Մասունքներ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ժամանակակից Պատմութեան

ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ

 

Սահակ Կաթողիկոս Եւ Վերականգնումի Ճիգեր
Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութեան

7.¬ Կոնդակ, գրութեան թուական եւ վայր` 15 նոյեմ. 1928, Հալէպ: Այս կոնդակը, ի շարս հարիւրաւոր այլ նամակներու, պերճախօս վկայութիւն մըն է այն երկարամեայ եւ յարատեւ ճիգերուն, զորս Սահակ կաթողիկոս առանց յուսահատելու ի գործ կը դնէր Կիլիկիոյ պատմական կաթողիկոսութեան վերականգնումին համար: Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ կոնդակի բովանդակութիւնը` ամբողջութեամբ:

 

Այս կոնդակի ճակատին կայ
Կարմիր գոյնով կլոր կնիք, մէջը գրուած է`
ՍԱՀԱԿ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
1903

ՍԱՀԱԿ ԾԱՌԱՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԵՒ ԱՆՀԱՍԱՆԵԼԻ ԿԱՄՕՔՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՊԵՏ ԵՒ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ: Սիրելի որդւոց մերոց, հարազատաց Հայց. Ս. Եկեղեցւոյ, Գերաշնորհ Տ. Արտաւազդ Ծ. Վարդապետի, Առաջնորդ Թեմին Հալպու (Հալէպի), Յարգելի Անդամոց Կազմակերպութեան Օժանդակ Յանձնաժողովոյ ու համայն բարեպաշտ ժողովրդեան, շնորհք, սէր, խաղաղութիւն յԱստուծոյ մերմէ եւ ի Փրկչէն, Ողջոյն եւ Օրհնութիւն հայրական ի մէնջ:

Առաջնորդարանի համար 8570 եւ Նոյ. 15 գրութենէն գոհութեամբ տեղեկացանք, որ Օժանդակ Յանձնաժողովը առաջին ու լիակատար նիստին մէջ միաձայնութեամբ ընտրած է իր դիւանը հետեւեալ կերպով:

1. Մեծայարգ Տիար Արմէն Մազլմեան – Ատենապետ
2. Մեծայարգ Տիար Տոքթ. Յարութիւն Տ. Ղազարեան – Ատենադպիր
3. Մեծայարգ Տիար Հապիպ Սիուֆի – Գանձապահ

Ներկայ հայրապետական կոնդակով հաստատելով Յանձնաժողովոյ եւ իր Դիւանին կազմութիւնը, եւ ամէն յաջողութիւն մաղթելով կ՛առաջարկենք աշխատութեան բաժանման սկզբունքով մասնաճիւղեր կազմել եւ գործի ձեռնարկել:

Դարերով Ս. Եկեղեցիին մայրական հովանաւորութիւնը եւ պաշտպանութիւնը վայելող հայ ժողովուրդը, վստահ եմք ըստ ամենայնի, որ իր կարողութեան չափով, նոյնիսկ աւելին չը պիտի զլանայ աջակցելու նիւթապէս եւ բարոյապէս կազմակերպութեան, որով ութն դարեայ Կաթողիկոսութեան վերականգնումին նախաձեռնարկողի հոգեկան սփոփանքն ու պարծանքը պիտի վայելէ:

Այլ ընդ այլոյ ենթադրութեանց տեղի չը թողլու համար ըսենք, որ կազմակերպութեան բարդ ու դժուարատար գործը ո՛չ թէ միայն Հալապը, ամբողջ Սուրիահայութիւնը չեն կրնար տանիլ եւ իրականացնել: Կաթողիկոսութեան յարատեւութիւնը ընդհ. Ազգին բաղձանքն է: Ուստի, ընդհ. Ազգը պիտի աջակցի այս կենսական գործը գլուխ հանելու:

Հալապը իբրեւ միակ ու հնագոյն վիճակ Կիլիկիոյ, կը փափագիմ, որ նուիրումի անդրանիկ օրինակն ըլլայ: Վերակազմութեան առաջին հիմնաքարը ինքը դնէ:

Օրհնութեամբ եւ սիրով

Մնամ աղօթարար
Սահակ Բ. Կաթողիկոս Կիլիկիոյ

 

Ի 15ն Նոյեմբերի 1928 ամի
Ըստ տոմարի մերում ՌՅՀԷ
Ի Հայրապետութեան մերոյ ԻԵ–րդ ամի
Ընդ համարաւ 49
Տուեալ ի Հալապ

Արդարեւ 1921–1930 տարիներու տասնամեակը ճակատագրական եղած է առհասարակ Արեւմտեան Հայաստանի հայութեան եւ ի մասնաւորի Սուրիա եւ Լիբանան հաստատուած հայ գաղթականներու եւ որբերու բանակին` ազգին մնացորդացին համար, որուն տէր ու պաշտպան կանգնիլը եղաւ Սահակ կաթողիկոսի գոյութեան իմաստը: Նոյնպէս մղձաւանջային տարիներ եղան, Կիլիկիոյ պարպումէն ետք, նահատակեալ եւ աքսորեալ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հոգեւորականութեան եւ անոր վշտակիր հայրապետին համար: Յաճախ գրեց իր նամակներուն, կոչերուն եւ կոնդակներուն մէջ, երբեմնի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, այժմ աւերակեալ Կիլիկիոյ կաթողիկոս` Սահակ Բ. Խապայեան:

Այդ թշուառութեամբ եւ աղէտներով լեցուն տասնամեակի ընթացքին Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւս կը գտնուէր «լինել թէ չլինելու» հարցականին առջեւ: Ամբողջ ինն տարիներ իր ժողովուրդին նման թափառական կեանք մը ապրելէ ետք, առանց աթոռանիստ կեդրոնի մը, երբ հայոց «Հոգեւոր Զօրավարը» (ինչպէս կոչած է զինք Բ. Եղիայեան), Սահակ կաթողիկոս` Բաբգէն աթոռակից կաթողիկոսէն յետոյ, 23 սեպտ. 1930-ին նախ Հալէպէն Պէյրութ կը ժամանէր եւ ապա 29 սեպտ. 1930-ին մուտք կը գործէր Անթիլիաս, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատմութեան մէջ անկիւնադարձ մը կը ստեղծուէր:

Այնուհետեւ Անթիլիասի մէջ պիտի սկսէր կիլիկեան Ս. Աթոռի վերակազմակերպումի, վերընձիւղման եւ ծաղկման նոր շրջան մը, որուն գլխաւոր դերակատարները պիտի ըլլային Սահակ եւ Բաբգէն կաթողիկոսներն ու անոնց աջակից` Շահէ ծ. վրդ. Գասպարեան` որպէս վերատեսուչ դպրեվանքի:

Սահակ Կաթողիկոս Եւ Հայոց «Լքեալ Գոյքերը»

8.¬ Նամակը ուղղուած է.¬

Արժանապատիւ

            Տ. Ներսէս Ա[ւագ] Քահանայ Թաւուքճեան

Հալէպ

Նամակի համար` 2090/175: Գրութեան թուական եւ վայր` 2 օգոստ. 1929, Հալէպ: Նամակը մէկ էջի վրայ գրուած` կարճ գրութիւն մըն է: Թուղթն ու գրութիւնը լաւ պահպանուած վիճակի մէջ են: Ստորեւ կը ներկայացնենք նամակի ամբողջ բովանդակութիւնը:

 

Վերադարձնելով 1925 թուին Այնթապի եկեղեցւոյն, դպրոցաց եւ ազգապատկան կալուածոց գնահատական ցանկը, կը յանձնարարենք, որ

1.¬ Աւելի ամփոփ թղթի վրայ առնել:
2.¬ Գնահատմանց մէջ եթէ աւելի եւ պակաս կայ, աւելին զեղչել ու պակասը լրացնել:
3.¬ Հրատարակուած պաշտօնական ազգին պայմանները ուշադրութեան առնել:
4.¬ Վաւերաթղթեր եթէ կան, թիւ ու թուականները դնել:
5.¬ Գաղիարէնի (ֆրանսերէնի) թարգմանել տալու Օգոստ. 15էն առաջ մեզ վերադարձնել, որպէս զի պաշտօնագրով յանձնենք պատկան իշխանութեան:

Օրհնութեան ողջունիւ, յաջողութեան մաղթանօք

Մնամ աղօթարար

          Սահակ Բ. Կաթողիկոս Կիլիկիոյ

Այս նամակը` ներկայացուած այստեղ որպէս նմուշ, լոկ մէկն է այն հարիւրի հասնող նամակներէն եւ բազմաթիւ թղթածրարներէն, որոնց միջոցով Սահակ կաթողիկոս շարունակաբար հետապնդած է առհասարակ հայութեան եւ ի մասնաւորի Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին, անոր առաջնորդարաններուն, եկեղեցիներուն ու դպրոցներուն պատկանող կալուածներու պահանջատիրութեան խնդիրը: Այս հարցին քննարկումը անկասկած մեզ շատ հեռուները կը տանի եւ ինքն իր մէջ առանձին ուսումնասիրութեան նիւթ է:

Բ. Եղիայեան իր «Ժամանակակից պատմութիւն կաթողիկոսութեան հայոց Կիլիկիոյ, 1914-1972», պատկառելի հատորին մէջ, «Հայոց «լքեալ գոյքը» Թուրքիոյ մէջ» գլուխին տակ (տեսնել էջ 269-277) ամփոփած է այս նիւթին վերաբերող կարեւոր տեղեկութիւնները` քաղելով զանոնք այն փաստաթուղթերէն, որոնք կը գտնուին Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի արխիւատան մէջ:

Սահակ կաթողիկոս տարած է հսկայական աշխատանք` 1921-1929-ի միջեւ: Երբ ինք անտուն եւ անօթեւան վիճակի մէջ էր, շուրջ ինը տարիներ, առանց յուսահատելու, ներկայացուցած է  յուշագրեր, յղած է նամակներ Ֆրանսական կառավարութեան խորհրդարանին` Փարիզ, Բարձր քոմիսերութեան` Լիբանան, Սուրիա, դիմած է մինչեւ իսկ Լիբանանի հանրապետութեան  նախագահին, միշտ կապի մէջ եղած է Փարիզի Հայ ազգային գաղթականաց կեդրոնական յանձնաժողովին հետ: Այս բոլորը կրկին անգամ կու գան վկայելու անոր թափած գերմարդկային ճիգերուն մասին, որպէսզի, եթէ այլեւս կարելի չէ տիրանալ Ցեղասպանութեան ենթարկուած հայութեան կալուածներուն, գէթ անոնց դիմաց հատուցում տրուի Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին եւ անոր գաղթական դարձած ժողովուրդին:

Խնդիրը ծագում կ՛առնէ Անգարայի հանրապետական կառավարութեան 1922-ի մայիսին հրատարակած օրէնքէն, որով թրքական կառավարութեան կը փոխանցուէին Կիլիկիոյ գաղթականներու բոլոր «լքեալ գոյքերը»: Թուրքիոյ դէմ կատարուած բուռն բողոքները ֆրանսական կառավարութեան միջոցով, սկզբնական շրջանին անկէ ստացուած յուսադրիչ պատասխանները որոշ լաւատեսութեամբ կը լեցնեն Կիլիկիոյ հայրապետն ու գաղթական ժողովուրդը, սակայն իրականութիւնը ամբողջութեամբ տարբեր էր: Ֆրանսացիք ստացած էին անհրաժեշտ երաշխիքը` իրենց կալուածներու վերաբերեալ եւ ո՛չ թէ` հայերուն պատկանող…

Այս մասին, թէկուզ հեգնական ոճով, սակայն այնքա՜ն իրաւացիօրէն կը գրէ Բ. Եղիայեան.¬ «Ու կը թուի, որպէսզի Սուրիա եւ Լիբանան գտնուող գաղթական հայերուն քիչ մը սփոփանք եւ զբաղմունք հայթայթուի, ֆրանսական կառավարութիւնը հրահանգ կու տայ, որ հայ գաղթականներուն Թուրքիա թողուցած գոյքերու ցուցակները պատրաստուին… Սահակ կաթողիկոս յենլով «Ֆրանսայի պետական հրահանգին»` իր կարգին շրջաբերական-հարցարաններ կը ղրկէ հայ գաղթականներուն ու կը կարգադրէ, որ հայ հայրենակցական միութեանց միջոցով պատրաստուին հայոց լքեալ գոյքերու ցուցակները: Ինքն ալ ի՛ր ձեռագրովը տող առ տող գրելով կը պատրաստէ Սիսի մէջ կիլիկեան դարաւոր Ս. Աթոռին ունեցած կալուածներուն ցուցակը, ինչպէս պիտի տանք վարը: Եւ այդ բոլոր ցուցակները տրցակ¬տրցակ կը յանձնուին Բարձր քոմիսերութեան յատուկ պաշտօնատունը` իրաւական խորհրդական Զաքարիա Պզտիկեանի ձեռքով, 1924-ի դեկտեմբերին» (տեսնել էջ 270):

Այս հարցը առանց որեւէ դրական արդիւնք ունենալու կը ձգձգուի տարիներ: Հակառակ կրկին անգամ կատարուած դիմումներու` ո՛չ մէկ գործնական գոհացուցիչ պատասխան: Հակառակ թուրքին հանդէպ իր ունեցած անվստահութեան, Սահակ կաթողիկոս կը շարունակէ բանակցութիւնները, մինչեւ ի պատասխան իր 31 մայիս 1929-ի դիմումին` կը ստանայ հետեւեալը. «Ֆրանսական Բարձր քոմիսերութիւնը իր 28 սեպտ. 1929-ի պաշտօնագրով կը յայտնէ, թէ  կառավարութիւնը պաշտօնապէս ո՛չ մէկ միջոց ունի միջամտելու գործին, նկատի ունենալով, որ հարցը Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութեանց հարց մըն է… Ուստի կը թելադրէ, որ հայոց կաթողիկոսը ինք ուղղակի դիմէ Ազգերու լիկային…»: (Տեսնել էջ 274-75, ուր Բ. Եղիայեան մէջբերած է նաեւ ֆրանսերէն բնագիրը այս նամակին):

Ահա այսպէս, տարիներու ձգձգումներէ, լարախաղացութենէ ետք, ֆրանսական կառավարութիւնը, իր շահերը ապահովելէ ետք Թուրքիոյ մէջ, Պիղատոսի նման ձեռքերը լուալով հայոց «լքեալ գոյքերու» հարցէն, հայութիւնը կը յանձնէր, որպէս անպաշտպան գառնուկ, գիշատիչ գայլին, ցեղասպան թուրքին:

Վերադառնալով Սահակ կաթողիկոսի 2 օգոստ. 1929 թուակիր նամակին, գրուած` Ներսէս Ա. քհնյ. Թաւուքճեանին, այնտեղ զարմանքով կը կարդանք, որ ըստ ֆրանսական կառավարութեան հրահանգին, մինչեւ 15 օգոստ. 1929 թուականը պէտք է հայոց` Թուրքիոյ մէջ մնացած կալուածներու թղթածրարները, ֆրանսերէնի թարգմանուած, յանձնուին ֆրանսական պատկան իշխանութեան: Այս մասին եղած են նաեւ այդ օրերու հայկական մամուլին մէջ յայտարարութիւններ: (Տեսնել «Ազդակ»-ի 1929 տարուան յունիս, յուլիս եւ օգոստոս ամիսներու թիւերը, ուր բազմիցս անդրադարձ կայ այս մասին):

«Ազդակ» շաբաթ, 3 օգոստ. 1929-ի համարին մէջ կը կարդանք հետեւեալը.¬

Բ. Քոմիսերի Նամակը Վեհափառին

Թուրքիոյ մէջ գտնուող Ազգային Կալուածներու
Ցուցակը Կ՛ուզուի

 

Առջի օր Բարձր քոմիսերութիւնը Ազգ. առաջնորդարանի միջոցաւ մասնաւոր նամակ մը ղրկեց վեհափառին, որով կը պահանջուի Թուրքիա գտնուող ազգային կալուածներու ցուցակը:

Նամակը արդէն ղրկուած է վեհափառին` Հալէպ: Կը յուսանք, որ վեհափառը պէտք եղած տեղեր պիտի դիմէ` ունենալու ազգային կալուածներու ամբողջական եւ լիակատար ցուցակ մը:

Այս քայլը կը ցուցնէ, որ սեպտեմբերին տեղի ունենալիք բանակցութեանց ընթացքին հայու եւ տեղացիի խտրութիւն պիտի չդրուի, եւ ֆրանսական պատուիրակութեան կողմէ նկատի պիտի առնուին հայերու գոյքերը:

 

Փակելէ առաջ այս նամակի կապակցութեամբ մեր կատարած խորհրդածութիւնները` մենք մեզի հարց կու տանք: Մենք, որ ազգովին, այս անգամ Հայաստանի անկախ պետութեամբ եւ հայկական  սփիւռքով կը պատրաստուինք նշելու Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը, 2015-ին, արդեօք պիտի կարենա՞նք համայն հայութեան պահանջատիրութեան սրբազան պայքարին մէջ քայլ մը յառաջ երթալ, գործնականօրէն բան մը աւելի ձեռք բերել միջազգային ատեաններէն, քան այն,  ինչ որ Սահակ կաթողիկոս ստացած էր որպէս պատասխան` ինը տարիներ շարունակ հայութեան արդար դատն ու ոտնակոխուած իրաւունքները պաշտպանելէ ետք:

(Շար. 5)

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )