ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ ՕՐՈՒԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵԼՈՎ ՊԸՐՐԻ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՊԱՂԵՍՏԻՆՑԻՆԵՐՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԲՆԱԿԵՑՄԱՆ ՄԻՏՈՒՄՆԵՐՈՒ ԳԾՈՎ

Երէկուան շաբաթական հանդիպումը

Լիբանանեան եւ յատկապէս շրջանային վերջին իրադարձութիւնները առանցքը կազմեցին երէկ տեղի ունեցած խորհրդարանական շաբաթական հանդիպումին, որուն նախագահելով` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի մտավախութիւն յայտնեց, որ շրջանային վերջին իրադարձութիւնները կը միտին պաղեստինցիները վերջնականապէս Լիբանանի մէջ բնակեցնել:

Խորհրդարանական այս հանդիպումին, որուն ներկայ էր նաեւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, արծարծուեցան նաեւ տեղական հրատապ հարցեր: Այս առիթով Պըրրի անհրաժեշտ նկատեց կառավարութեան շուտափոյթ կազմութիւնը, որովհետեւ «անոր կազմութեան ձգձգումը կը վնասէ լիբանանեւսուրիական յարաբերութեանց»:

Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահը երէկ ընդունեց նաեւ ներքին գործոց նախարար Զիատ Պարուտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան բանտերու եւ արգելարաններու վիճակը` հոն պատահած վերջին ըմբոստութիւններուն լոյսին տակ:

Այս առիթով նախարար Պարուտ տեղեկագիր մը ներկայացուց Պըրրին` նշելով, որ նմանօրինակ տեղեկագիր մը ներկայացուցած է նաեւ դատական համապատասխան մարմիններուն:

Share this Article
CATEGORIES