ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. – ՏՂՈՑ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀՄԸՄ ՀԱԼԷՊ ՄՆԱՑ Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ

Շաբաթ, 23 ապրիլին, Հալէպի «Ասատ» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան լասթ-ֆորի հինգերորդ եւ վերջին մրցումը` ՀՄԸՄ Հալէպի եւ Մահարտէի միջեւ: Երկու կազմերուն համար ալ յաղթանակը կը նկատուէր կարեւոր, որովհետեւ պարտուող խումբը պիտի փոխադրուէր Բ. դասակարգ:

Շուրջ հազար համակիրներու ներկայութեան, ՀՄԸՄ Հալէպի տղաքը 71-59 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով մնացին Ա. դասակարգ:

Հակառակ անոր որ Մահարտէ Ա. կիսախաղը աւարտեց ի նպաստ իրեն (30-26), իսկ երրորդ քորթըրին սկիզբը կէտերու տարբերութիւնը կրցաւ բարձրացնել ութի, սակայն ՀՄԸՄ պայքարելով եւ տիրապետելով իր մրցակիցին վրայ, յաջողեցաւ մրցումին արդիւնքը ի նպաստ իրեն շրջելով տանիլ վերջնական յաղթանակը` 12 կէտի տարբերութեամբ (71-59):

Մրցումին վերջին վայրկեաններուն, Մահարտէի մարզիկները սկսան կորսնցնել իրենց մարզական ոգին եւ անտեղի հարուածներ տալ ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն: Ատոր պատճառով էր, որ Նժդեհ Չամսաքեան, վիրաւորուելով մրցումը չկրցաւ շարունակել:

Share this Article
CATEGORIES