ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴԻ ՄԷՋ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՏՈՒՐՔ` ՄԷԿՈՒԿԷՍ ՄԻԼԻՈՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ

Կիրակի, 24 ապրիլի կանուխ առաւօտուն արդէն իսկ հայորդիներու բազմութիւն մը սկսած էր ուղղուիլ Ծիծեռնակաբերդ` իր յարգանքի տուրքը մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն, խոնարհելու անմար կրակին դիմաց եւ ծաղիկ մը զետեղելով խոստանալու շարունակել պահանջատիրական երթը:

Եղեռնի նահատակներուն յիշատակը յաւերժացնող յուշարձան այցելեցին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան,  Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս, Ազգային Ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, կառավարութեան անդամներ, պատգամաւորներ եւ դեսպաններ:

Նախագահը ծաղկեպսակ զետեղեց յուշարձանին առջեւ, իսկ Գարեգին Բ. կաթողիկոս հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարեց Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն համար, ինչպէս նաեւ յիշեց Յիսուսի յարութիւնը:

Մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր ժողովուրդին հոսքը չդադրեցաւ, իսկ ծաղիկներու թէզը բարձրացաւ ու բարձրացաւ` ի յարգանս մեր նահատակներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES