«ԵՈՒՐՈՓԱ ԼԻԿ». ԱՅՍՕՐ` ՊԵՆՖԻՔԱ – ՊՐԱԿԱ ԵՒ ՓՈՐԹՕ – ՎԻԱՐԷԱԼ

«Եուրոփա լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի երթի մրցումներուն, որոնք տեղի պիտի ունենան այսօր, հիւրընկալ կազմերը իրենց ամէն կարելին պիտի ընեն յաղթանակ արձանագրելու համար, որպէսզի դարձի մրցումին որեւէ դժուարութեան դէմ յանդիման չգտնեն իրենք զիրենք:

Այսօրուան երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 22:05-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:

Առաջին մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ Պենֆիքան եւ Պրական, իսկ երկրորդը` Փորթոն եւ Վիարէալը:

Թէ՛ Պենֆիքա, թէ՛ ալ Փորթօ ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայեն` գոհ ձգելու համար իրենց փորթուգալցի համակիրները, որոնք միշտ ալ իրենց կազմերուն կատարած մրցումներուն խուռներամ կ՛ուղղուին դաշտ:

 

Share this Article
CATEGORIES