ՔԻ ՄՈՒՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻՆ` ՎԵՐԱԾՈՒԵԼՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Քի Մուն կը ներկայացնէ իր տեղեկագիրը

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն երէկ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուց թիւ 1559 բանաձեւին գործադրութեան մասին իր 30-րդ տեղեկագիրը, որուն մէջ ան նկատել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ միլիսներու եւ առատ զէնքի ու զինամթերքի գոյութիւնը յոռետեսութիւն կը ներշնչէ: Ան կոչ ուղղեց յատկապէս Հըզպալլային` վերածուելու լոկ քաղաքական կուսակցութեան, նկատի ունենալով, որ Հըզպալլա իր զէնքով բաւական սարսափ պատճառած է:

Պան Քի Մուն հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ զէնքի ուժով քաղաքացիներուն վախ ու սարսափ ազդելու իրականութիւնը մերժելի է:

Քի Մուն շեշտեց, որ լիբանանցի ղեկավարները պէտք է վերադառնան լիբանանեան Ազգային երկխօսութեան խորհուրդի նիստերուն: Այս ծիրին մէջ, Քի Մուն ողջունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ Լիբանան յանձնառու պիտի մնայ իր միջազգային պարտականութիւններուն:

Միւս կողմէ, Պան Քի Մուն շեշտեց, որ քաղաքական միջոցներով լիբանանեան զինեալ կողմերուն, յատկապէս Հըզպալլայի ապազինումը լաւագոյն միջոցը եւ լուծումը պիտի ըլլայ` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի զէնքին նկատմամբ լիբանանեան համախոհութիւնը վերջ գտած է:

Քի Մուն ընդգծեց նաեւ, որ անհրաժեշտ է քաղաքական աւելորդաբանութիւններէն հեռու պահել Միջազգային դատական ատեանին գործունէութիւնը` շեշտելով, որ պէտք չէ այդ ատեանին աշխատանքներուն եւ առաքելութիւններուն միջամուխ ըլլալ:

Պան Քի Մուն նշեց, որ լիբանանցիներուն իրաւունքն է իրենց երկիրը կայուն պահել եւ վերջ տալ երկրին մէջ տիրող սպառնալիքի ու սարսափ տարածելու ոճին:

ՀԸԶՊԱԼԼԱ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ

Պատասխանելով Պան Քի Մունի պատրաստած վերոնշեալ տեղեկագիրին` Հըզպալլա ըսաւ, որ իրեն համար նորութիւն մը չէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին կողմէ որդեգրուած այդ անարդար ու անիրաւ կեցուածքները, որոնք կը վերաբերին Լիբանանին, եւ յատկապէս այն երեւոյթին, թէ Հըզպալլան է Լիբանանի դիմագրաւած բոլոր հարցերուն պատասխանատուն:

Հըզպալլա դիտել տուաւ, որ իրականութեան մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին կատարած այս աշխատանքը սահմանուած կ՛ըլլայ ամերիկեան վարչակազմին եւ արեւմտեան պետութիւններուն կողմէ, իսկ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարները իրենց ստանձնած առաքելութիւնը բծախնդրութեամբ կը գործադրեն` միջազգային ապահովութեան ու արդարութեան հսկելու փոխարէն:

Հըզպալլա ընդգծեց, որ Քի Մուն իր վերջին տեղեկագիրով կը պաշտպանէ սիոնական գոյացութիւնը եւ անոր ահաբեկչութիւնը, որովհետեւ այդ տեղեկագիրին ենթահողը կը նկատուին Թերի Ռոտ Լարսընի կողմէ պատրաստուած տեղեկագիրները, որոնք ամբողջական թշնամութիւն կը ցուցաբերեն Դիմադրութեան, Լիբանանին եւ արաբներուն դէմ:

Հըզպալլայի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նաեւ նկատել տրուեցաւ, որ Դիմադրութիւնը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը` ընդդիմանալով իսրայէլեան ամէն տեսակի յարձակումներուն, բռնարարքներուն, ահաբեկչութեան եւ բռնագրաւումներուն` յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ ՄԱԿ-ը եւ անոր Ապահովութեան Խորհուրդը կատարելապէս կ՛անտեսեն պաղեստինցիներուն դէմ գործուող սիոնական սպանդները:

Share this Article
CATEGORIES