ԳԱՂՈՒԹԷ ԳԱՂՈՒԹ

ԹԵՀՐԱՆ

«ԿԱՐԱՊ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻՆ
ՏԱՐԵԿԱՆ ԵԼՈՅԹԸ

Հովանաւորութեամբ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, 14 եւ 15 ապրիլին, Հայ ուսանողական «Չարմահալ» միութեան «Յ. Թումանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նոյն միութեան «Կարապ» պարախումբին տարեկան ելոյթը. գեղարուեստական ղեկավար` Արտեմ Նալպանդեան, պարուսոյց` Նարինէ Ազալբարեան: Յայտագիրը կը բովանդակէր հայկական ժողովրդական եւ այլ ազգերու պատկանող պարեր: Ձեռնարկի աւարտին շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ միութեան նախագահ Արշաւիր Քէշիշեան, իսկ ուրբաթ օրուան յայտագրի աւարտին ողջոյնի եւ գնահատանքի խօսքով հանդէս եկաւ Իրանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Գրիգոր Առաքելեան:

 

ՆՈՐ ՋՈՒՂԱ

ՌԱՅԻՍԱ ԱՒԱՆԷՍԵԱՆԻ ՄԵՆԱՀԱՄԵՐԳԸ

Կազմակերպութեամբ Նոր Ջուղայի մէջ Փերիոյ Կրթասիրաց միութեան Կեդրոնական վարչութեան, 11-12 մարտին Նոր Ջուղայի Հայ մարզամշակութային «Արարատ» միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ իրանահայ սիրուած երգչուհի «Հայ սուփըրսթար 4» համահայկական նախագիծի աստղ` Ռայիսա Աւանէսեանի կենդանի մենահամերգը:

Մարտի 12-ի համերգին հրաւիրուած եւ ներկայ էին` Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեան, քահանայից դասի, ազգային մարմիններու եւ երգչախումբերու ներկայացուցիչներ:

Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ վարչութեան քարտուղարուհի Սիրան Ալումեան, որմէ ետք երգչուհին մեկնաբանեց «Տաք անձրեւ»,  «Յուսոյ աղօթք», «Հայաստան», «Տլէ եաման»,  «Հայրենիք», «Փակուղի», «Անուրջներ», «Ես աղջիկ եմ, նազ ունեմ» ինչպէս նաեւ օտար երգեր:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Փերիոյ Կրթ. միութեան «Էրեբունի» պարախումբը`  ղեկավարութեամբ Ալինա Գրիգորեանի:

Ձեռնարկին ընթացքին ներկայացուեցան երգչուհիին կենսագրական ամփոփ տուեալները:

Համերգի աւարտին առաջնորդ սրբազան հօր ձեռամբ Ռայիսային յանձնուեցաւ միութեան վարչութեան պատրաստած ձեռագիր-գնահատագիրը:

 

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ

96-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ Հայ գթութեան խաչի «Անի» մասնաճիւղին, շաբաթ, 16 ապրիլին, Թեսաղոնիկէի «Տէր Զաքարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ արիւնատուութեան արշաւ: Ինչպէս Աթէնքի, նոյնպէս Թեսաղոնիկէի մէջ աւանդութիւն դարձած նախաձեռնութիւն մըն է արիւնատուութեան արշաւը, որ ամէն տարի կը կազմակերպուի, եւ անկէ գոյացած արեան քանակութիւնը կը տրամադրուի Թեսաղոնիկէի «Փափանիքոլաու» հիւանդանոցին:

Նոյն օրը, առաւօտուն, համագործակցութեամբ Թեսաղոնիկէի մարզպետութեան եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդին եւ Հայ դատի յանձնախումբին, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին հոգեհանգստեան արարողութիւն: Պատարագը մատուցեց Սահակ վրդ. Եմիշեան:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Թեսաղոնիկէի մարզպետ Փանայոթիս Փսոմիատիս:

Կիրակի առաւօտեան Թեսաղոնիկէի «Վելիտիօ» կեդրոնին մէջ յոյն պետական-քաղաքական կեանքի բարձրագոյն ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Օրուան նախագահն էր Մարի Քիւրքճեան:

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցաւ արդարադատութեան եւ մարդկային իրաւունքներու նախարար Խարիս Քասթանիտիս` որպէս ներկայացուցիչ Յունաստանի կառավարութեան եւ վարչապետին:

Ներկայ եղան եւ ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան մարզպետ Փանայոթիս Փսոմիատիս եւ Թեսաղոնիկէի քաղաքապետ Եանիս Պութարիս,  որոնք իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին հայութեան արդար իրաւունքները հետապնդող պայքարին` խստօրէն դատապարտելով Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը:

ՀՅԴ երիտասարդական միութեան «Սողոմոն Թեհլիրեան» խումբին խօսքը արտասանեց Տիգրան Պլեճեան: Ելոյթ ունեցաւ Թեսաղոնիկէի Երաժշտութեան բարեկամներու միութեան պատանեկան երգչախումբը, ղեկավարութեամբ խմբավար Քոսթիս Փափազօղլուի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Թէանօ Ֆիկիորիի:

Օրուան բանախօսն էր Թեսաղոնիկէի Արիստոտելեան համալսարանի արդի պատմութեան դասախօս, փրոֆ. Վլասիս Աղծիտիս, որ 1995-ին ստացած է Աթէնքի ակադեմիայի պարգեւը, Պոնտոսի յոյներու պատմութեան արձանագրութեան համար: Ան հեղինակ է 9 գիրքերու, բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններու եւ յօդուածներու` Յունաստանի եւ արտասահմանի թերթերու մէջ: Իր հետազօտած թեմաները կը վերաբերին Փոքր Ասիոյ աղէտի դէպքերու պատմական ներկայացման:

«Քրիստոնեաներու ողջակիզումը օսմանեան Թուրքիոյ կայսրութեան օրերուն» թեման ներկայացնելով` փրոֆ. Աղծիտիս խօսեցաւ 1911-ին երիտթուրքերու կողմէ ծրագրուած քրիստոնեայ տարրի բնաջնջման ծրագիրին մասին` վկայակոչելով 3 հոկտեմբեր 1911-ին «Տը Թայմզ աֆ Լոնտոն» թերթին մէկ հաղորդումը, ուր նշուած էր, թէ ծայրայեղ մօտեցումներու դրսեւորումներով հանդէս կու գային ղեկավարող կուսակցութեան անդամները, այդ օրերուն կայացած իրենց խորհրդաժողովին ընթացքին: Տարածաշրջանին մէջ բնակող քրիստոնեայ ժողովուրդներու բռնի թրքացման քաղաքականութիւնը արդէն ի զօրու դարձած էր:

Ան հաստատեց, թէ այս ծիրին մէջ սկսաւ հայերու, յոյներու, ասորի քաղդէացիներու ծրագրաւորուած բնաջնջումը:

Ձեռնարկին աւարտին տեղի ունեցաւ քայլարշաւ դէպի Գ. զօրաբանակի Անծանօթ զինուորի յուշարձանը, ուր ծաղկեպսակներ զետեղուեցան:

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 96-ԱՄԵԱԿԻՆ
ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ

Նախաձեռնութեամբ Աթէնքի մարզպետարանին եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին եւ ՌԱԿ Հայ իրաւանց խորհուրդին, կիրակի, 17 ապրիլին, Աթէնքի Սթատիու կեդրոնական պողոտային վրայ գտնուող «Աթիքոն» շքեղ հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծ եղեռնի 96-րդ տարելիցին նուիրուած կեդրոնական քաղաքական ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան գաղութի պատկան մարմիններուն ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ` օտար դիւանագէտներ:

Ձեռնարկին սկիզբը ցուցադրուեցաւ Մեծ եղեռնի վաւերագրական լուսանկարներով եւ ապրիլեան խորհրդանիշ Ծիծեռնակաբերդի բլուրին վրայ յարգանքի տուրք մատուցող հայրենակիցներու երթը ցոյց տուող տեսաերիզ մը:

Օրուան նախագահ Տիրա Ցուքալա իր խօսքը ուղղեց` ներկաները հրաւիրելով մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու 1915-ի անմեղ հայ զոհերու յիշատակը:

Յունաստանի կառավարութեան խօսքը արտասանեց փոխնախարար Աննա Տալարա, որ նշեց, թէ համայն մարդկութիւնը պարտի իր ձայնը միասնաբար հնչեցնել` մարդկային իրաւանց խախտումներուն եւ ցեղապաշտական երեւոյթներուն դիմադրելու համար:

Յունաստանի խորհրդարանին խօսքը արտասանեց Ա. փոխնախագահ Ղրիղորիս Նիոթիս: Օրուան բանախօսն էր Թրակիոյ «Տիմոքրիթիօ» համալսարանի ընկերային գիտութեանց դասախօս Թէոֆանիս Մալքիտիս, որ իր ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքը ներկայացուց համակարգչային արդիական ձեւով: Փրոֆ. Մալքիտիս մաս կը կազմէ Ցեղասպանութեանց ճանաչման ակադեմիկոսներու միջազգային միութեան: Ան յայտնեց, թէ միութիւնը 2007-ին ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութեան պատմական փաստը` աւելցնելով, թէ հետզհետէ ամէնուրեք կը բազմանան արդարութիւնը եւ հայութեան իրաւունքը պահանջող ձայները:

Հայ երիտասարդութեան խօսքը արտասանեց Արմէն Եըլտըրըմ: Համայնավար կուսակցութեան կողմէ ողջոյնի խօսք արտասանեց Նիքոս Փափաքոնսթանտինու, ԼԱՕՍ-ի կողմէ` դեսպան Իոանիս Քորանտիս, Սիրիզայի կողմէ` Սոթիրիս Սիոխոս, իսկ բնապահպաններու խմբակցութեան կողմէ` Նիքոս Միլոնաս:

Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Գագիկ Ղալաչեան խօսք առնելով` նկատել տուաւ, թէ մենք կը շարունակենք ոգեկոչել մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակը, կը շարունակենք մաքառիլ յանուն արդարութեան եւ յանուն մեր ժողովուրդի ոտնահարուած, բայց անկապտելի իրաւունքներուն, աւելցնելով, որ ասիկա միայն հայ ժողովուրդին հարցն ու դատը չէ, քանի որ մէկ ժողովուրդի դէմ ուղղուած յանցանքը յանցանք է նաեւ համայն մարդկութեան դէմ, իսկ չճանչցուած ու չդատապարտուած յանցանքը, ինչպէս ցոյց տուաւ պատմութեան հետագայ ընթացքը,  չարորակ նոր ճիւղարձակումներ կու տայ, եւ  ոճիրի անպատժելիութիւնը ոմանք կը քաջալերէ գործելու նորերը:

Ապա Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին հրամանագիրով «Մովսէս Խորենացի» մետալով պարգեւատրուեցաւ հայութեան վաղեմի բարեկամ, փրոֆեսէօր Իոաննիս Խասիոթիս:

Պարգեւատրումը կատարեց Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Գագիկ Ղալաչեան, որ իր շնորհաւորական խօսքին մէջ նշեց, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն պարգեւներէն մէկը` հայոց պատմահայր Մովսէս Խորենացիի անունը կրող մետալը կը յանձնուի հայութեան հաւատարիմ յոյն բարեկամ, դոկտոր փրոֆեսեօր Իոաննիս Խասիոթիսին, որ, ինչպէս նշուած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հրամանագիրին մէջ, այդ պարգեւին արժանացաւ հայ եւ յոյն ժողովուրդներու միջեւ դարաւոր բարեկամութեան ամրապնդման գործին մէջ իր ներդրած աւանդի եւ Հայոց ցեղասպանութեան գիտական հիմնաւորման համար:

Իր կարգին, փրոֆեսէօր Խասիոթիս շնորհակալական խօսք արտասանեց` մեծապէս գնահատելով ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբին հետ երկար տարիներու իր համագործակցութիւնը:

Ձեռնարկի աւարտին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Յունաստանի կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները: Նոր հանրապետութիւն կուսակցութեան նախագահ Անտոնիս Սամարասի ողջոյնի խօսքը փոխանցեց երեսփոխան Անասթասիոս Ներանծիս, որ յիշեցուց, թէ Ա. Սամարասի առաջարկով 1996-ին Յունաստանի խորհրդարանը միաձայնութեամբ ընդունեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը, եւ խորհրդարանի օրուան նախագահ Ափոսթոլոս Քաքլամանիսի գործօն ներդրումով երկրի օրէնք դարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան տարեկան ոգեկոչումը:

Այնուհետեւ, պաշտօնական հիւրերու գլխաւորութեամբ, ժողովրդային թափօրը յառաջացաւ դէպի Սինտաղմայի հրապարակ, ուր Անծանօթ զինուորի յուշադամբանին առջեւ ծաղկեպսակներ զետեղուեցան, Յունաստանի պետական եւ քաղաքական կեանքի ներկայացուցիչներուն կողմէ, 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

 

ՔՈՒԷՅԹ

ՔՈՒԷՅԹԻ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԾՈՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ
ՆՈՐՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴ
ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ ՔՈՒԷՅԹ ԱՅՑԸ

23 մարտին Շահէ եպս. Փանոսեան ժամանեց Քուէյթ: Ան այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, ուր դիմաւորուեցաւ դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեանի եւ Ա. քարտուղար եւ հիւպատոս Արմէն Սարգիսեանի կողմէ:

Դեսպանը սրբազան հօր եւ պատուիրակութեան ծանօթացուց դեսպանատան շէնքն ու գրասենեակները: Մտերմիկ զրոյցներ տեղի ունեցան յառաջիկայ օրերու աշխատանքներուն եւ ընդհանրապէս դեսպանատան գործերուն մասին:

Երեկոյեան սրբազան հայրը ժամանեց եկեղեցի,  եւ ընկերակցութեամբ սկաուտական փողերախումբին, յառաջացաւ մինչեւ առաջնորդարանի դրան սեմը: Դպրաց դասը սրբազան հօր տուաւ ձեռաց խաչը, եպիսկոպոսական գաւազանն ու շուրջառը: Սրբազան հայրը օրհնեց խունկն ու խաչը: Այնուհետեւ խորանին առջեւ կատարուեցաւ կանոնական աղօթքը: Տէր հայրը բոլոր ներկաներուն անունով բարի գալուստ մաղթեց սրբազան հօր, որ իր կարգին իր սրտի խօսքը արտասանեց ներկաներուն:

Ժողովուրդը բարի գալուստի աջահամբոյր կատարելէ ետք մեկնեցաւ եկեղեցիէն:

Այնուհետեւ  Ազգային վարչութիւնը սրբազան հօր հետ ընթրիք մը ունեցաւ «Հոլիտէյ ինն» պանդոկին մէջ:

24 մարտին սրբազանը  այցելեց լիբանանեան դեսպանատուն, ուր մտերմիկ եւ փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտի մէջ եղան գործակցութեան պատրաստակամութիւն արտայայտող խօսքեր:

Այնուհետեւ սրբազանը այցելեց սուրիական դեսպանատուն, ուր երկու կողմերը անդրադարձան արաբական աշխարհը յուզող հարցերուն:

25 մարտին սրբազան հայրը նախագահեց եւ քարոզեց Մեծ պահոց Տնտեսի կիրակիի յիշատակին մատուցուած Ս. պատարագին:

Շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հայրենի Պարի պետական համոյթին յաղթական ելոյթը: Կիրակի սրբազան հայրը հրաժեշտ տուաւ Քուէյթի հայորդիներուն:

 

ՖՐԱՆՍԱ

ՀԱՆՐԻ ՍԱՊԻԻՆ ՇՆՈՐՀՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻ
«ՄԽԻԹԱՐ ԳՈՇ» ՊԱՏՈՒՈՅ ՇՔԱՆՇԱՆԸ

14 ապրիլին Ֆրանսայի Թուլուզ քաղաք, Հոթ Կարոնի նահանգային խորհուրդի շէնքին մէջ,  ներկայութեամբ նահանգային խորհուրդի նախագահ, ընկերվարական Փիեռ Իզարի, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վիգէն Չիթեչեանի ձեռամբ, Հայաստանի նախագահին կողմէ պատուոյ շքանշանով պարգեւատրուեցաւ հայ ժողովուրդի երկար տարիներու բարեկամ Հանրի Սապին:

Հոթ Կարոնի նահանգային խորհուրդի փոխ նախագահուհի Անի Մորի խորհուրդին անունով ողջունեց ներկաները եւ նկարագրեց Հանրի Սապիի քաղաքական գործունէութիւնը` տեղական կառավարման մարմիններէն մինչեւ Եւրոխորհրդարան մուտքը` 1981-ին:

Հանրի Սապի ֆրանսացի նախկին եւրոերեսփոխան, ծնած է 1933 թուականին,  Ֆրանսայի Թուլուզ քաղաքը: Եւրոպական խորհրդարանի անդամ ընտրուած է Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութեան ցանկերէն, 1981-1994:

Ան յաջորդաբար եղած է Եւրոխորհրդարանի Ֆրանսայի ընկերվարականներու պատուիրակութեան նախագահ, Զարգացման եւ համագործակցութեան յանձնաժողովի նախագահ, Ափրիկէ, Քարայիպեան-Խաղաղական յանձնաժողովի փոխնախագահ եւ Նախագահներու յանձնաժողովի նախագահ: Ան նաեւ բազում այլ պաշտօններ վարած է ու անդամ եղած է բազմաթիւ յանձնախումբերու:

Եւրոխորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան 18 յունիս 1987-ի ճանաչման գործին մէջ Հանրի Սապի առաջնորդ դերակատարութիւն ունեցած է, եւ իր ջանքերուն շնորհիւ ընկերվարական խմբակցութեան զանազան երկիրներու պատուիրակութիւնները պաշտպանած են 1987-ի բանաձեւը եւ` ի նպաստ քուէարկած:

1988-ի արցախեան շարժումի սկսելէն ետք, Հանրի Սապին Եւրոխորհրդարանին մէջ մեծապէս նպաստած է արցախահայութեան իրաւունքներուն ի նպաստ բանաձեւերու ընդունման, աշխատանքային այցելութիւններ տուած է Հայաստան եւ Արցախ, եւ 1990-ին Երեւանի քաղաքապետարանին կողմէ պատուոյ քաղաքացիի կոչում ստացած է:

2007-ի հոկտեմբերին, Եւրոխորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման

20-րդ տարեդարձին առիթով, Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպած Եւրոպահայութեան 2-րդ համաժողովը զայն պարգեւատրեց:

 

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ

ՀՕՄ-Ի «ՍԻՓԱՆ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ
ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐԷՆ`
ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԵԱՆ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Հովանաւորութեամբ  ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-ի «Սիփան» մասնաճիւղի նորաձեւութեան յանձնախումբին, 26 փետրուարին «Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ-ձեռնարկ մը` նորաձեւութիւններու ցուցադրութեամբ, 350 եւ աւելի հիւրերու ներկայութեամբ:

Յանձնախումբին անունով Սեդա Խոճայեան,  բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն,  հրաւիրեց վարչութեան ատենապետուհի Քրիստին Յովնանեանը` փոխանցելու համար վարչութեան խօսքը: Յովնանեան ներկայացուց «Սիփան» մասնաճիւղը` իբրեւ 35-ամեայ մարդասիրական, բարեսիրական բեղուն գործունէութիւն ունեցող ու հերոսութեան առաջնորդող իրականութեան, որուն անդամները գործի լծուած են իբրեւ ՀՕՄ-ի ուխտեալներ եւ կ՛իրականացնեն իրենց ուխտը` հանդիսանալով ՀՕՄ-ի հարիւրամեայ պատմութեան հրաշագործ կազմակերպութեան դալար ճիւղերէն մէկը:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր,  որուն յաջորդեց նորաձեւ հագուստներու  ցուցադրութիւն:

ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ
ՏԱՐԵԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿԸ

Հովանաւորութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի ՀՅ Դաշնակցութեան «Քրիստափոր» եւ «Սարդարապատ» կոմիտէներուն, կազմակերպութեամբ Հայ դատի յանձնախումբին, 19 մարտին «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ դատի տարեկան ձեռնարկը:

Օրուան հանդիսավար Անի Պաղտասարեան  ընդհանուր ակնարկ մը նետեց 2010-ի ընթացքին Հայ դատի տարած աշխատանքներուն` խօսեցաւ մարտահրաւէրներուն ու յուսախաբութիւններուն, ինչպէս նաեւ անոնց դրական կողմերուն մասին:

Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Արմէն Կարապետեան հակիրճ կերպով ներկայացուց յանձնախումբին տարեկան տեղեկագիրը` տարուած աշխատանքներուն ու գործունէութիւններուն մասին լուսաբանութիւններ տալով: Ապա ան տուաւ մանրամասնեալ տեղեկութիւններ Ներկայացուցիչներու տան թիւ 252 բանաձեւին շուրջ ստեղծուած վէճին մասին: Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի հայազգի նորընտիր անդամ Խաչօ Աչաճեան յայտարարեց, թէ ինք 14 ապրիլ 2011-ին հպարտութեամբ խորհրդարանին պիտի ներկայացնէ իր առաջին բանաձեւը` Հայոց ցեղասպանութեան մասին, իր պաշտօնակից ներկայացուցիչ Փորթանթինոյի համահեղինակութեամբ, աւելցնելով, որ այդ բանաձեւը պիտի նշէ 24 Ապրիլ, 2011-ը իբրեւ 1915-1923 Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակութեան օր Քալիֆորնիոյ մէջ: Ան յայտնեց, թէ սոյն բանաձեւը նաեւ պիտի յիշեցնէ ամերիկեան Քոնկրեսին ու Միացեալ Նահանգներու նախագահին, թէ ժամանակն է ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը. բան մը, որ նախագահ Օպամա խոստացաւ նախընտրական շրջանին, բայց չկատարեց:

Օրուան պատգամախօսն էր դոկտ. Հայկ Դեմոյեան, Երեւանէն: Ան 2005-էն ի վեր տնօրէնն է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին, իսկ իր դոկտորան ստացած է Երեւանի արեւելագիտութեան ակադեմիայէն: Ան կը դասախօսէ Երեւանի համալսարանի պատմութեան մասնաբաժինին մէջ: Ան նաեւ գիտահետազօտող մըն է ու գրած է քանի մը գիրքեր Ցեղասպանութեան, թրքական արտաքին քաղաքականութեան եւ Ղարաբաղի պատերազմին միջամուխ ըլլալու Թուրքիոյ ջանքերուն մասին: Ան նաեւ ջատագով մըն է Ցեղասպանութեան ճանաչման ու սկզբնական օրերէն ընդդիմադիր մը` հայ-թրքական արձանագրութիւններուն, հակառակ իր դիմակալած քաղաքական ճնշումներուն:

Դոկտ. Դեմոյեան ընդհանուր գիծերու մէջ խօսեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան ու թիւ 252 բանաձեւին ընդդիմանալու Օպամայի դիրքին մասին` հակառակ տրուած խոստումներուն: Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ Հայ դատի յանձնախումբերու աշխարհատարած աշխատանքին մասին, թելադրելով, որ այդ աշխատանքները երբեք չտկարանան, ի՛նչ ալ ըլլայ այդ աշխատանքներուն գինը: Ապա դոկտ. Դեմոյեան մասնաւորաբար անդրադարձաւ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն, որոնք բացարձակապէս չէին վայելած հայ ժողովուրդին մեծամասնութեան աջակցութիւնը: Ան շեշտեց, թէ որեւէ ձեւով նման համաձայնութիւն մը կարելի չէ ստորագրել` առանց հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու ճանաչման, առանց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու բռնագրաւուած հողերու վերադարձին:

Հանդիսութեան աւարտին դոկտ. Հայկ Դեմոյեանին եւ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Խաչօ Աչաճեանին յանձնուեցան 1918-ին Սան Ֆրանսիսքոյի փոքրիկ հայ գաղութին կողմէ տեղի ունեցած ցոյցին  շրջանակուած լուսանկարները` ձեռամբ Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Արմէն Կարապետեանի:

 

ԱՐԺԱՆԹԻՆ

ՀՅԴ «ԱՐՄԵՆԻԱ» ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ
ՆԵՐԿԱՅ ԵՂԱՒ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ՔԱՅԼԱՐՇԱՒԻՆ

Ամէն տարի, 24 մարտին, Արժանթինի մէջ կը յիշատակուի Ճշմարտութեան եւ արդարութեան յիշողութեան օրը` ի յիշատակ 1976-1983 թուականներուն երկրին մէջ իշխող զինուորական բռնատիրական կառավարութեան բռնարարքներուն զոհ գացած նահատակներուն: Սարսափի եւ անկայունութեան օրեր եղան անոնք արժանթինցիներուն համար, երբ մինչեւ իսկ սովորութիւն դարձած էին քաղաքացիներու առեւանգումն ու սպանութիւնը:

Երբ ժողովրդավարութիւնը վերահաստատուեցաւ, ի յայտ եկաւ, թէ այդ բոլորը ցեղասպանութիւն էին: Այդ ուղղութեամբ զինուորական խունթաներուն դէմ տեղի ունեցած դատավարութիւնները, զորս նախագահեց տոքթ. Լէոն Քարլոս Արսլանեան,  երկրին մէջ արդարութիւն հաստատելու միտումով առաջին քայլը հանդիսացան, գաղափար մը, որ երկար ժամանակէ ի վեր գոյութիւն չէր ունեցած` ի հետեւանք մինչեւ այդ ժամանակ գործող տէ ֆաքթօ կառավարիչներու աշխատանքին:

ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի երկար տարիներու գիտակից եւ լուրջ աշխատանքին որպէս արդիւնք,  վերջապէս նախագահ Նեսթոր Քիրչներ 2007 թուականին հռչակեց թիւ 26.199 օրէնքը` ճանչնալով Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ապրիլ 24-ը հռչակելով «Հանդուրժողականութեան եւ ժողովուրդներու միջեւ յարգանքի օր»:

Հաւատարիմ մարդկային իրաւանց եւ հայ ազգի իրաւունքներու վերահաստատման ի նպաստ իր պայքարին, ՀՅԴ «Արմենիա» երիտասարդական միութիւնը գործօն մասնակցութիւն բերաւ անցեալ 24 մարտին Ճշմարտութեան եւ արդարութեան յիշողութեան օրուան առիթով Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրեսի կեդրոնական փողոցներուն մէջ տեղի ունեցած քայլարշաւին ու ձեռնարկին: Մեր երիտասարդներուն ներկայութիւնը լայն արձագանգ գտաւ տեղական մամուլին մէջ, որ տարբեր յօդուածներու մէջ ընդգծեց Հայոց ցեղասպանութեան վերապրողներու ժառանգորդներուն մասնակցութիւնը սոյն ձեռնարկներուն:

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES