ՄԱՐՈ՞ՔՆ Է ԱՐԴԵՕՔ ԸՄԲՈՍՏՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԻՆ ՅԱՋՈՐԴԸ

Ռապաթի մէջ ցոյցերը այժմ առօրեայ երեւոյթ են

Մարոքի մէջ ժողովրդավարութեան կողմնակից գործիչները սկսած են կազմակերպուիլ յաւելեալ հաւաքական, զանգուածային ցոյցերու համար, այս ամսուան ընթացքին: Անոնք բաւարարուած չեն «համապարփակ» սահմանադրական բարեփոխում կատարելու վերաբերեալ երկրի թագաւորին տուած խոստումով:

Հիւսիսային Ափրիկէի այլ վայրերու մէջ տեղի ունեցած ցոյցերու յաջողութիւններէն ներշնչուած` տասնեակ հազարաւոր մարոքցիներ փողոց իջած են 20 փետրուարէն ի վեր:

Մարոքի Մոհամետ Զ. թագաւորը հակազդեց երեք շաբաթ ետք` խոստանալով փոփոխութիւններ, որոնք կրնան ջրախառնել, նօսրացնել իր բացարձակ միապետութիւնը:

Երկրի վարչապետը այս քայլը «Խաղաղ յեղափոխութիւն» անուանեց: Բայց ցոյցերու ղեկավարները պնդեցին, որ առաջարկները, խոստումները, իրենց պահանջներէն շատ նուազ են:

«Մեր առաջին պահանջը սահմանադրութիւն է` ժողովուրդին համար եւ ժողովուրդին կողմէ. ամբողջական բարեկարգում», ըսաւ Մոնթասեր Տրիսի, որ երիտասարդ առաջին ցուցարարներու խումբի անդամներէն է:

20 փետրուարի շարժումը արագօրէն աճեցաւ դիմագիրքի (ֆէյսպուք) միջոցով, եւ այժմ շաբաթական հերթականութեամբ յաւելեալ հաւաքներու մասնակցելու կոչեր կ՛ուղղէ:

«ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿ ՉԿԱՅ»

Թագաւորը յանձնախումբի մը հրահանգեց մշակել սահմանադրական բարեփոխումներու նախագիծ մը, որ ներառէ վարչապետի պաշտօնը ընտրովի, այլ ոչ թէ նշանակովի ընելու կէտը:

Անոնք այժմ կը յանդգնին լսելի դարձնել իրենց քննադատութիւնը:

Ապա առաջարկները հանրաքուէի պիտի դրուին:

Բայց յանձնախումբին անդամները թագաւորը ինք ընտրած եւ նշանակած է, հետեւաբար ցուցարարները կը հաւատան, թէ որեւէ փոփոխութիւն մակերեսային պիտի ըլլայ: Ուրեմն ցոյցերը կը շարունակուին:

«Յանձնախումբը ճնշումի տակ պահելը օգտակար է: Եթէ ժողովուրդը փոփոխութիւն կ՛ուզէ, իսկ թագաւորը չ՛ուզեր, ան առանձին պիտի մնայ, պիտի մեկուսանայ: Թագաւորը պէտք է լսէ ժողովուրդին պահանջը», ըսաւ Տրիսի:

Այս մարդոցմէ շատեր այժմ իրենց պահանջները կը շեփորահարեն Մարոքի մայրաքաղաքին բոլոր փողոցներուն մէջ:

Կեդրոնական Ռապաթի մէջ այս օրերուն շատ հազուադէպ է քալել` առանց ցոյցի մը հանդիպելու:

Գործազուրկ համալսարանաւարտներ խորհրդարանին առջեւ նստացոյց կ՛ընեն, հարիւրաւոր  ուսուցիչներ կրթութեան նախարարութեան դիմաց վրաններ լարած են:

Այլ խումբեր երթի կը մասնակցին Մոհամետ Ե. պողոտային վրայ` իրենց յուսախաբութիւնն ու զայրոյթը բարձրախօսներու միջոցով լսելի դարձնելով:

«Ազատագրութեան հրապարակ» չկայ հոս, ցոյցերու համար` առօրեայ ոչ մէկ կիզակէտ: Բայց ժողովրդավարական ալիքը, որ հարուածեց Եգիպտոսն ու Թունուզը, յանդգնութիւն տուաւ, քաջալերեց մարոքցիները, որպէսզի բարեկարգումներու աննախընթաց պահանջներ եւ կոչեր ընեն:

«Անոնք կը յանդգնին բարձրաձայն քննադատել, բան մը, որ նախապէս չէին համարձակեր: Անոնք կը յանդգնին ըսելու, թէ` «մենք կ՛ուզենք թագաւոր մը, որ չ՛իշխեր, այլ խորհրդանիշ է: Անոնք այժմ կը համարձակին ըսելու եւ ասիկա քննարկելու», կը յայտնէ Մոհամետ Պուքիլի, որ անդամ է մարդկային իրաւանց պաշտպան մարոքեան ընկերակցութեան:

ԽՕՍՔԻ ԱՐԳԵԼՔ

Ան կը մատնանշէ, որ Մոհամետ Զ. թագաւորը ընդունած է իբրեւ բարեկարգիչ, իր հօրը` Հասան Բ.ի ծանր, գռեհիկ տիրապետութենէն ետք: Այդ ժամանակաշրջանին մարդիկ տանջանքներու ենթարկուած, սպաննուած եւ բռնի անհետացած են:

Բազմաթիւ մարոքցիներ իրեն ցթագաւորին` Մոհամետ Զ.ի հանդէպ ակնածանք ունին

Նոյնիսկ այս պարագային ազատ խօսքի սահմանափակումները կը մնան. կարգ մը օրաթերթեր փակուած են, եւ թագաւորը անառարկելի, անվիճելի, Մարոքի կրօնական գերագոյն հեղինակութիւնն է:

«Քաղաքացիական հասարակութեան բազմաթիւ գործիչներ կան, որոնք այժմ փոփոխութեան եւ իսկական բարեկարգումներու համար ճնշումներ կը գործադրեն: Իսկական պահանջ կայ», կ՛ըսէ լրագրող Տրիս Քսիքես: 2007 թուականին ան երեք տարուան առկախուած վճիռ ստացաւ քաղաքականութեան, կրօնի եւ սեռային հարցերու վերաբերեալ ծիծաղելի նիւթեր հրատարակելուն համար:

«Այժմ անհաւասարակշռութիւն կայ: Թագաւորութիւնը շատ հզօր է, եւ փողոցէն եկող ճնշումը ազատ Մարոքի համար կենսական է: Մենք գիտենք, որ առիթ մը կայ, եւ թէ` կրնայ այլ առիթ մը չըլլալ», աւելցուց ան:

Հետեւաբար Առեւտուրի համադաշնակցութեան շէնքի վերջին յարկին վրայ, Ռապաթի մէջ, 20 փետրուարի շարժումը կը ծրագրէ իր յաջորդ քայլը:

Շարժումը մերժեց թագաւորին նշանակած յանձնախումբին հետ սահմանադրական փոփոխութիւններ քննարկել` պնդելով, որ ատիկա թերի հոլովոյթի մը օրինականութիւն կրնայ շնորհել: Փոխարէնը` նստացոյցի, հաւաքներու եւ երթերու մասին կը խօսուի:

Յոյս կայ, որ շարժումը յաջողի աւելի հրահրել յուսախաբութիւնն ու զայրոյթը այլ խմբակներու, որոնք ցոյցեր կը կազմակերպեն աւելի որոշակի պահանջներով, ինչպէս` փտածութեան եւ գործազրկութեան դէմ պայքար:

Համալսարանաւարտները, որոնք բազմութեան մէկ մասն էին, դժգոհ են, որովհետեւ իրենց ստացած վկայականով աշխատանք չեն կրնար գտնել` առանց միջնորդներու եւ կաշառքի:

«Արաբական աշխարհի մէջ տեղի ունեցած դէպքերէն ետք, մենք մեր բախտը փորձեցինք պահանջելու համար մեր իրաւունքները», կ՛ըսէ Ալի` գործազուրկ համալսարանաւարտ մը, որ քայլարշաւին կը մասնակցի:

«Մենք կը տանջուինք, կը տագնապինք, բայց այս մասին չէինք կրնար ըսել Եգիպտոսի եւ Թունուզի դէպքերէն առաջ: Բայց թերեւս մենք այժմ աւելի իրաւունքներ ունինք»:

«Մենք հոս եկած ենք բողոքելու համար բազմաթիւ հարցերու, ներառեալ քաղաքական խնդիրներու դէմ: Բայց առաջնահերթութիւնը գործազրկութեան հարցին լուծումն է», համաձայն գտնուեցաւ գործազուրկ ուսուցիչ մը:

«ԹԱԳԱՒՈՐԸ ՄՏԻԿ Կ՛ԸՆԷ»

Այժմ բացայայտ պահանջներ կան Մոհամետ Զ. թագաւորին գործադիր դերակատարութիւնը նուազեցնելու: Բայց երեք դար տեւած թագաւորութենէն ետք մարոքցիներուն մեծամասնութիւնը հաւատարիմ կը մնայ անոր:

Շատեր իրենց տառապանքին համար կը մեղադրեն կառավարութիւնն ու պալատի խորհրդատուները, այլ ոչ թէ` թագաւորը:

Իրենց պահանջները իսկական բարեկարգումի համար են, յեղափոխութիւն չեն:

«Ինչ որ Թունուզի մէջ պատահեցաւ, հոս պիտի չպատահի, որովհետեւ ժողովուրդը կը սիրէ իր թագաւորը», ըսաւ Տրիս անունով մարդ մը` մայրաքաղաքին մէջ ծառի մը շուքին տակ նստած:

«Ան միակ անձն է, որ իսկապէս բան մը կ՛ընէ: Երբ ժողովուրդը կը բողոքէ, թագաւորը մտիկ կ՛ընէ»:

Բայց այս ցոյցերուն տարողութիւնն ու կշիռը նոր է Մարոքի համար: Հիւսիսային Ափրիկէի այլ վայրերուն մէջ տեղի ունեցող դէպքերը նկատի ունենալով,  անոնցմէ զգուշանալով` պետութիւնը շփոթահար է:

«Ամէն ոք կը փորձէ պատասխանել խոր փոփոխութեան գծով երիտասարդ մարոքցիներու պահանջին», ըսաւ Պուքիլի:

Ան ունի լուսանկարներ, ուր կը տեսնուին ցուցարարներ, զորս ոստիկանութիւնը կը խոշտանգէ 20 փետրուարի ցոյցի ատեն: Բայց կ՛ըսէ, թէ այդ օրէն ի վեր ոստիկանութիւնը շատ միջամուխ չեղաւ:

«Ժողովուրդը թեթեւ փոփոխութիւններ այլեւս չ՛ուզեր: Ատիկա մարոքցիները պիտի չհանդարտեցնէ: Կը յուսամ, որ անոնք պիտի հասկնան այս իրողութիւնը եւ երիտասարդներուն ակնկալած պատասխանները պիտի տան», կ՛ըսէ ան:

«Այժմ կայ ազատութիւններու լուսանցք մը, սահման մը, որ տրուած է ճնշումի ներքեւ: Կը յուսամ, որ ատիկա ճամբան պիտի հարթէ Մարոքի մէջ իսկական ժողովրդավարութեան հաստատման»:

ՍԱՌԱՀ ՌԷՅՆՍՖՈՐՏ

«Պի. Պի. Սի.»

Share this Article
CATEGORIES