«Սուրիա Կը Յուսայ, Որ Իպրահիմիի Շրջապտոյտը Խաղաղութեան Առիթները Ամրապնդէ» Կ՛ըսէ Մաքտիսի

Սուրիա յոյս յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի միջինարեւելեան երկիրներուն մէջ կատարած քննարկումները քաղաքացիական պատերազմին վերջ տալու համար «շինիչ նախաձեռնութեան մը» առիթ ընծայեն, սակայն դարձեալ շեշտեց, որ տագնապի երկու կողմերն ալ պէտք է գոյանալիք խաղաղութեան ծրագիրը յարգեն:

ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ժիհատ Մաքտիսի յայտնած է, որ սուրիական կողմը կը սպասէ Իպրահիմիի այցելութեան արդիւնքները լսելու. այցելութիւն այնպիսի երկիրներ, որոնք «զինեալ խմբաւորումներուն վրայ բացայայտ ազդեցութիւն ունին»` յոյս յայտնելով, որ Իպրահիմի «իրեն հետ այդ երկիրներէն կը բերէ որեւէ շինիչ նախաձեռնութեան յաջողութեան առաջնորդող բան մը»:

Մաքտիսի ըսաւ, որ Սուրիա նախապէս արաբական եւ միջազգային նախաձեռնութեանց նկատմամբ յանձնառութիւն յայտնած էր, իսկ զանոնք ձախողութեան մատնողը զինեալ խմբաւորումներն ու անոնց վրայ ազդեցութիւն ունեցող երկիրներն էին: Ան նշեց, որ որեւէ նախաձեռնութիւն, ինչ տեսակի ալ ըլլայ, յաջողելու համար կողմերուն անոր նկատմամբ յանձնառութեան կը կարօտի:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նշեց, որ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի հետ հանդիպումը սուրիական թղթածրարին վրայ կեդրոնացած է իրենց երկու երկիրներէն, Եգիպտոսէն եւ Սէուտական Արաբիայէն կազմուած քառանդամ յանձնախումբի աշխատանքին ծիրին մէջ: Ան նշեց, որ «երկու կողմերը զինադուլի հաստատման աջակցութեան կարեւորութեան շուրջ համաձայնեցան»:

Էրտողան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսաւ, որ«Սէուտական Արաբիա չ՛ուզեր քառանդամ յանձնախումբին մէջ աշխատիլ, որովհետեւ Իրան անոր մէջ ներառուած է, ուստի Անգարա առաջարկեց, որ յանձնախումբը եռանդամ ձեւաչափով գործէ` առանց Սէուտական Արաբիոյ մասնակցութեան»: Ան ըսաւ, որ իր կառավարութիւնը նաեւ առաջարկած է Թուրքիոյ, Իրանի եւ Ռուսիոյ կողմէ եռակողմ աշխատանք մը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ, Եգիպտոսի եւ Սէուտական Արաբիոյ մասնակցութեամբ աշխատանքներուն հետեւող յանձնախումբի մը կազմութիւնը»` նշելով, որ «սուրիական տագնապին լուծում գտնելու ծիրին մէջ այն արդիւնքները, որոնց այս երկիրները պիտի հասնին, աւելի համապարփակ պիտի ըլլան»:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հոնկ Լի յայտնեց, որ «Չինաստան կը յուսայ, որ Սուրիոյ մէջ առնչակից կողմերը երկրին ու անոր ժողովուրդին նկատմամբ պատասխանատու վարուելակերպ որդեգրեն»` յոյս յայտնելով, որ «Սուրիոյ մէջ կողմերը առիթը օգտագործեն սուրիացի ժողովուրդի ղեկավարութեամբ քաղաքական փոխանցման հոլովոյթի մը սկսելու պայմանները ստեղծելու»:

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Յորդանանի վարչապետ Ապտալլա Նուսուր հերքեց այն լուրերը, թէ որոշ պահու մը Սուրիա մուտք գործելու համար Յորդանանի մէջ օտար ուժեր տեղակայուած են: Ան շեշտած է, որ յորդանանեան բանակը արաբական լաւագոյն բանակներէն է, ինչպէս նաեւ աշխարհի լաւագոյն բանակներէն մէկը. «անիկա թէեւ սակաւաթիւ է, սակայն շատ ազդու, ինչ որ մեր հողերը պաշտպանելու համար բաւարար է»:

Ան նաեւ հերքեց, թէ ամերիկեան ուժերու կողմէ յորդանանեան ուժերու մարզումին ետին զինուորական յարձակողական նպատակներ գոյութիւն ունին:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս սուրիական վարչակարգը ամբաստանեց տարանջատուող ռումբեր օգտագործելու յանցանքով: Նշենք, որ «Հիումըն Ռայց Ուոչ» կազմակեպութիւնը այդ ամբաստանութիւնը հնչեցուցած էր, իսկ Դամասկոս զայն հերքած էր:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )