«ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԵՒ ԱՊՐԻԼ 24-ԻՆ ԶՈՒԳԱԴԻՊԵԼՈՒՆ ՄԷՋ ՄԵՆՔ ՊԷՏՔ Է ՏԵՍՆԵՆՔ ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՀԱՒԱՏՔԻՆ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԳԵՂԵՑԻԿ ՊԱՏԿԵՐԸ» ՀԱՍՏԱՏԵՑ ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ

Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով կիրակի, 24 ապրիլին Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ` ձեռամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի:

Առաջնորդ սրբազանը իր քարոզին մէջ նկատել տուաւ, որ Քրիստոսի յարութիւնը տեղի ունեցաւ 2000 տարի առաջ, եւ եկեղեցին այնուհետեւ ամէն տարի կը կրկնէ նոյն աւետիսը` ուրախութեան նոյն հոգիով:  «Յարութեան լուրը աւետիս կոչուեցաւ, որովհետեւ աւետիսը մեծ ուրախութեան լուր է», հաստատեց սրբազանը` աւելցնելով, որ Քրիստոսի յարութիւնը եղաւ եկեղեցւոյ առաջին եւ մեծագոյն տօնը, զոր ժողովուրդը սկսաւ ուրախութեամբ տօնել: «Քրիստոսի յարութիւնը մարդու կեանքը հաստատեց մնայուն արժէքներու վրայ», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը` նկատել տալով, որ մեր հաւատքը հիմնուած է Քրիստոսի յարութեան վրայ:

Սրբազանը հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կրնանք միացնել յարութեան տօնը եւ Ապրիլ 24-ը` աւելցնելով, որ մեր սերունդը բախտաւոր է, որովհետեւ տոմարային իմաստով տեսանք նոր դարաշրջան մը: Ան բացատրեց, որ 1900-ական թուականները անցան եւ նոր դարաշրջան մտանք, տեսանք հազարամեակի փոփոխութիւն, տեսանք նաեւ Զատկուան եւ Ապրիլ 24-ի զուգադիպիլը, որ 532 տարին անգամ մը կը պատահի հայկական տոմարին մէջ:

«Հայ ժողովուրդը իր հոգին պահելու համար իր ունեցածը տուաւ», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ Յարութեան տօնին եւ Ապրիլ 24-ին նոյն օրուան զուգադիպելուն մէջ մենք պէտք է տեսնենք մեր հայրերու հաւատքին յարութեան գեղեցիկ պատկերը` նշելով միաժամանակ, որ մեր նահատակները տուին իրենց կեանքը եւ նիւթական ունեցածքը` սերունդները փրկելու համար: «Նոյն ոգիով ցեղասպանութենէն վերապրած սերունդը աշխատեցաւ, իր ունեցածը տուաւ, դպրոց շինեց, եկեղեցի կանգնեց, ակումբ շինեց, միութիւն հաստատեց, որովհետեւ պէտք էր, որ ազգութիւնը մնար իր բոլոր արժանիքներով», հաստատեց Գեղամ արք. Խաչերեան` եզրափակելով, որ այսօր մեզմէ կը պահանջուի յարութեան հաւատքով եւ նահատակներու քաջութեամբ մնալ ու պահել մեր արժէքները եւ երկու առիթները միացած` մեր կեանքը ապրիլ աւելի գիտակից կերպով եւ չկորսնցնել ինչ որ արժէքաւոր է, այլ զոհել մարմինը մշակոյթի եւ ազգի յաւերժութեան համար:

Պատարագի աւարտին սրբազան հայրը Ս. Յարութեան տօնին առիթով շնորհաւորութիւններ ընդունեց քաղաքի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ` մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 1:00, իսկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-6:00:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES