ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ. ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹ ԵՐԿՈՒ ՅԱՂԹԱՆԱԿՈՎ ՍԿՍԱՒ ՏՂՈՑ Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Մասնակցութեամբ 12 ակումբներու, նախանցեալ օր Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) սկսան Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց ախոյեանութեան մրցումները: Անոնք պիտի երկարին մինչեւ 5 մայիս:

ՀՄԸՄ Պէյրութի տղաքը յաղթանակով սկսաւ մրցաշարքը, երբ իրենց կատարած առաջին եւ երկրորդ մրցումին յաջորդաբար պարտութեան մատնեցին Շապապ Զուքը (3-0) եւ Անդրանիկ Պէյրութը (3-2):

Երկուքական յաղթանակ արձանագրեցին նաեւ Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա, Ռիատի Պէյրութ եւ Ժամհուր: Մինչ մէկական յաղթանակ արձանագրեցին Ժունուպ Թուլ, Պարաղեմ Նապաթիէ, Անդրանիկ Պէյրութ եւ Մուժամմահ Հարիրի:

 

Share this Article
CATEGORIES