ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ «ՃՆՇՈՒՄԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՂ» ՄԱԿ-Ի ՈՐՈՇՈՒՄԻ ՄԸ ՀԱՄԱՐ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՋԱՆՔԵՐ. ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԿԱՆՉԷ ԵՒ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ԻՐ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆԱՆՁՆԱԿԱԶՄԸ ԿԸ ԿՐՃԱՏԷ

Պերլուսքոնի եւ Սարքոզի

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Դամասկոսի մէջ իր դեսպանատան անձնակազմի ընտանիքներուն եւ անձնակազմի կարգ մը ոչ հիմնական անդամներուն հրամայեց հեռանալ Սուրիայէն` «այդտեղ տիրող անորոշ կացութեան եւ խառնակութեանց» պատճառով:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ իր մօտ կանչեց Ուաշինկթընի մէջ Սուրիոյ դեսպան Իմատ Մուսթաֆան` Սուրիոյ մէջ ցուցարարներու դէմ բիրտ ուժի կիրարկման դէմ անոր բողոք ներկայացնելու համար: Սպիտակ տունը նախապէս յայտնած էր, որ ամերիկեան վարչակազմը այդ բռնարարքներուն պատճառով սուրիական կառավարութեան դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու հարցը կը քննարկէ:

Բրիտանիա իր կարգին յայտարարեց, որ իր միջազգային գործընկերներուն հետ աշխատանք կը տանի Սուրիոյ դէմ նոր քայլեր որդեգրելու ուղղութեամբ, եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին կոչ ուղղեց` ցուցարարներուն դէմ ուժի կիրարկումը դադրեցնելու:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ յայտնեց, որ Բրիտանիա եւ իր միջազգային գործընկերները աշխուժօրէն աշխատանք կը տանին սուրիական իշխանութիւնները ցուցարարներու դէմ ուժի կիրարկումէն հրաժարիլ տալու` կարծիքի ազատութեան եւ հաւաքի մարդկային ու միջազգային հիմնարար իրաւունքները յարգելու համար: «Ասիկա կը ներառէ աշխատանքը` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ մեր գործընկերներուն հետ Սուրիոյ իշխանութիւններուն ուղարկելու ուժեղ պատգամ մը, թէ միջազգային ընտանիքը ուշադիր կը հետեւի Սուրիոյ կացութեան, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան եւ շրջանին մէջ մեր գործընկերներուն հետ յաւելեալ քայլեր որդեգրելու կարելիութեան շուրջ աշխատանք տանելու»:

Ֆրանսա եւ Իտալիա միացեալ հաղորդագրութեամբ մը Եւրոպական Միութեան եւ ՄԱԿ-ին կոչ ուղղեցին` ցուցարարներուն դէմ կիրարկուած ճնշումը դադրեցնելու համար Սուրիոյ վրայ ճնշում բանեցնելու: Հաղորդագրութիւնը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստ մը եւ Միջազգային քրէական դատարանին մէջ սուրիացի պաշտօնատարներու դէմ դատական հայցերու յարուցումը պահանջեց:

Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Իտալիոյ վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնի յայտնեց, որ Ֆրանսա եւ Իտալիա կոչ կ՛ուղղեն բռնարարքներուն վերջ տալու: Սակայն Սարքոզի նշեց, որ Ֆրանսա առանց Ապահովութեան խորհուրդէն որոշումի մը Սուրիոյ կացութեան պիտի չմիջամտէ:

Մինչ այդ, ՄԱԿ-ի մէջ դիւանագէտներ յայտնեցին, որ Բրիտանիա, Ֆրանսա, Գերմանիա եւ Փորթուգալ Ապահովութեան խորհուրդին մօտ աշխատանք կը տանին Սուրիոյ մէջ ցոյցերու ճնշումը դատապարտելու ուղղութեամբ: Դիւանագէտ մը ԱՖՓ-ին յայտնած է, որ այդպիսի որոշում մը այսօր կրնայ հրապարակուիլ, եթէ Ապահովութեան խորհուրդի 15 անդամներուն կողմէ միաձայնութեամբ որդեգրուի:

Միւս կողմէ, «Մանար» պատկերասփիւռի կայանի կայքէջը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ մէջ թուրք գործարարներու ՄՈՍԻԱՏ ընկերակցութեան նախագահ եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի մտերիմ բարեկամ Օմար Ժիհատ Ֆարատանի հրաւէրով սուրիական ընդդիմութեան ընդլայնուած ժողով մը տեղի կ՛ունենայ: Ըստ տեղեկութեանց, այդ ժողովին կը մասնակցին արտերկրի մէջ բնակող սուրիացի ընդդիմադիրներ, որոնց շարքին` Իսլամ եղբայրներէն ներկայացուցիչներ: Կայքէջը կը հաղորդէ, որ այդ ժողովին ետին կանգնող թրքական իշխանութիւնները աշխատանք տարած են, որ սուրիական ընդդիմադիր աշխարհիկ հոսանքները եւս այդ ժողովին մասնակցին, որպէսզի հրաւէրը ուղղող կողմին իսլամական եւ հրաւիրեալներուն իսլամական շրջանակներէ ըլլալնուն եւ Սուրիոյ իսլամականներուն եւ Իսլամ եղբայրներու ետին կանգնելնուն շուրջ սխալ հասկացողութիւն մը չյառաջանայ: Կայքէջը կը նշէ, որ հրաւէրները ուղղելու աճապարանքն ու հրաւէրներուն թիւը յստակ կը դարձնեն, որ թրքական կառավարութիւնը այս հարցին մէջ իր ամբողջ կշիռը կ՛օգտագործէ:

Կայքէջը կ՛աւելցնէ, որ թրքական «Թուրքիա» արաբախօս պատկերասփիւռի կայանը թրքական իշխանութիւններուն կողմէ ճշդուած հրաւիրեալներուն հետ կապ հաստատելու գործին մէջ մեծ դեր ունեցած է: Կը հաղորդուի, որ նշեալ պատկերասփիւռի կայանը կը պատրաստուի հրաւիրեալներուն հետ նաեւ Սուրիոյ կացութեան շուրջ շարք մը հարցազրոյցներ ունենալու:

Սուրիացի պաշտօնատար մը սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին յայտնած է, որ սուրիական իշխանութիւնները որոշած են երկրին մէջ ապահովութիւն եւ կայունութիւն հաստատել, եւ վերջին իրադարձութիւնները նմանցուցած է զգուշաւոր վիրաբուժութեան: Սակայն աղբիւրը նշած է, որ այդ վիրաբուժութիւնը պիտի չդադրեցնէ բարեկարգումներու որդեգրման եւ անոնց գործադրութեան ընթացքը:

Share this Article
CATEGORIES