Ճշմարտութեան Փնտռտուք. Արդա՞ր, Թէ՞ Անարդար

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՇՏ ԱԼ ՊԻՏԻ ՉՅԱՋՈՂԻ ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԵԱՄԲ ՃԻՇԴ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԳՏՆԵԼ: ՍԱԿԱՅՆ ՄԱՐԴԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՍՕՐ ՇԱՏ ԱՒԵԼԻ ԲԱՆ ԳԻՏԷ` ՇՆՈՐՀԻՒ ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ: ԻՍԿ ՃԻ՞ՇԴ Է ՄԵՂԱԴՐԵԼ ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐԸ, ԵՐԲ ԱՆՈՆՔ ԿԸ ՍԽԱԼԻՆ: ԻՏԱԼԱՑԻ 6 ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐ ԵՒ ՊԵՏԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՆԱԽԿԻՆ ՊԱՇՏՕՆԵԱՅ ՄԸ 6 ՏԱՐՈՒԱՆ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԵՑԱՆ 2009-ԻՆ Լ՛ԱՔԻԼԱՆ ՀԱՐՈՒԱԾԱԾ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻՆ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ ԻՐԵՆՑ ՍԽԱԼ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ: ՎՃԻՌԸ ՑՆՑԵՑ ԳԻՏԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐԸ, ԻՏԱԼԻՈՅ ԱՂԷՏԻ ԼՈՒՐՋ ՎՏԱՆԳՆԵՐԸ ՆԱԽԱՏԵՍՈՂ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻՆ ՂԵԿԱՎԱՐԸ ՀՐԱԺԱՐԵՑԱՒ` ԻԲՐԵՒ ԲՈՂՈՔ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԵՒ ԿԱՊԸ ԳՐԳՌՈՂ ՀԱՐՑԸ.

Անցեալ երկուշաբթի 6 գիտնականներ եւ նախկին բարձրաստիճան պատասխանատու մը իրաւական պատիժի ենթարկուեցան` աւերիչ երկրաշարժէ մը առաջ վստահութիւն ներշնչող սխալ յայտարարութեամբ մը մեծ թիւով մարդոց մահ պատճառելու յանցանքով: Սակայն զանոնք պաշտպանող իրաւաբանները կ՛ըսէին, թէ մեծ երկրաշարժեր նախատեսելու ոչ մէկ միջոց գոյութիւն ունի:

Բնագէտ Լուչիանօ Մայանի յայտարարած է, թէ Իտալիոյ Լուրջ վտանգներու յանձնաժողովը չի կրնար աշխատիլ «նման դժուար պայմաններու մէջ», հետեւաբար ինք կը հրաժարի զայն ղեկավարելու իր պաշտօնէն:

Լ՛Աքիլան ցնցած 6.3 ռիխթըր ուժգնութեամբ երկրաշարժը պատճառ դարձած էր 309 հոգիի մահուան եւ աւերած էր քաղաքը: Նուազ ուժգին ցնցումներ հարուածած էին շրջանը` երկրաշարժին նախորդող ամիսներուն:

Մայանիի հրաժարումին լուրը յայտարարուեցաւ Իտալիոյ պետութեան Քաղաքացիական պաշտպանութեան բաժանմունքին կողմէ: Յայտարարութիւնը կ՛ըսէր, թէ յանձնաժողովին փոխնախագահը` Մաուրօ Ռոզի եւ պատուոյ նախագահը` Ճուսեփփէ Զամպերլեթթի նոյնպէս ներկայացուցած են իրենց հրաժարականները:

«Երէկ արձակուած վճիռին պատճառով ստեղծուած վիճակը թոյլ չի տար, որ յանձնաժողովը շարունակէ իր աշխատանքը հանդարտ եւ արդիւնաւէտ մթնոլորտի մէջ, ոչ ալ կրնայ շարունակել պետական մարմիններուն բարձր մակարդակի խորհուրդ տալու իր դերը», կը գրէ Մայանի` Քաղաքացիական պաշտպանութեան բաժանմունքին համացանցի կայքին վրայ հրապարակած իր յայտարարութեան մէջ:

«Գիտական յանձնաժողովի մը պարտականութիւնն է իր սեփական կարծիքը փոխանցել… Անոր խորհուրդը կրնայ սխալ ըլլալ, կամ` ոչ ճիշդ: Սակայն, երբ նման ծանր պատիժ մը կը սահմանէք, յանձնաժողովը չի կրնար աշխատիլ պէտք եղած ձեւով», կը գրէ Մայանի:

«Այս պայմաններուն մէջ յանձնաժողովը պիտի ստիպուի միշտ ալ շատ խիստ պահպանողական կեցուածք որդեգրել: Կ՛ենթադրեմ, որ վտանգը լուրջ է, եւ այսուհետեւ գիտական շրջանակներ պիտի չուզեն խորհուրդ տալ պետութեան», կ՛աւելցնէ ան:

Մայանի աշխարհահռչակ բնագէտ մըն է: Ան 1999-2003 վարած է Զուիցերիոյ մէջ հիւլէական Սերն ուսումնասիրական կեդրոնին ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնը: Ան կը շեշտէ, թէ գիտական կողմնորոշումի համար իրաւական հետապնդումի ենթարկուելու հաւանականութիւնը «լուրջ հարց մըն է»:

«Այս պայմաններուն մէջ եւ այս նախընթացով` նման պաշտօն մը պիտի չստանձնէի», կ՛եզրակացնէ ան:

«Բարոյական Սկզբունքներու Դէմ, Եւ` Ծիծաղելի»

Դատական հետապնդումի ենթարկուած անձերը, որոնք բոլորն ալ անդամ են Իտալիոյ Լուրջ վտանգներու կանխատեսումի եւ կանխարգիլումի ազգային յանձնաժողովին, ամբաստանուած են 6 ապրիլ 2009-ի երկրաշարժէն առաջ անոր վտանգին մասին «ոչ ճշգրիտ, ոչ ամբողջական եւ հակասական» տեղեկութիւններ փոխանցելու յանցանքով:

Մահասփիւռ երկրաշարժէն քանի մը օր առաջ անոնք Լ՛Աքիլայի իշխանութիւններուն յայտնած էին, թէ մեծ տարողութեամբ երկրաշարժ մը անկարելի չէր, սակայն նաեւ անհաւանական էր:

Կ՛ըսուի, թէ երկրաշարժին գիշերը շատեր մնացած են իրենց տան մէջ եւ զոհ գացած են այս խորհուրդին պատճառով, մինչդեռ անոնք, որոնք որոշած են փողոցը անցընել գիշերը, վերապրած են:

Անցեալ երկուշաբթի իրենց եզրափակիչ խօսքերուն մէջ դատախազներ մէջբերեցին վկայ մը, որուն հայրը մեռած էր երկրաշարժին պատճառով:

Կուիտօ Ֆիորաւանթի հեռաձայնով խօսած էր իր մօր հետ` առաջին ցնցումէն անմիջապէս ետք: «Կը յիշեմ վախը իր ձայնին մէջ: Նախապէս նման առիթներով հօրս հետ կը հեռանային տունէն: Սակայն հետեւեցան վտանգին մասին յանձնաժողովին հրապարակած կարծիքին եւ մնացին տունը»:

Այսուհանդերձ, ատեանին արձակած 6 տարուան բանտարկութեան վճիռը ցնցում յառաջացուցած է գիտական շրջանակներու մէջ, որոնք այժմ կը զգան, թէ ինքնին գիտութի՛ւնը դատական հետապնդումի կ՛ենթարկուի:

Կարգ մը գիտնականներ կը զգուշացնեն, թէ իրաւական այս հետապնդումը կրնայ վնասակար նախընթաց մը դառնալ, որուն պատճառով մասնագէտներ կրնան զգուշանալ իրենց գիտելիքները հանրութեան հետ բաժնելէ` վախնալով, որ կրնան իրաւական հետապնդումներու թիրախ դառնալ:

Գիտական մակարդակաւոր «Նէյչըր» թերթը կը գրէ. «Վճիռը բարոյական սկզբունքներու դէմ է եւ պատիժը` ծիծաղելի»: Թերթը կոչ կ՛ուղղէ բողոքելու ծանր պատիժին դէմ, ինչպէս նաեւ` գիտնականները «իրենց փոխանցած կարծիքներուն պատճառով» ոճրագործներու համազօր դասելու:

Իտալիոյ մէջ քաղաքական ղեկավարներ կ՛ըսեն, թէ իրաւական այս հարցը աղօտած է սահմանները գիտութեան եւ հանրային կեանքի միջեւ:

«Վտանգը այն է, թէ այսուհետեւ պիտի չթոյլատրուի, որ կասկածը մաս կազմէ գիտական դատողութեան,- կ՛ըսէ Իտալիոյ ներքին գործոց նախարար Աննա Մարիա Քանչելիերի:- Գիտութեան դերը չի նմանիր քաղաքականութեան կամ վարչական ղեկավարումի դերին»:

Վճիռին արձակումէն ետք Բրիտանիոյ Օփըն համալսարանի դասախօս Տէյվիտ Ռոթըրի յայտարարեց, թէ «երկրաշարժերը իրենց բնոյթով աննախատեսելի են»:

«Այդ օրերուն լաւագոյն արժեւորումը, որ կարելի էր կատարել, այն էր, թէ ցած աստիճանի ցնցումներ մեծ երկրաշարժի մը նախանշանը չէին անպայման: Սակայն հաստատ իրողութիւններ չկան այս խաղին մէջ», կ՛ըսէ ան:

Բրիտանիոյ Ռոյըլ Պըրքշայր հիւանդանոցին բժշկագիտական բնաբանութեան բաժանմունքի տնօրէն Մալքոլմ Սփերին կ՛ըսէ, թէ պատիժը անակնկալ է եւ կրնայ դառնալ մտահոգիչ նախընթաց մը:

«Եթէ գիտական շրջանակներ պատիժի պիտի ենթարկուին իրենց կատարած սխալ նախատեսութիւններուն համար, կամ` ճիշդ ձեւով չնախատեսելու իրադարձութիւն մը, որ տեղի պիտի ունենայ, ապա գիտութեան ամբողջ ջանքն ու ճիգը պիտի կեդրոնանան միայն հաստատ բաներու վրայ, հետեւաբար բժշկագիտութենէ մինչեւ բնագիտութեան բնագաւառներուն մէջ կատարուած յայտնաբերումներուն բարիքները այլեւս գոյութիւն պիտի չունենան», կ՛ըսէ ան:

Իտալիոյ խորհրդարանի բանբեր Ճիանֆրանքօ Ֆինի աւելի կտրուկ ձեւով կը քննադատէ վճիռը եւ կ՛ըսէ. «Վստահ եմ, որ պիտի սրբագրուի վերատեսութեան առաջին դիմումին առիթով»:

Պաշտպան իրաւաբաններ կ՛ըսեն, թէ պատիժը վերատեսութեան ենթարկելու դիմում պիտի ներկայացնեն: Իտալիոյ մէջ պատիժները չեն գործադրուիր` գէթ մինչեւ վերատեսութեան առաջին հանգրուան: Հետեւաբար հաւանական չէ, որ յանցապարտները անմիջապէս ուղարկուին բանտ:

Դատապարտեալներուն շարքին են Իտալիոյ ամէնէն ականաւոր եւ միջազգային վարկ վայելող երկրաշարժի մասնագէտներն ու երկրաբանները:

Պաշտպան իրաւաբանները կոչ ուղղած էին անպարտ արձակելու գիտնականները` վիճելով, թէ անկարելի է նախատեսել երկրաշարժ մը: Աւելի քան 5000 գիտնականներ նոյն կարծիքին տակ իրենց ստորագրութիւնը կցած էին 2010-ին, երբ բաց նամակ մը ուղղած էին Իտալիոյ նախագահ Ճիորճիօ Նափոլիթանոյի` պաշտպանելով ամբաստանեալները:

Իր դէմ արձակուած վճիռին դէմ հակազդելով` Քաղաքացիական պաշտպանութեան ընկերութեան արհեստագիտութեան բաժանմունքի նախկին փոխնախագահ Պեռնարտօ տը Պեռնարտինիս կ՛ըսէ. «Ինքզինքս անմեղ կը զգամ Աստուծոյ եւ մարդոց դիմաց»:

Մինչ 7 դատապարտեալները իրենց դէմ արձակուած վճիռը վերատեսութեան ենթարկելու դիմումնագիրներ յղած են արդէն, անդին` անոնք կը դիմագրաւեն ընդմիշտ հանրային պաշտօններէ հեռու մնալու հեռանկարը

Որո՞նք Են Դատապարտեալները

Ճոնաթան Ամոս, «Պի. Պի. Սի.»-ի գիտական նիւթերու լրագրող:

Ֆրանքօ Պարպերի. Լուրջ վտանգներու յանձնաժողովի ղեկավար:

Էնցօ Պոսքի. Երկրաբանութեան-բնագիտութեան ազգային հիմնարկի նախկին նախագահ:

Ճիուլիօ Սելվաճի. Երկրաշարժի ազգային կեդրոնի տնօրէն:

Ճան Միքելէ Քալվի. Երկրաշարժի ճարտարագիտութեան եւրոպական կեդրոնի տնօրէն:

Քլաուտիօ Էւա. բնագէտ:

Մաուրօ Տոլչէ. Քաղաքացիական պաշտպանութեան ընկերութեան երկրաշարժի վտանգի գրասենեակի տնօրէն:

Պեռնարտօ տը Պեռնարտինիս (նկարին մէջ). նախկին փոխ նախագահ` Քաղաքացիական պաշտպանութեան ընկերութեան արհեստագիտութեան բաժանմունքին:

 

Վերլուծում

Ափենինեան լեռնաշղթան, որ կը տարածուի Իտալիոյ կեդրոնական շրջաններէն դէպի վար, երկրաբանական ճեղքերու հանգոյց մըն է, իսկ Լ՛Աքիլա «Արծիւ» քաղաքը պատմութեան ընթացքին բազմիցս կրած է երկրաշարժերու հարուածը: Անոր փառահեղ հին կառոյցները կարկտաններով վերանորոգուած են եւ վերակառուցուած` բազմաթիւ առիթներով:

Դժբախտաբար հարցը այն չէ, թէ արդեօք երկրաշարժ մը պիտի հարուածէ՞ Լ՛Աքիլան, այլ այն, թէ ե՛րբ պիտի հարուածէ անիկա: Սակայն պարզապէս կարելի չէ ճշգրիտ կերպով նախատեսել ապագայ իրադարձութիւնները: Գիտութիւնը այս ուժը չունի: Լաւագոյնը, որ կրնայ ընել, վտանգի եւ հաւանականութիւններու մասին խօսիլն է, այն կարելիութեան, թէ որոշ աստիճանի երկրաշարժ մը կրնայ պատահիլ ապագային, օր մը:

Իտալիոյ ամէնէն ականաւոր երկրաբան-բնագէտները իրաւական հետապնդումի ենթարկելու որոշումը դատապարտուեցաւ աշխարհի տարածքին: Գիտական շրջանակներ յայտարարեցին, թէ ոեւէ մէկուն կարողութենէն վեր էր նախատեսել, թէ ճիշդ ի՛նչ պիտի պատահէր Լ՛Աքիլայի մէջ,  6 ապրիլ 2009-ին:

Սակայն իշխանութիւնները, որոնք հետապնդեցին 7 գիտնականները, կը շեշտեն, թէ հարցը բնաւ չի վերաբերիր նախատեսելու ուժին, այլ կ՛առնչուի վտանգներու անբաւարար բնութագրումին, եւ սխալ երաշխիքներու` ինչ կը վերաբերի իրենց քաղաքին դիմագրաւած վտանգներուն:

Այսուհանդերձ, վճիռը պիտի ցնցէ Իտալիոյ մէջ այն բոլոր գիտնականները, որոնց մասնագիտութիւնն է նախատեսել եւ արժեւորել բնութեան վտանգները: Անոնց յայտարարութիւնները որեւէ ժամանակէ աւելի մանրազնին քննութեան պիտի ենթարկուին եւ անոնք պիտի վախնան, որ յանկարծ կրնան ենթարկուիլ իրաւական հետապնդումի` այնպիսի յայտարարութիւններու համար, որոնք ըստ էութեան անորոշ են:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )