Ս. ԶԱՏԻԿԸ` ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ. «ԱՌԱՆՑ ԽԱՉԻ ՉԿԱ՛Յ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ. ԱՅՍ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՎԿԱՆ ԵՂԱՒ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ` ՏԱՌԱՊԱՆՔԷՆ ԵՏՔ ԻՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՏԵՍՆԵԼՈՎ»

Կիրակի, 24 ապրիլ 2011-ին, Ս. Զատիկի օրը այս տարի խորհրդալից զուգադիպութեամբ հանդիպեցաւ հայ ժողովուրդի մէկուկէս միլիոն նահատակներու ոգեկոչման օրուան` Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակին:

Յարութեան շունչով լեցուն օրուան խորհուրդին հետ այնքան համատեղուող հայ ժողովուրդի վերյառնումին ու վերընձիւղման գաղափարը, հաւատքով ու ազգային բարձր գիտակցութեամբ ընդունեց մեր ազգը, աշխարհի ամբողջ տարածքին:

Հայ ժողովուրդի տասնամեակներու վճռակամ պահանջատիրութեան ձայնակից շարք մը պետութիւններու կողքին, այս տարի Ս. Զատկուան ու Հայոց ցեղասպանութեան թուականներու համընկնումի երեւոյթը օգտագործելով, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդն ու Եւրոպական եկեղեցիներու խորհուրդը միասնաբար կոչ ուղղած էին քրիստոնեայ բոլոր եկեղեցիներուն` Ս. Զատկուան իրենց արարողութիւններուն ընթացքին յատուկ կերպով յիշելու Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերը, որոնք 1915-ի ընթացքին տեղահանուեցան եւ ապա անոնց մեծ մասը` մէկուկէս միլիոնը անլուր չարչարանքներով տանջուելէ ետք, ջարդուեցան անապատներու ու անմարդաբնակ վայրերու մէջ: Փաստօրէն այս ուղղութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը տասնամեակներ շարունակ, բարձրագոյն պատասխանատուութիւններու հասած իր ներկայացուցիչներով, ու վերջին շուրջ քսան տարիներուն` Արամ Ա. կաթողիկոսին ջանքերով, յաջողած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը լուսարձակի տակ բերել, խորհուրդի տարբեր ծրագիրներուն ճամբով:

Կիրակի առաւօտ լեցուն էր Անթիլիասի մայրավանքին Մայր տաճարն ու շրջափակը խուռներամ հաւատացեալներով:

Պատարագիչն էր Արամ Ա. կաթողիկոս, որ նաեւ տուաւ իր հայրապետական պատգամը: Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան ու մեր ժողովուրդի վերյառնումին գաղափարները միազանգելով` վեհափառը խօսեցաւ խաչին, տառապանքին, նեղութեան ու չարչարանքներուն յաջորդող պայծառ առաւօտեան` Յարութեան մասին: «Առանց խաչի չկա՛յ յարութիւն: Քրիստոս ընթացաւ խաչի ճամբէն` ցոյց տալով իր հետեւորդներուն, թէ ի՛նչ կը սպասէր անոնց: Քրիստոնէական կրօնէն անբաժան է խաչը: Անիկա միայն քրիստոնէութեան խորհրդանշանը չէ, այլ տառապանքի: Սակայն տառապանք, որուն լրումը կամ ամբողջացումը յաղթանակ է, յարութիւն է, կեանք է», ըսաւ վեհափառը:

Ապա, վեհափառը անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայ ժողովուրդի յարութեան: «Հայ ժողովուրդը իր տառապանքի ամէնէն թէժ պահերուն, թրքական օսմանեան պետութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած անապատային հաւաքական սպանդանոցին մէջ, սրախողխող դիակներուն վրայէն քալած իսկ ժամանակ, չկորսնցուց Քրիստոսի յարութեան մասին ունեցած իր հաւատքը: Այդ հաւատքն էր որ երաշխաւորեց իր իսկ յարութիւնը: Այսօր Ապրիլ 24 է, նահատակաց ոգեկոչման օրն է, եւ Քրիստոսի յարութեան տօնով աւելի իմաստաւորուած է, որովհետեւ այս տօնը նաեւ մեր ժողովուրդի յարութեան տօնը կը դառնայ` մեր քրիստոնէական ամուր հաւատքին վրայ խարսխուած», շեշտեց վեհափառը:

Յայտնենք, Արամ Ա. կաթողիկոս այս տարի Ս. Զատկուան շնորհաւորական այցելութիւններ չընդունեց` Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն յիշատակին ի յարգանս:

 

Share this Article
CATEGORIES