Բժշկագիտական. Նուազած Ջերմաստիճանները Կ՛աշխուժացնեն Մարմնին Սրճագոյն Ճարպի Պահեստները` Նպաստելով Նիհարնալու Գործընթացին…

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Հոկտեմբերի կէսերուն Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւններէն մէկը ցոյց տուած է, թէ մարմնին ջերմաստիճաններուն նուազեցումը կ՛աշխուժացնէ սրճագոյն ճարպի պահեստները, որոնք իրենց կարգին մեծ տարողութեամբ ջերմուժ կ՛արտադրեն` մարմնին ջերմաստիճանները հակակշռելու համար` միեւնոյն ատեն նպաստելով նիհարնալու գործընթացին:

Ծանօթ է արդէն, որ նորածիններուն ուսոսկրներուն շուրջ գոյութիւն ունի մեծ տարողութեամբ սրճագոյն ճարպ, որուն արտադրած ջերմուժը տաք կը պահէ անոնց մարմինը:

Նախապէս մասնագէտներ երկար ատեն այն կարծիքը ունեցած են, թէ սրճագոյն ճարպին տարողութիւնը հետզհետէ կը նուազի մանկութեան շրջանին եւ գրեթէ անհետացած կ՛ըլլայ չափահաս տարիքին:

Սակայն մօտաւորապէս հինգ տարի առաջ մասնագէտներ Քէ. ճառագայթներ արտադրող համակարգիչի բարդ սարքերուն միջոցով սրճագոյն ճարպի փոքր պահեստներ յայտնաբերած են խումբ մը չափահասներու կռնակին վերի բաժինին մէջ ու վիզին շուրջ, ինչպէս նաեւ` վիզին ու ուսին միջեւ գտնուող բաժինին մէջ: Մասնագէտները նկատած են, թէ սրճագոյն ճարպի այդ պահեստները աշխուժ վիճակի մէջ եղած են ձմրան` նուազած ջերմաստիճաններու ազդեցութեան տակ:

Նման յայտնաբերում մը գլխաւորաբար գիրութեան հետ առնչուած հարցերը ուսումնասիրող մասնագէտներուն հետաքրքրութեան առարկան դարձած է եւ արդէն իսկ հինգ տարուան մէջ անոնք այս ծիրին մէջ կատարած են յաւելեալ ուսումնասիրութիւններ եւ յստակացուցած` որոշ տեսակէտներ:

Ի՞նչ Է Սրճագոյն Ճարպը

Մասնագէտները գտած են, թէ տուրմի գոյն ունեցող սրճագոյն ճարպը արագօրէն տարբաղադրուելով` կ՛արտադրէ մեծ տարողութեամբ ջերմուժ, որ կը պահպանէ մարմնին ջերմաստիճանը. մինչ այդ, ճարպոտ ուտելիքներու պատճառով մարմնին տարբեր բաժիններուն մէջ կուտակուած ճերմակ ճարպը շատ դանդաղօրէն կը տարբաղադրուի եւ համեմատաբար նուազ տարողութեամբ ջերմուժ կ՛արտադրէ:

Մասնագէտները յայտնած են, թէ նիհար մարդոց մօտ շատ աւելի մեծ տարողութեամբ սրճագոյն ճարպ յայտնուած է, քան` գէրերուն մօտ: Անոնք ըսած են նաեւ, թէ գէրերուն մօտ մեծ տարողութեամբ ճերմակ ճարպը որոշ չափով «խեղդած է» սրճագոյն ճարպին տարբաղադրուելու գործընթացը:

Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող մասնագէտներէն` փրոֆ. Մայքըլ Սայմընծ ըսած է, թէ մարմնին որեւէ բաժինը պաղեցնելը կ՛աշխուժացնէ սրճագոյն ճարպին պահեստները, որոնք մեծ տարողութեամբ ջերմուժ կ՛արտադրեն` մարմնին ջերմաստիճանները իրենց բնականոն սահմաններուն մէջ պահելու համար` այդպիսով նպաստելով նիհարնալու գործընթացին:

Նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ մասնագէտները անդրձայնային ալիքներ արձակող սարքերու միջոցով չափած են չափահասներուն ուսերուն վրայ եղած մորթին հաստութիւնը` նկատի ունենալով, որ նախապէս կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ որքա՛ն հաստ եղած է ուսերուն վրայ եղած մորթը, այնքա՛ն նուազ աշխուժ եղած է մորթին տակ գտնուող սրճագոյն ճարպին տարբաղադրուելու գործընթացը:

Ապա մասնագէտները տասը վայրկեան հանգստաւէտ դիրքով նստիլ տուած են չափահասները եւ մարմնին ջերմաստիճանները նկարահանող յատուկ տեսախցիկներու միացուած Քէ. ճառագայթներ արտադրող համակարգիչի բարդ սարքերուն միջոցով չափած են անոնց սրճագոյն ճարպին շուրջ եղող ջերմաստիճանները: Մինչ այդ, չափահասներէն պահանջուած է կարելի եղած չափով անշարժ մնալ` չխախտելու համար իրենց մարմնին ջերմաստիճանները:

Տասը վայրկեան ետք մասնագէտները հինգ վայրկեան քսան աստիճան սելսիուս եղող պաղ ջուրի մէջ տեղադրած են չափահասներուն աջ կամ ձախ ձեռքը: Հինգ վայրկեան ետք մարմնին ջերմաստիճաններուն պատկերը ցոյց տուող յատուկ տեսախցիկներէն ձեռք ձգուած նկարները արդէն իսկ ջերմաստիճանի յաւելում ցոյց տուած են չափահասներուն վիզին վարի բաժինին շուրջ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ սրճագոյն ճարպի պահեստները աշխուժացած են եւ ճարպին տարբաղադրումով, մեծ տարողութեամբ ջերմուժ արտադրուած է` տաք պահելու համար չափահասներուն մարմինը:

Նուազ Շեշտուած`
Չափահասներուն
Մօտ

Միւս կողմէ, սակայն, փրոֆ. Սայմընծ ըսած է, թէ նման երեւոյթ մը չէ յայտնուած գէրերուն մօտ: Ան բացատրած է, թէ սրճագոյն ճարպին տարբաղադրման գործընթացը միեւնոյն ձեւով չէ աշխուժացած գէրերուն պարագային:

Ցարդ կարելի չէ եղած բացատրել նման տարբերութեան մը յառաջացումը: Կարգ մը մասնագէտներ նշած են, թէ գէրերուն մարմնին պարունակած սրճագոյն ճարպին տարողութիւնները նիհարներէն նուազ եղած են, ինչպէս նաեւ այդ նուազագոյն տարողութիւնները նոյնիսկ բաւարար աշխուժ չեն եղած անոնց մօտ:

Նշեալ ուսումնասիրութեան զուգահեռ կատարուած մէկ այլ ուսումնասիրութեան մը մէջ փրոֆ. Սայմընծ մարմնին ջերմաստիճանները նկարահանող սարքերուն միջոցով հետեւած է խումբ մը առողջ մանուկներու վիզին շուրջ եղող ջերմաստիճաններուն մէջ յառաջացած փոփոխութիւններուն եւ յայտնած է, թէ մանուկներուն վիզին շուրջ մօտաւորապէս յիսուն կրամ սրճագոյն ճարպ եղած է, որ օրուան ընթացքին միջավայրին ջերմաստիճաններուն չնչին փոփոխութիւններուն առընթեր, քանիցս աշխուժացած եւ կամ դանդաղած է անոր տարբաղադրման գործընթացը:

Սակայն նման երեւոյթ մը համեմատաբար նուազ շեշտուած ձեւով դրսեւորուած է պատանիներուն եւ կամ չափահասներուն մօտ` նկատի ունենալով, որ տարիքի բերմամբ մարմնին մէջ տեղի ունեցող փոխարկական գործընթացներուն մէջ յառաջացած փոփոխութիւններով պատճառով նուազած են նաեւ սրճագոյն ճարպին տարողութիւնները:

Կծու Պղպեղին Ունեցած
Ազդեցութիւնը

Փրոֆ. Սայմընծ ըսած է, թէ կարգ մը տեսակի սննդեղէններ (օրինակ` մածունը, կաթն ու պանիրը), ինչպէս նաեւ պաղ ջուրն ու պաղ պտուղի հիւթը եւս կրնան աշխուժացնել սրճագոյն ճարպին պահեստները, իսկ տաք խմիչքներն ու ճարպոտ ուտելիքները կը դանդաղեցնեն սրճագոյն ճարպին տարբաղադրման գործընթացը:

Այլ ուսումնասիրութեան մը մէջ մասնագէտներ գտած են, թէ կծու պղպեղին բաղկացուցիչներէն` քեփսէիսին կոչուած նիւթը «կը խաբէ» ուղեղը` կարծել տալով, թէ մարմինը կը մսի: Այսուհանդերձ, նման զգացումի մը ազդեցութեան տակ ուղեղը կ՛աշխուժացնէ սրճագոյն ճարպին պահեստները:

Ատենէ մը ի վեր հետազօտողներ նախաձեռնած են այնպիսի՛ ուսումնասիրութիւններու, որոնց մէջ անոնք հետամուտ եղած են գտնելու ճերմակ ճարպը սրճագոյն ճարպին յատկանիշներով օժտող միջոցներ: Այսպէս, օրինակ, նշեալ ծիրին մէջ անոնք գտած են երկրորդ տեսակի շաքարախտ ունեցող մարդոց շաքարին տարողութիւնը նուազեցնող դեղահատ մը, որ կրցած է ճերմակ ճարպը վերածել սրճագոյն ճարպի:

Նշեալ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող մասնագէտ փրոֆ. Տոմենիքօ Աքիլի թէեւ բաւական հետաքրքրական գտած է նման յայտնաբերում մը, բայց եւ այնպէս, ան ըսած է, թէ ցարդ կարելի չէ եղած ճերմակ ճարպը ամբողջութեամբ անվնաս ու ազդեցիկ կերպով վերածել սրճագոյն ճարպի` նկատի ունենալով, որ վերոնշեալ դեղահատին բարձր տարողութիւնները լեարդի թունաւորում յառաջացուցած են, ինչպէս նաեւ ոսկորներուն վնասած են:

Այլ ուսումնասիրութեան մը մէջ մասնագէտներ յայտնած են, թէ մարմնամարզը կրնայ ճերմակ ճարպը վերածել աւազի գոյն ունեցող ճարպի, որ սրճագոյն ճարպին մէկ այլ տարբերակն է: Նշեալ տեսակի ճարպը նախապէս յայտնուած էր մուկերուն մարմնին մէջ, սակայն հետագային մասնագէտներ զայն յայտնաբերած էին նաեւ մարդկային մարմնին մէջ:

Աւազի գոյն ունեցող ճարպը ընդհանրապէս ցրւուած եղած է ճերմակ ճարպի ոլոռնի մեծութիւն ունեցող կոյտերուն մէջ` փոխանակ անոր մեծ պահեստներուն մէջ տարածուելու:

Մարմնամարզին Ու Սննդեղէններուն
Ունեցած
Ազդեցութիւնը

Մուկերուն վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւններէն մէկը ցոյց տուած է, թէ մարմնամարզը անոնց մարմնին ճերմակ ճարպը ժամանակաւոր կերպով վերածած է աւազի գոյն ունեցող ճարպի, որ ճերմակ ճարպէն աւելի արագօրէն տարբաղադրուելով` ջերմուժ արտադրած է, որ սակայն, չէ ունեցած սրճագոյն ճարպին հայթայթած ջերմուժին տարողութիւնը:

Մասնագէտները գտած են նաեւ, թէ մարմնամարզի ատեն մուկերուն մարմինը արտադրած է այրիսին կոչուած հորմոնը, որ կարելի դարձուցած է ճերմակ ճարպին աւազի գոյն ճարպի վերածուելու գործընթացը: Նշեալ հորմոնը արտադրուած է նաեւ մարդկային մարմնին մէջ եւ իր կերտուածքով յար նման եղած է մուկերուն մօտ արտադրուած հորմոնին:

Մուկերուն վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող ամերիկացի մասնագէտ Պռուս Սփէյկըլմեն հաւանական գտած է, թէ մարմնամարզին միջոցով մարդոց նիհարնալուն պատճառներէն մէկը կրնայ այրիսինին արտադրութիւնը ըլլալ:

Մասնագէտները հետամուտ են կատարելու յաւելեալ ուսումնասիրութիւններ` գտնելու համար, թէ ո՛ր տեսակի սննդեղէնները կը նպաստեն սրճագոյն ճարպի պահեստներուն աշխուժացման:

Փրոֆ. Սայմըն նշած է, թէ երեսուն տարի առաջ տուներն ու գրասենեակները չէին օժտուած կեդրոնական ջեռուցումով եւ տուեալ տան մը մէկ սենեակը միայն տաք կ՛ըլլար: Իսկ ներկայիս, ձմրան ցուրտ եղանակին, մարդիկ թի.- շըրթներով եւ կամ բարակ կերպասէ զգեստներով կը մնան իրենց տան եւ կամ գրասենեակին մէջ, պարզապէս քանի որ շատ տաք է իրենց միջավայրը:

Փրոֆ. Սայմընծ յանձնարարած է այդքան տաք չպահել նշեալ միջավայրերը: Անոր կարծիքով, ձմրան քիչ մը մսիլը կը մղէ մարմինը այրելու սրճագոյն ճարպը: Ան նշած է նաեւ, թէ ձմրան բացօթեայ քալելն ու հեծիկ քշելը, ինչպէս նաեւ տարբեր տեսակի մարմնամարզ կիրարկելը աւելի օգտակար են մարմնին, քան` տան մէջ եւ կամ փակ սրահներու մէջ կիրարկուած մարմնամարզը:

 

Օգտագործուած աղբիւր՝ «Մէյ Օնլայն»

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )