ՀԱՅՐԵՆԻ ԿԵԱՆՔ

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԸ
ՀԻՄՆՈՎԻՆ ԿԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԷ ՇԷՆԳԱՒԻԹ ՎԱՐՉԱԿԱՆ
ՇՐՋԱՆԻ ԳԻՇԵՐՕԹԻԿ ՄՍՈՒՐ-ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԸ

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Բրիտանիոյ տեղական մարմինի եւ Հայաստանէն նուիրատուներու հովանաւորութեամբ հիմնովին կը վերանորոգուի Շէնգաւիթ վարչական շրջանի գիշերօթիկ մսուր-մանկապարտէզը: Ծրագիրը սկսած է իրագործուելու 2010-ի նոյեմբերէն եւ պիտի աւարտի այս տարուան սեպտեմբերին:

Մանկապարտէզը կառուցուած է 1965-ին: Վերջին շրջաններուն անիկա գործած է խիստ անբարենպաստ պայմաններու մէջ: Այս մանկապարտէզը Երեւանի մէջ գործող միակ գիշերօթիկ մսուր-մանկապարտէզն է, որ կը սպասարկէ տնտեսապէս անապահով եւ ծնողազուրկ փոքրիկներու: Ներկայիս 2 – 7 տարեկան 140-է աւելի փոքրիկ կը յաճախէ մանկապարտէզ, որոնցմէ 70-ը` գիշերօթիկ: Փոքրիկները շաբաթ-կիրակի օրերը կրնան անցընել իրենց ընտանիքներուն հետ, իսկ ամէն ամիս, երբ բաց դռներու օր կը յայտարարուի, մանկապարտէզի սաներուն հարազատներէն փափաքողները կրնան ամբողջ օր մը անցընել մանկապարտէզին մէջ եւ մօտէն տեսնել, թէ ինչպէ՛ս կ՛անցնի փոքրիկներուն առօրեան:

Մանկապարտէզը բաղկացած է 3 մասնաշէնքերէ, որոնցմէ երկուքը՝ երկյարկանի, ուր կը գտնուին ննջարանները, խաղասենեակները եւ հոգեբանին սենեակը, իսկ երրորդը միայարկ կառոյց մըն է, ուր տեղակայուած են դահլիճն ու խոհանոցային հատուածը:

Շէնքին մօտաւորապէս 1600 քառակուսի մեթր մակերեսը ամբողջութեամբ նորոգուած է: Կառուցուած է նոր շքամուտք: Նախագծային նոր լուծումներու շնորհիւ` շէնքին ճակատային մասը նոր տեսք պիտի ստանայ, իսկ բաց պատշգամներու ապակեպատման եւ ջեռուցման շնորհիւ պիտի ընդլայնի շէնքին օգտագործելի հատուածը: Նորոգութեան աւարտին մանկապարտէզը պիտի կարենայ իր յարկին տակ ընդունիլ մինչեւ 200 փոքրիկ:

Տարածքին ցանկապատումն ու բարեկարգումը կարելիութիւն պիտի ընձեռեն յաւելեալ արդիւնաւէտութեամբ օգտագործելու մանկապարտէզին ընդհանուր տարածքը:

Նշենք, որ մանկապարտէզին կահաւորումը եւս ներառուած է հիմնադրամին յառաջիկայ ծրագիրներուն մէջ:

«Մեր հովանաւորներուն շնորհիւ` մենք պիտի ունենանք ժամանակակից պահանջներուն համապատասխանող կրթօճախ, որ մեր մանուկներուն համար պիտի դառնայ այն ցանկալի միջավայրը, ուր անոնք պիտի շարունակեն ապրիլ եւ կրթուիլ», յայտնած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տնօրէն Արա Վարդանեան:

ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ`
ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԵՐԿՐԻ ՕՐՈՒԱՆ

ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակին մէջ վերջերս բացումը կատարուած է հայ նկարիչներ Լիլիթ Սողոմոնեանի եւ Գագիկ Ղազանճեանի նկարներու ցուցահանդէսին: ՄԱԿ-ի մնայուն համակարգող Տաֆինա Կերչեւան շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան` անոր մնայուն աջակցութեան համար: «Արդէն աւանդական դարձած է այս օրը նշելը մեր միջավայրը պահպանելու մասին հանրային իրազեկուածութիւնը բարձրացնող ձեռնարկներով: Երկիր մոլորակի միջազգային օրը կը փաստէ, որ Երկիր մոլորակը եւ իր կենսոլորտային համակարգը բնակիչներուն կ՛ապահովեն կեանքով եւ սնունդով», յայտնած է Տ. Կերչեւան` մէջբերելով քանդակագործ Երուանդ Քոչարի խօսքերը. «Ցանկացած արժէքաւոր բան գեղեցիկ է եւ գեղեցկութիւնը ամէն բանէ վեր է»: Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աշխատակազմի Ժամանակակից արուեստներու վարչութեան նախագահ Սոնա Յարութիւնեանը նշած է, որ ասիկա այն բացառիկ դէպքն է, երբ կարելի է յայտնել, թէ ժամանակակից արուեստը կը կազմէ ո՛չ միայն տուեալ պետութեան մշակոյթին մէկ մասը, այլեւ` պետական մշակութային քաղաքականութեան կարեւոր գործօնը:

Ըստ Լիլիթ Սողոմոնեանի, ցուցադրուած են վերջին երկու տարիներու ստեղծագործութիւնները: Ցուցահանդէսին հիմնական նպատակը եղած է այն, որ իւրաքանչիւր գեղանկարիչ կարենայ ամբողջութեամբ ցոյց տալ իր դէմքը, որ թէեւ այսպիսի փոքր դահլիճի մէջ եւ սահմանափակ թիւով աշխատանքներով դժուար է իրագործելը, սակայն, գեղանկարիչը յոյս ունի, որ ցուցահանդէսը կը յաջողի:

ՄԻՆՉԵՒ 2015 ԹՈՒԱԿԱՆԸ ՊԻՏԻ ՆԿԱՐԱՀԱՆՈՒԻ
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԺԱՊԱՒԷՆ`
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Մինչեւ 2015 թուականը` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը, Հայաստանի ազգային շարժապատկերի կեդրոնը պետական պատուէրով պիտի նկարահանէ գեղարուեստական ժապաւէն` Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի ազգային շարժապատկերի կեդրոնի տնօրէն Գէորգ Գէորգեանը: «Ժապաւէնին մէջ պիտի ներկայացուին փաստեր, սակայն` գեղարուեստականօրէն ձեւաւորուած: Մենք մտադիր ենք նկարահանել այնպիսի ժապաւէն մը, որ ունենայ «Շինտլերի ցանկը» ժապաւէնին արժէքը», յայտնած է Գէորգ Գէորգեան:

Քաննի շարժապատկերի շուկային մէջ Հայաստանի ազգային շարժապատկերի կեդրոնը հնդկական «Պրոքաշ շարմա» արտադրական ընկերութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման  ժամանակ նախնական համաձայնութիւն ձեռք ձգած է, որ ժապաւէնը նկարահանեն միասին: Այս մասին յայտնած է Ազգային շարժապատկերի կեդրոնի տնօրէն Գէորգ Գէորգեան: «Անոնք յայտնած են, որ իրենք անպայման պիտի մասնակցին ժապաւէնին արտադրութեան եւ պիտի կատարեն անսահմանափակ ներդրումներ: Սակայն հնդկական կողմին միակ պայմանը այն եղած է, որ ժապաւէնին վերջնական բեմագրութիւնը ուղարկուի իրենց, որպէսզի իրենց բեմագիրները ծանօթանան եւ համապատասխանեցնեն միջազգային չափանիշներուն», նշած է ան:

ԱՊՐԻԼ 18-24 «ՆԱՐԵԿԱՑԻ» ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ
ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒՑԱԾ Է ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ ՄԸ

Ապրիլ 18-24, արդէն աւանդական դարձած հետեւողականութեամբ, «Նարեկացի» արուեստի միութիւնը իրականացուցած է Մեծ եղեռնին նուիրուած ձեռնարկներու շարք մը: Այս տարուան ձեռնարկները եղած են` դասական, հոգեւոր, երգչախմբային-երաժշտական, ժապաւէնի եւ գծանկարային ժապաւէնի ցուցադրութիւն եւ զրոյց-դասախօսութիւններ: Ձեռնարկներուն Մայր աթոռէն հիւրընկալած են հոգեւորականներ, որոնք ձեռնարկներէն առաջ մեկնաբանած են Աւագ շաբթուան եւ Քրիստոսի յարութեան խորհուրդը:

Ըստ ծրագիրին, ապրիլ 18-ին Աւագ երկուշաբթի օրուան խորհուրդը աւետած է Արթուր սարկաւագ Սարգսեանը, որուն յաջորդած է երիտասարդ երգահաններու համերգ «Էն. 2»ն, հնչած են երիտասարդ երաժիշտներու` Արսէն Բաբաջանեանի, Գէորգ Պատալեանի, Քաջիկ Գրիգորեանի ստեղծագործութիւնները:

Ապրիլ 19-ին Աւագ երեքշաբթի օրուան խորհուրդը փոխանցած է Էմին  սարկաւագ Խաչատրեանը, որուն յաջորդած է զրոյց-քննարկում` ժողովրդական աւանդութիւններու եւ Զատկուան ուտեստներու նիւթով: Ժողովրդական երգերով եւ խաղիկներով քննարկումը ընդմիջուած է «Նուպար» աւանդական երգի-պարի համոյթին ելոյթներով, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Լուսինէ Նազարեանի:

Ապրիլ 20-ին Աւագ չորեքշաբթի օրուան խորհուրդը ներկայացուցած է Սէյրան սարկաւագ Խազարեանը, որմէ ետք ցուցադրուած է «Մայրիկ» ժապաւէնը:

Ապրիլ 21-ին ցուցադրուած է «Հրաշագործը» անուանումով գծանկարային ժապաւէնը, որ ներկայացուցած է Յիսուս Քրիստոսի կեանքն ու անոր հրաշագործութիւնները:

Ապրիլ 22-ին ներկայացուած է հայ հոգեւոր եւ ժողովրդական երաժշտութեան համերգ` «Լոյս» անուանումով երգեր հնգեակի կատարումով:

Ապրիլ 23-ին կայացած է հայրենասիրական, հայ հոգեւոր եւ գերմանական ժողովրդական երգերու համերգ, ուր ելոյթ ունեցած են մենակատարներ` Լիանա Յարութիւնեանն ու Գայեանէ Աւդալեանը:

ՎԵՐԺԻՆԷ ՍՎԱԶԵԱՆԻ «ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ.
ԱԿԱՆԱՏԵՍ ՎԵՐԱՊՐՈՂՆԵՐՈՒ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ»Ը
ԼՈՅՍ ՏԵՍԱԾ Է ՆԱԵՒ ԱՆԳԼԵՐԷՆՈՎ ԵՒ ԹՐՔԵՐԷՆՈՎ

Հրատարակուած է բանագէտ, բանահաւաք, ժողովրդագէտ Վերժինէ Սվազեանի «Հայոց ցեղասպանութիւն. ականատես վերապրողներու վկայութիւններ» աշխատութիւնը: Հեղինակը մամլոյ ասուլիսով մը լրագրողներուն յայտնած է, թէ գիրքը լոյս տեսած է նաեւ անգլերէնով ու թրքերէնով: «Պատմաբանագիտական ուսումնասիրութեան այս ժողովածուն կարելիութիւն կ՛ընձեռէ լսելու մեր նախնիներուն ձայները: Անոնց ճիչն ու աղերսանքը կը լսուին գիրքին էջերուն մէջ: Շարք մը վկայութիւններ լոյս տեսած են առաջին անգամ եւ բացառիկ մանրամասնութիւններ կը պատմեն այն կտտանքներու մասին, որոնց ենթարկուած է հայ ժողովուրդը», նշած է Վ. Սվազեան: Ան ընդգծած է, որ գիրքին թրքերէն տարբերակը Թուրքիոյ մէջ երիտասարդները, պատմաբաններն ու Հայոց ցեղասպանութեամբ հետաքրքրուողները գնած են ուղղակի տպագրատունէն:

«Այս ժողովածուն այնքան բացառիկ եւ աննախադէպ նիւթ կը բովանդակէ, որ նոր բացայայտումներու կարելիութիւն կու տայ Հայոց ցեղասպանութեամբ հետաքրքրուողներուն` ո՛չ միայն Հայաստանի մէջ, այլ նաեւ Թուրքիոյ մէջ», աւելցուցած է հեղինակը:

«Հայոց ցեղասպանութիւն. ականատես վերապրողներու վկայութիւններ» աշխատութիւնը կը բովանդակէ Ցեղասպանութենէն վերապրած սերունդէն անմիջականօրէն գրի առնուած 700 միաւոր ժողովրդական բանաւոր վկայութիւն եւ պատմական բնոյթի երգեր, որոնք աւելի քան 55 տարիներու ընթացքին գրի առնուած են բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Վերժինէ Սվազեանի  կողմէ:

ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅ ԳՐԱՏՊՈՒԹԵԱՆ
ԲԱՑԱՌԻԿ ՆՄՈՒՇՆԵՐԸ`
ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Ազգային գրադարանային շաբթուան եւ հայ գրատպութեան 500-ամեակին առիթով Հայաստանի ազգային գրադարանին մէջ ցուցադրուած են Հնդկաստանի հայ համայնքի գրատպական դպրոցի բացառիկ նմուշները:

Հայաստանի ազգային գրադարանի հնատիպ ու հազուագիւտ գիրքերու պատասխանատու Մելանիա Կարապետեան տեղեկացուցած է, թէ ցուցադրութեան դրուած են Հնդկաստանի մէջ տպագրուած բոլոր սերունդներուն հայատառ գիրքերն ու գրականութիւնը 1772 թուականէն սկսեալ` Շահամիր Շահամիրեանի տպագրատան մէջ լոյս տեսած Մովսէս Բաղրամեանի «Նոր տետրակ, որ կոչի յորդորակ»էն մինչեւ «Ազդարար» պարբերականի վերատպագրութիւնը:

Նշենք, որ ցուցադրուած նմուշները բաժնուած են չորս հիմնական մասերու` 1772-1801 թուականներուն տպագրուածները, 1801-1850, 1850-1900 թուականներունը, նորագոյն շրջանը` 1901-էն մինչեւ մերօրեայ տպագրութեան օրինակները, եւ ցուցադրութիւնը վերջացուցած են «Ազդարար»ով:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ Օ. ԼՈՒՆՏՍԹՐԵՄԻ ԱՆՈՒԱՆ ՃԱԶԱՅԻՆ
ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՄԵՐԳԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Արամ Խաչատրեանի անուան համերգասրահին մէջ վերջերս կայացաւ Հայաստանի պետական ճազ նուագախումբին եւ Օլեկ Լունտսթրեմի ճազային երաժշտութեան պետական սենեկային նուագախումբին միացեալ համերգը, որ տեղի ունեցաւ «Դէպի միջմարզային համագործակցութեան նոր ձեռքբերումներ` հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններուն մէջ», առաջին հայ-ռուսական համաժողովի շրջանակներուն մէջ:

Յ. Պօղոսեան անդրադառնալով այն հարցին, թէ ի՛նչ մակարդակի վրայ կը գտնուին հայ-ռուսական մշակութային յարաբերութիւնները, նշած է, որ համագործակցութիւնը բարձր մակարդակի վրայ է, եւ միատեղ իրականացուող ծրագիրները շատ են:

Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան երեսփոխան Կարինէ Աճեմեան նշած է, որ ինք ճազը շատ կը սիրէ: «Իսկ ինչ կը վերաբերի հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն, կը կարծեմ, որ այս ձեւաչափով հանդիպումները եւ ծրագիրները մեծապէս կը նպաստեն, որ մեր յարաբերութիւնները աւելի խորանան, իսկ առկայ բարեկամութիւնը ամրապնդուի», շեշտած է Կ. Աճեմեան:

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES