«Գեղանկարներս Իմ Կենսագրութիւնս Կը Պատկերեն» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Յարութիւն Արմէնեան

Հարցազրոյցը վարեց` Ն. Բ.

Միջազգային ակադեմական շրջանակներու մէջ հեղինակութիւն ամրագրած փրոֆ. Յարութիւն Արմէնեան երէկ «Ազդակ»-ի հիւրն էր: Տնօրէնութեան հետ կայացած շատ հետաքրքրական զրոյցին ներառուած էին կրթութեան, մամուլի, առողջապահութեան եւ արխիւային նիւթերու պահպանման ժամանակակից մեթոտներու վերաբերեալ այժմէական խնդիրներ:

Այցելութեան ծիրին մէջ «Ազդակ» հարցազրոյց մը կատարեց Յարութիւն Արմէնեանին հետ, սակայն այս անգամ տարբեր բնոյթի: Արդարեւ, մեր զրոյցին առանցքն էր Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունենալիք Յարութիւն Արմէնեանի ջրաներկով գծուած գործերուն ցուցահանդէսը, որուն բացումը պիտի կատարուի այսօր` չորեքշաբթի, 14 նոյեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին:

Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի «Եու.Սի.Էլ.Էյ.» հանրային առողջապահութեան բաժանմունքի  ակադեմական ծրագիրներու տնօրէնի տեղակալ Յարութիւն Արմէնեան Լիբանան կը գտնուի Լիբանանեան համաճարակաբաններու կազմակերպութեան հրաւէրով` իբրեւ կազմակերպութեան համագումարի գլխաւոր բանախօսը: Ակադեմական իր կրթութեան եւ գործունէութեան կողքին Յարութիւն Արմէնեան սիրողական արուեստագէտ է, որեւէ պահու եւ որեւէ տեղ շրջապատէն կամ ներաշխարհէն իրեն փոխանցուած ներշնչումը կը յանձնէ թուղթին` նորանոր եւ տարբեր բնոյթի ստեղծագործութիւններու «շունչ փչելով»: Ան յայտնեց, որ ո՛ւր ալ երթայ, իր ջրաներկի տուփը կը հանդիսանայ իր անբաժան ընկերը, որովհետեւ որեւէ վայրկեան ան ներքին մղում կ՛ունենայ գծելու եւ պահը կամ բնապատկերը անմահացնելու իր պաստառներուն ճամբով:

«ԱԶԴԱԿ».- Հետաքրքրական է, որ ինչպէ՞ս ստեղծուած է ձեր ու արուեստին միջեւ այս սերտ կապը:

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՐՄԷՆԵԱՆ.- Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, երբ Լիբանան մութի եւ սեւի մէջ թաթխուած էր, այցելութիւն մը տուի եղբօրս տունը. հոն գտնուած պահուս, երբ մտայ եղբօրս զաւկին սենեակը,  տեսայ ջրաներկի տուփ մը. զայն առնելով պատշգամը ելայ` դիմացս ունենալով Միջերկրականը: Պաստառ մը գծեցի, ապա անդրադարձայ, որ արդէն ժամ մը անցուցած եմ այնտեղ. գծելը զիս ամբողջովին անջատած էր համայն աշխարհէն, պատերազմի վիշտէն եւ ճնշումէն: Չափազանց հանդարտեցուցիչ բան մըն էր:

Ես սիրողական նկարիչ եմ ու կը յուսամ այդպէս ալ մնալ: Օր մը, երբ Փոլ Կիրակոսեանը տեսաւ, որ  նկարելու փորձեր կ՛ընեմ, հարց տուաւ, թէ այսինչը ինչո՞ւ այդպէս ըրած եմ, ես սկսայ բացատրել, թէ օրէնքով այդպէս է  եւ այլն: Ան ըսաւ, որ նախընտրելի է հրաժարիմ օրէնքներէն, որովհետեւ արհեստավարժ նկարիչներուն հետ բաղդատելով ունիմ այն առաւելութիւնը, որ ոչ մէկուն հաշիւ ունիմ տալիք, չունիմ պարտաւորութիւններ, ազատ նկար է, սիրողական նկարիչ եմ ու կրնամ նորանոր ձեւերու դիմել: Խորքին մէջ նկարչութիւնը ի՛նք է, որ ինծի այդ ազատութեան տարած է, երբ կը գծեմ, կ՛անջատուիմ աշխարհէն եւ այդ վայրկեանի խորհուրդը ինծի առիթ կու տայ այդ խորհուրդին մէկ պատկերը մէջտեղ բերելու: Երբ կը նկարեմ, կը նշանակէ հանդարտութեան ու հանգստութեան պահ մը կ՛ապրիմ: Ինծի համար տեղը, պահը, վայրկեանը, շատ կարեւոր են, իսկ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունենալիք ցուցահանդէսը, որուն ընթացքին 90 գործեր պիտի հրամցուին արուեստասէրներուն, այդ վայրկեաններուն շարքն է, վայրերու շարքն է, որուն խորագիրը «Ճանապարհներ կեանքի ընթացքին» է: Ասոնք արուեստանոցներուն մէջ աշխատցուած գործեր չեն, այլ` աշխարհի տարբեր ուղղութիւններով կատարած ճամբորդութիւններուս ընթացքին պատկերուած նկարներ:

«Ա.».- Ըստ երեւոյթին ձեր կենսագրութեան ներկայացումն են ձեր նկարները:

Յ. Ա.- Այդպէս է, ճիշդ է: Պատկերազարդ կենսագրութիւն մը: Ըսեմ նաեւ, որ արդէն ունիմ երկու պատկերազարդ գիրքեր, որոնց մէջ պատկերն է, որ գրութիւնը թելադրած է: Մէկը նուիրուած է Արարատ բարձրանալուս վերաբերող յատկանշական պահերուն:

«Ա.».- Հետաքրքրական է նաեւ այն, որ ձեզի նման գիտական նիւթերով ապրող ու աշխատող մարդ մը ինչպէ՞ս կրցած է արուեստին այսքան տեղ տալ իր կեանքին մէջ եւ այդքան լաւ գործեր արտադրել:

Յ. Ա.- Ճեմարանի մէջ մեր ստացած կրթութիւնը տարբեր էր, մեզի համար առաջնահերթ էին գրականութիւնը, արուեստը, մշակոյթը, անոնք մաս կը կազմէին մեր կրթութեան: Արուեստն ու ստեղծագործութիւնը կեանքի հաճոյքներուն մաս կը կազմեն: Իմ մտքիս մէջ կեանքի հաճոյքներու դասաւորում մը կայ. առաջինը պարզ հաճոյքներն են, որոնք զգայարանքներուդ ճամբով կը ստանաս, երկրորդը չէզոք հաճոյքներն են, որոնց դուն չես մասնակցիր, բայց կ՛ընդունիս (պատկերասփիւռ, թատրոն եւ այլն), երրորդ աստիճանը, որ աւելի աշխուժ է, ընկերային բնոյթ ունի, բարեսիրական, կամաւորական գործը, եւ այլն, բայց հաճոյքներուն ամէնէն բարձր տեղը կը գրաւէ ստեղծագործական աշխատանքը: Հոն գիտութիւնն ու արուեստը կը միանան, տարբեր միջոցներով նոր բաներու ստեղծագործութիւնը կը կատարուի: Ստեղծագործութեան ընթացքին կը ստանաս տարբեր գոհունակութիւն, ստեղծուածին եւ ստեղծողին միջեւ տարբեր յարաբերութիւն մը կը ստեղծուի: Այս բուրգը կարեւոր է, եւ եթէ մարդ երջանիկ պիտի ըլլայ, այս չորս աստիճաններուն վրայ պէտք է իր ներդրումը ունենայ, այդ չորս աստիճաններուն վրայ կարենայ իր գոյութեան մէջ նշանակութիւն դնել:

«Ա.».- Ինչո՞ւ ջրաներկը ընտրած էք:

Յ. Ա.- Ջրաներկը իբրեւ արտայայտութեան միջոց` ի տարբերութիւն իւղաներկին, այլ է, որ վայրկեանի արտայայտութիւնը կ՛ըլլայ եւ սկիզբին ու վերջինին միջեւ տարբերութիւնը լոկ մէկ ժամ է միայն, ջրաներկը ինքնիր անակնկալները ունի: Ատոր համար է, որ նաեւ կեանքի ապրելակերպի ու աշխատանքի բերումով աւելի մօտ եմ ջրաներկին, ամիսներով մէկ գործի վրայ չեմ կրնար աշխատիլ, ինչ որ դրի թուղթին վրայ, այդ է, այդ մթնոլորտն է, այդ արտայայտութիւնն է, այդ ապրումն ու պահն է:

«Ա.».- Ձեր քանի՞երորդ ցուցահանդէսն է այս մէկը:

Յ. Ա.- Երկրորդ. նախորդ ցուցահանդէսս կազմակերպուած էր «Եու.Սի.Էլ.Էյ.» համալսարանին կողմէ, ուր շուրջ 70 գործ ցուցադրուած էր, անոնցմէ կէսը վաճառուեցաւ, մարդիկ սիրելով գնեցին նկարները, ոմանք նոյնիսկ 6-7 նկար վերցուցին: Վաճառքէն գոյացած եկամուտը տրամադրուեցաւ «Եու.Սի.Էլ.Էյ.»-ի համալսարանէն Հայաստան հետազօտութիւններ կատարել ուզողներուն յատկացուած ծրագիրին: Ըսեմ, որ Լիբանանի մէջ եւս ցուցահանդէսին եկամուտը պիտի տրամադրեմ Համազգայինի կրթական ծրագիրներուն:

Նշենք, որ ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ հինգշաբթի, 15 եւ ուրբաթ, 16 նոյեմբեր 2012-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:30:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )