնպէս, ինչպէս լոյս տեսած են «Տը Թայմզ»ի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES