Կիրակնօրեայ Խօսքը. Հոկտեմբերի Վերջալոյսին` Մտորումներ Արշալուսայի՛ն…

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, հիւանդանոցի խուցիս մէջ առանձին թէպէտ, բայց եւ այնպէս` երբեք մինակ, նայեցայ խաչելութեան` հարցադրելով. «Ի՞նչ բանի շուրջ գրեմ…»: «Իմ մօրս մասին», եղաւ արագ պատասխանը…

Հասկցայ հրահանգին ստիպողականութիւնը, բայց նաեւ` այժմէականութիւնը: Սենեակիս մէջ չեն կախած Աստուածամօր սրբանկարը: Զարմացայ, ինչպէս ալ նեղուեցայ: Աւստրիոյ մէջ բազմաթիւ են Մարիամ Ս. Կոյսին մէկը միւսէն գեղաշէն ուխտավայրերն ու հոյակերտ տաճարները, որոնց առաջինը` հրաշակատար «Մարիացէլ» մեծագոյնն է միջին Եւրոպայի մէջ:

Առանց վարանելու` պատէն կախեցի վարդարանս, որուն մեծ մետալին մէկ երեսը կը ներկայացնէ «Հրաշագործ մետալ»-ին շնորհաբաշխ Անարատ Յղացեալը` գերմաներէն այս սլացականով. «Սրբուհի Մարիամ, Միջնորդուհի Աստուածային Ողորմութեան, աղաչէ՛ մեզի համար»:

Կուսամայրը պատրաստել տուաւ «Հրաշագործ մետալ»-ը Ս. Կատարինէ Լապուրէ (1806-1876) մայրապետին, երբ անոր 1830-ին երեւեցաւ Փարիզի մէջ` խոստանալով սքանչելագործութիւն այս մետալը յարգողներուն, կրողներուն եւ վարդարանն աղօթողներուն: Մարդասէր Կոյսը իր խոստումին հաւատարիմ կը մնայ ցայսօր ու մինչեւ կատարածն աշխարհին:

Դառնալով վերի լուռ երկխօսութեան` առաջին անգամը չէր ամէն պարագային, որ նման բան մը կը պատահէր: Իսկ պատմութեան մէջ ստէպ դիպած են Որդիին միջամտութիւններն ի նպաստ իր Մօր, եւ այն` սկսեալ նորկտակարանեան ժամանակաշրջանէն:

Չմոռնանք, որ Աստուած առաջին մարեմասէրն է եւ Յիսուս` մեծագոյն մայրասէրը: Չմոռնանք, որ Աստուծմէ աւելի ոչ մէկը կրնայ յարգել Մարիամը եւ Քրիստոսէ աւելի ոչ մէկը կրնայ խանդաղատիլ իր Ծնողին, բայց մանաւանդ Խաչեալէն աւելի ոչ մէկը կրնայ մտածել իր Մօր մասին:

Յիսուսի միջամտութիւններուն նորագոյններէն եղաւ 10 դեկտեմբեր 1925-ի դրուագը, երբ քրիստոսակիր Աստուածածինը տեսնուեցաւ քր. Լիւսիա Սանթոսին (1907-2005)  Փոնթեվետրայի մէջ, Փորթուգալ: Տէրը, որ մատնացոյց ըրաւ իր Մօր փուշերով խոցոտուած սիրտը, մայրապետէն խնդրեց կարեկցութիւն անոր հանդէպ` իբրեւ հատուցում մարդերու ապերախտութիւններուն եւ մեղքերուն: Իր Մօր անարատ սրտին նկատմամբ սրտակցութեան ու քաւութեան նոյն խնդրանք-պահանջը կատարեց Որդին, 15 փետրուար 1926-ին եւ 29-30 մայիս 1930-ին:

Քր. Լիւսիա մին էր երեք այն անչափահասներէն, որոնց Տիրամայրը առաջին անգամ տեսնուեցաւ 13 մայիս 1917-ին, Ֆաթիմայի մօտ, Փորթուգալ: Կը կարծեմ, որ լսած պիտի ըլլաս «Ֆաթիմա»-ի, այսինքն այդ գիւղին մօտ 13 մայիս-13 հոկտեմբեր 1917-ին տեղի ունեցած վեց երեւումներուն, բայց յատկապէս անոնց ընթացքին Աստուածամօր ըրած գաղտնիքներուն երրորդին մասին: (Անոր բովանդակութեան ու բացայայտումին կ՛անդրադառնամ ուրիշ ամգամ: Սեղանիս վրայ է Անթոնիօ Պորելլի Մախատօ պրազիլցի հեղինակին «Ֆաթիմա` պատգամը ողբերգութեա՞ն, թէ՞ յոյսին» գերմաներէն գիրքը, որ քսան լեզուներու թարգմանութեամբ հրատարակուած է 4.100.000 [չորս միլիոն հարիւր հազար] տպաքանակով: Խոստացայ թարգմանել հայերէնի…):

Ի դէպ, Ֆաթիմայի Տեսլամայրը աշխարհի խաղաղութեան ու հոգիներու փրկութեան համար երեք փոքրերէն եւ անոնց բերանով մարդերէն վարդարանն աղօթել պահանջող Սիրամայրը, հոկտեմբերի` «Վարդարանի ամիս»-ին վերջին տեսիլքին ժամանակ ինքզինք յորջորջեց` «Թագուհի Սուրբ Վարդարանի»:

Խորքին մէջ յորջորջումը ոչ միայն նորութիւն մը չէր, այլ նաեւ շատ սիրելի էր հայերուս համար, քանի Արեւելքի մէջ վարդարանն աղօթող առաջիններն եղանք մենք, եւ այն` ասկէ 500 տարիներ առաջ, պատմական Հայաստանի ու ներկայ հայրենիքին սահմաններուն մէջ:

Տրուպիս յայտնի հայերէն «Ողջոյն Քեզ, Մարիամ»-ի ամենահին ձեռագիրը կու գայ ԺԵ.-ԺԶ. դարաշրջանէն, իսկ տպուած բնագիրը` 1539-էն: «Հրեշտակային ողջունատրութիւն» կոչուած այս աղօթքը գլխաւորը եւ 53 անգամ կրկնուածն է համառօտ վարդարանին:

Այսօր աշխարհահռչակ վարդարանեան ուխտավայրին` իտալական Պոմպէյ քաղաքին գեղակերտ տաճարին հրաշագործ «Ս. Վարդարանի Տիրամայր» սրբանկարին նախօրինակը կախուած էր պատմական Նախիջեւանի մայր եկեղեցիին աւագ խորանէն: ԺԸ. դարի առաջին քառորդէն հասած եւ ինծի ծանօթ հայու ձեռագործ ու շատ գեղեցիկ հնագոյն վարդարանը այսօր կը պահուի Վիեննայի Մխիթարեան թանգարանին մէջ:

Սեբաստացի ու մարեմասէր Մխիթար աբբահայրը 1735-ին լոյս ընծայեց առաջին վարդարանեան աղօթագիրքը, որ 1753-1818 ունեցաւ ութ հրատարակութիւններ քսան հազարէ աւելի տպաքանակով` այսպէս դառնալով ամէնէն ստէպ տպուած գիրքերէն մին հայ տպագրութեան պատմութեան, ընդհանրապէս, եւ հինգերորդ տեղը գրաւած մատեանը հայ հոգեւոր մատենագրութեան մէջ (1512-1850):

Բանասիրական հատոր մը լեցնող հայապատկան բազմաթիւ տուեալներէն այս քանի մը վերոթուեալներու դիմաց կը յանգիմ այս ուղիղ եզրակացութեան, թէ ոչ միայն յիսուսական դարերը եւ մշակոյթներն իրարու կապող, քրիստոնեայ ժողովուրդները եւ երկիրներն իրարու զօդող, այլ նաեւ մարեմականութենէն աստուածասիրութեան ու մարդկայնականութեան առաջնորդող աղօթքն է վարդարանը, երբ զայն կ՛ըսեն ու կ՛ըսենք ամէն օր:

Իսկ խուցիս մէջ կախուած վարդարանը մարդերուն ու հայերուս «չարխափան, օգնահաս ու խնդրակատար» Մօր անբաժանելի ներկայութիւնն է Որդիին խաչելութենէն. անոր մետալին միւս երեսին վրայ պատկերացուած է իր սրտէն լոյսի երկու շողեր արձակող եւ օրհնաբաշխ Տիրոջ հանրածանօթ նկարը, որ 1931-ին Յիսուս պատրաստել տուաւ Ս. Ֆաուսթինէ Քովալսքա (1905-1938)  լեհ մայրապետին: Կը հայացնեմ սլակացական աղօթքը. «Յիսուս իմ, ողորմութի՛ւն», որուն Մայրն է Մարիամ` մե՛ր Մայրը, մե՛ր Բարեխօսը:

 

Վիեննա, 22 հոկտեմբեր 2012                           

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )